Մարդկային կենցաղի զարգացումները օրակարգի կը բերեն նոր որոնումներ։ Անոնցմէ կարեւորագոյնն է խոհանոցի մշակոյթը, որ հետզհետէ շատ աւելի մեծ զանգուածներու ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ Յատկապէս համավարակի պայմաններուն մէջ, երբ մարդիկ ստիպուեցան տուներու մէջ բանտարկուած մնալ, ընկերային ցանցերու վրայ անհամեմատելի կերպով բազմացաւ խոհանոցային բաղադրատոմսերու բաժանումը։
Այս երեւոյթին մէջ յայտնուած խիստ կարեւոր աշխատութիւն մըն էր Թագուհի Թովմասեանի հեղինակած հատորը՝ որ առտնի ճաշատեսակները կ՚իմաստաւորէր օրերու պատշաճութեամբ։
Թագուհի Թովմասեան յաջողած էր ճաշերու պատրաստման տոմսակներու ընդմէջէն ընտանիքի մը եւ հետզհետէ ազգի մը պատմութեան ակնարկներ արտադրել։
Համարեա նոյն ժամանակներուն, յատկապէս ալ Պոլսոյ նման բազմազգի ու բազմամշակոյթ մեծ քաղաքի մը մէջ մարդիկ սկսան իրենց հարեւան ազգութիւններու խոհանոցին հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու։ Կարծես անտեսուածներու յայտնաբերման նոր արշաւ մը կը ծագէր խոհանոցի միջոցաւ։
Ահա այսպիսի զարգացումներու հետեւանք է Թամար Թաշճըօղլուի իր գործընկերոջ՝ Էնկին Այմեթէի հետ յղացած նախաձեռնութիւնը, որ կ՚արտայայտուի «Եթէ սեղանները լեզու ունենան» խորագիրով։
Այսպէս անոնք մտադրած են հարեւանութիւնները բարեկամութեան վերածելու ձեռնարկին։ Այդ ձեռնարկը թէ աւանդականի, մեծ մայրիկներէ ժառանգուածի վերարտադրման կը ձգտի եւ թէ կը մղուի տարբեր մշակոյթներու նմանօրինակ սովորութիւնները իմանալու։
Երկու գործընկերներ անցեալին թէ առցանց հաղորդումներով եւ թէ կենդանի մասնակցութեամբ փորձած են հետաքրքիր զանգուածի մը ուշադրութեան ներկայացնել տարբեր ազգութիւններու խոհանոցները։ 27 Մայիս 2021 թուականին առցանց միջավայրին մէջ կայացած էր ասորի խոհանոցի մշակոյթին ձօնուած միջոցառումը։ Յաջորդաբար այս անգամ կենդանի մասնակցութեամբ մեծ կղզիի «Սբլենտիտ» հիւրանոցի մէջ տեղի ունեցաւ յոյն խոհանոցին ձօնուած նոյն բնոյթով միջոցառումը։
Ապա վրայ հասաւ Էտիրնէ քաղաքի մէջ երկօրեայ հանդիպում մը, որ այս անգամ կը կեդրոնանար հրեայ սաֆարատ խոհանոցի իւրայատկութիւններու վրայ։ Մէկտեղումներու արժանացած հետաքրքրութիւնները պարգեւեցին նոր միջոցառումներ, որոնց միջավայրը եղաւ «Գուզինա Գուզկունճուք» ճաշարանը, Սկիւտարի պատմական Քուզկունճուք թաղի մէջ։ Գուզկունճուք արդէն յատկանշական է իր բազմամշակութային կառոյցով։ Արդարեւ Վոսփորի ափին այս գիւղի մէջ հայոց եւ յոյներու եկեղեցիները, հրէից սինակոկը եւ մահմետականներու մզկիթը անմիջական հարեւանութեան մէջ կը գտնուին։
22 Մարտ երեքշաբթի ժամը 17.00-ին Թամար Թաշճըօղլու եւ Էնկին Այմեթէ անգամ մը եւս պիտի մէկտեղեն բոլոր այն հետաքրքիր խոհանոցասէրները, որոնց հետ զրուցելով պիտի պատրաստեն անցեալի բաղադրատոմսերէն ժառանգուած նոր համեր։
Հաճելի անակնկալ մըն է իմանալ թէ այս մէկտեղման իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Թագուհի Թովմասեան։