ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մեծագոյն սպառնալիքը՝ բեւեռացում

Արդա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թեան իշ­խա­նու­թեան տա­րինե­րուն Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թեան մօտ նկա­տուող կա­րեւո­րագոյն վտան­գը բե­ւեռա­ցումն է։

Բռնա­պետու­թիւննե­րը մեծ ակնկա­լու­թիւններ ու­նին հա­սարա­կու­թիւնը բե­ւեռաց­նե­լէ։ Հա­մոզո­ւած են որ ըն­կե­րու­թեան մէջ ճա­կատումներ ստեղ­ծե­լով կ՚ամ­րապնդեն իրենց հա­ւատա­րիմ շար­քե­րը։

Ներ­կայ դրու­թեան մէջ հար­ցա­խոյզնե­րը յստակ պատ­մկերներ կը ներ­կա­յաց­նեն բո­լորիս։ Միշտ բա­ցառութիւննե­րը յար­գե­լով կրնաք ընդհա­նուր են­թադրու­թիններ կազ­մել։ Ի վեր­ջոյ այդ են­թադրու­թիւննե­րը յա­ճախ կ՚ար­տասնո­ւին իշ­խա­նու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ալ։ Օրի­նակի հա­մար «Ուսման մա­կար­դա­կը քա­նի բարձրա­նայ, կը նո­ւազի մե­զի զօ­րակ­ցողնե­րու հա­մեմա­տու­թիւնը»։

Այդ հաս­տա­տու­մը կու գայ Նա­խագահ Էր­տո­ղանի իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յացու­ցիչնե­րէն։

Նման երե­ւոյ­թը կա­րելի է դի­տել հա­սարա­կու­թեան տնտե­սական խա­ւերու մի­ջեւ։ Իշ­խա­նու­թեան վար­կը շատ աւե­լի բարձր է հա­սարա­կու­թեան հա­մեստ ու անա­պահով խա­ւերուն մէջ։ Անոաք որ կը դժո­ւարա­նան հա­նապա­զօրեայ հա­ցը ճա­րելու, կը շա­րու­նա­կեն հա­ւատա­րիմ մնալ այդ թշո­ւառու­թեան հե­ղինակ դար­ձած քա­ղաքա­կան միտ­քին։ Այդ միտ­քը նկա­րագ­րող քա­րոզ­չութիւնն ալ ուղղո­ւած է նոյն ինքն ամե­նաաղ­քատ դա­սակար­գին։ Հո­գաւո­րակա­նի պատ­մուճան հա­գած սա­տանա­ներ կը փոր­ձեն մարդկանց հա­մոզել թէ այս աշ­խարհի վրայ մատ­նո­ւած թշո­ւառու­թիւնը պի­տի պար­գե­ւատ­րո­ւին յետ­մա­հու, ար­քա­յու­թեան մէջ։

Ան­շուշտ որ Էր­տո­ղանի կու­սակցու­թիւնը այս բո­լորին գիւ­տա­րարը չէ։ Տար­բեր կրօնքնե­րէ մար­դիկ պատ­մութեան բո­լոր ժա­մանակ­նե­րուն եւ աշ­խարհի բո­լոր եր­կիրնե­րէ ներս լո­լոզո­ւած են նման խաբ­կանքնե­րով։

Սա­կայն այս բե­ւեռա­ցու­մը իր հետ կը ծնի նաեւ բռնու­թեան երե­ւոյթներ։ Կի­ներու դէմ բռնու­թիւնը, սպա­նու­թեան հաս­նող արարքնե­րը, եթէ այսպէս ըսել կա­րելի է, մշա­կու­թա­յին խոր ար­մատներ ու­նին։ Տհաս եւ ան­ճա­րակ տղա­մար­դիկ իրենց տկա­րու­թե­նէն բխած բազ­մաբնոյթ բար­դոյթնե­րը յա­գեց­նե­լու հա­մար կը բռնա­նան կա­նանց։ Անոնց դէմ իրա­ւունքներ կը վե­րագ­րեն իրենց, լոկ այդ պատ­ճա­ռաւ որ կը պատ­կա­նին արա­կան սե­ռի։

Ըն­կե­րու­թեան մէջ բռնու­թեան նոր հո­սանք մըն ալ կը ձե­ւաւո­րուի ու­սեալ զան­գո­ւածի դէմ։ Այդ զան­գո­ւածի ամե­նաաչ­քա­ռու կեր­պարնե­րէն են բժիշկնե­րը եւ տգէտ մար­դիկ ալ աւե­լի մեծ հպար­տութիւն կը զգան, երբ կը բռնա­նան բժիշ­կի մը դէմ։ Իրենց հա­մար պա­տուա­բեր է բժիշկ ծե­ծելը։ Ամ­բողջ կեան­քի ըն­թացքին բժիշ­կին դի­մաց ինքզինք ան­ճա­րակ զգա­ցած մար­դիկ հի­մա այս նոր հո­սան­քին մէջ գտած են իրենց բար­դոյթը յա­գեց­նե­լու մի­ջոցը։

Նա­խագահ Էր­տո­ղանի 14 Մարտ Բժշկա­գիտա­կան Տօ­նի նա­խօրեակին երկրի բժիշկնե­րու ուղղեալ նա­խատին­քով լե­ցուն ելոյ­թը պէտք է դի­տել այս շրջա­նակին մէջ։ Էր­տո­ղան այսպէ­սով կրկին ան­գամ ամ­րապնդեց իր ընտրող­նե­րը, որոնք կը ոգե­ւորո­ւին այս տե­սակի ար­տա­յայ­տութիւններ լսե­լով։

Նոյ­նիսկ իշ­խա­նափո­խու­թե­նէ ետք բա­ւակա­նին դժո­ւար պի­տի ըլ­լայ Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թեան մէջ գո­յացած բե­ւեռաց­ման վնաս­նե­րու վե­րացու­մը։

pakrates@yahoo.com