Անհաւատալիօրէն շատ են այն երեւոյթները, որոնք մեզի կը յիշեցնեն չափազանցութիւն բառը։ Թուրքիոյ ընկերաքաղաքական դաշտին մէջ տիրող բեւեռացումը յաճախ տեղի կու տայ չափազանցութիւններու։ Ու երբ կ՚անցնինք տրամաբանութեան չափ ու սահմանը, խօսքն ալ ինքնաբերաբար կը կորսնցնէ իր կշիռը։
Իշխանութիւնը եւ անոր զօրակցող գրիչները, լոկ այդ զօրացկութեան սիրոյն դիւրաւ կը դիմեն տրամաբանութենէ հեռու չափազանցութիւններուն։ Կը ստեղծեն կարծեցեալ թշնամիներ, որպէսզի արդարացնեն սպառազինման համար իրենց վատնած հսկայ գումարները։ Իբրեւ թէ երկրի անվտանգութեան համար, օդային պաշտպանութեան համար, իսկ իրականութեան մէջ տարածքաշրջանի վրայ վախ ու սարսափ յառաջացնելու համար կը մսխեն հասարակ մարդկանց օրապահիկէն յափշտակուած աստղաբաշխային գումարներ։
Իշխանութիւններու եւ անոնց քարոզչութեան հետեւանքով ալ հասարակութեան որոշ մէկ հատուածը մեծ ոգեւորութեամբ կը տարուին այդ չափազանցութենէ։ Օրուայ սնունդը ճարելու դժուարութեան մատնուած ժողովուրդը կը լոլոզեն աշխարհի մեծագոյն օդակայանով, ամենամեծ կամուրջներով կամ ամենահսկայ հիւանդանոցներով։ Իբրեւ քարոզչութեան նիւթ ժողովուրդին կը ներկայացնեն այդ հսկայ շէնքերը, բարձրայարկ շինութիւնները, բազմաշերտ ճանապարհները, երկնագերները։ Այդ ընելով կը յուսան թէ սեփական ինքնաշարժին բենզին լեցնելէ անկարող, այդ երկնագերներուն փոխարէն ջեռուցումէ զուրկ խրճիթներու մէջ ապրողները պիտի ոգեւորուին երկրի նուաճումներով։
Հասարակութեան կարեւոր մէկ համեմատութիւնը միամիտօրէն կ՚ազդուի այս քարոզչութենէն։ Հարցախոյզներու արդիւնքները կ՚ապացուցեն թէ իշխող կառավարութիւնը ամենաանպաստ պայմաններու տակ իսկ կը վայելէ ընտրողներու աւելի քան 35 տոկոսի համակրանքը։ Ընկերագէտներ կը դժուարանան յատկապէս հասարակութեան տուժած զանգուածներու այդ ենթակայութիւնը բացատրելու։
Գիտնականի համար դժուար եղածը թերեւս աւելի դիւրին է մտաւորականի, մանաւանդ ալ գրողներու համար։ Ի վերջոյ անուանի երգիծաբան Ազիզ Նեսին անվարան յայտարարած էր թէ Թուրքիոյ բնակչութեան 60 տոկոսը յիմարներէ կը բաղկանայ։ Տեղին է Նեսինի այդ բացատրութիւնը, բայց թերի։ Թերութիւնը կու գար վիճակագրութիւնը Թուրքիոյ հետ սահմանած ըլլալու երեւոյթէն։ Կ՚արժէ հարցնել թէ այդեօք նոյն աստիճանի յիմարներու բնակչութեան մէջ կազմած համեմատութիւնը ինչ է, օրինակի համար Միացեալ Նահանգներու մէջ, օրինակի համար Հայաստանի կամ Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ։ Նման լոլոզումներ արդեօք այդ երկիրներու մէջ ալ կ՚ունենա՞ն հաւանական գնորդներ։
Վրան բաւականին մտածելու արժանի հարցում մըն է այս, որուն պատասխանը ենթադրական պիտի ըլլայ։ Նոյնիսկ պատահարները բաւարար պիտի չըլլան սխալ ընթացքէն սթափելու համար։ Կարծես բոլորիս միասնական յոյսը պիտի ըլլայ սթափելու համաշխարհային այն երեւոյթը որ ինքնին պիտի յաջողեցնէ գիտակցութեան գալու եւ այս շեղ ընթացքը վերստին ու մարդավայել հունի մը մէջ դնելու համար։
Եթէ յոյսը կապեցինք հոս, ուրեմն ձայնակցինք աշուղ Ճիւանիի խօսքերուն եւ յուսանք թէ «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՚երթան, վհատելու չէ վերջ կ՚ունենան, կու գան ու կ՚երթան»։