Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը մէկ հատորով եւ արեւմտահայերենէն արեւելահայերէն փոխադրութեամբ լոյս ընծայած է Շնորհք Արքեպիսկոպոս Գալուստեանի երեք առանձին մենագրութիւնները («Աստուածաշնչեան Սուրբեր», «Համաքրիստոնէական Սուրբեր» եւ «Հայազգի Սուրբեր») հետեւեալ ընդհանուր վերնագրի ներքեւ՝ «Սուրբեր. Աստուածաշնչեան,Համաքրիստոնէական, Հայազգի»։
Գիրքի մէջ ի մի բերուած են համաքրիստոնէական նշանակութիւն ունեցող հայ եւ օտարազգի սուրբերու վարքերը, սրբադասման հանգամանքները եւ անոնց հոգեւոր սխրանքները։ Հեղինակի կողմէ առանձին ներկայացուած են նաեւ տօնելի սուրբերու յիշատակութեան օրերը եւ տօնացոյցային այլ մանրամասներ, իսկ վերջը ներկայացուած է Հայոց եկեղեցւոյ տօնացոյց անցած սուրբերու այբբենական բառարան։
Աշխատութիւնը իր բնոյթով գիտահանրամատչելի է, իսկ վերոնշեալ երեք գիրքերու ողջ նիւթը մէկ հատորի մէջ ամփոփելը այն կը դարձնէ համաքրիստոնէական սուրբերու մասին հանրագիտարանային հատոր։
Արեւմտահայերէն բնագիրը արեւելահայերէնի վերածուած է Լիլիթ Յակոբեանի կողմէ։