Գիրգոր Սահակօղլու համավարակի պարտադրած զրկանքներու եւ սահմանափակումներու շրջանին արտադրած գործերը 10 Մարտ թուականէն սկսեալ կը ցուցադրէ Գարագիւղ, «Կալերի 77» սրահին մէջ։
Ցուցահանդէսին առցանց հետեւիլ կարելի է նաեւ ցուցասրահի «ինսթակրամի» եւ «Եութուպի» հաշիւներուն միջոցաւ։
«Թուղթի Գործերը» գեղանկարիչի իր մատնուած դժուարութիւններուն տուած պատասխան մըն է նաեւ։ Այս գործերու իւրայատկութիւնը նախանիւթ ըլլալով թուղթի գործածութիւնն է։ Թուղթը նկարչութեան հնագոյն նախանիւթերէն մէկը ըլլալուն, Սահակօղլու այս աշխատանքները դիտած է ուրոյն տպագրութեան մը հասկացողութեամբ։
Երկրորդ աչքառու յատկութիւնն է բոլոր գործերուն քառակուսիով սահմանուած ըլլալու երեւոյթը։ Սահակօղլուի համաձայն քառակուսին կը մերժէ չափերը եւ թուանշանները։ Բոլոր կողմերով հաւասար է։ Մեծ է կամ փոքր, բայց ամենեւին անկիւններու եւ ուղղութիւններու առումով հաւասար։
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 1 Մայիս։