8Մարտ Կանանց Միջազգային Տօնը Հայաստանի Հանրապետութեան համար ոչ աշխատանքային օրերէն է։ Արդարեւ Հայաստանէ ներս կանայք օրը կ՚ապրին տօնական մթնոլորտի մէջ։ Անշուշտ Հայաստանի համար ալ վիճելի նիւթերէն է երկրի մէջ կանանց հասարակութենէ ներս ապրած խտրականութիւնը։
Իսկ Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւնները մեծ մտահոգութեան կը մատնուին Մայիս 1-ի եւ Նեւրոզի նման տօնական օրերուն։ Վերջին տարիներուն Մարտի 8-ն ալ նոյն մտահոգութիւններով արգիլեալ օր կը դառնայ Թուրքիոյ մէջ։ Այս տարի ալ գլխաւորութեամբ Իսթանպուլի Կուսակալութեան, իշխանութիւնները բացարձակապէս արգիլեցին կիներու 8 Մարտեան հանրահաւաքները։ Սակայն նման արգելքի յայտարարութիւնը ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի ալ անզօր մնաց կանանց վճռակամութեան դիմաց։
Իրականութեան մէջ Մարտի 8-ի հանրահաւաքները բառին բուն իմաստով տօնական մթնոլորտ կը ստեղծեն, որուն մէջ հեգնանք ու ծաղրանքն ալ չի պակսիր իշխանութիւններու հասցէին։ Տակաւին քանի մը օր առաջ էր որ դատավարութիւնը կայացաւ նախորդ 8 Մարտին նախագահին անարգելու մեղադրանքով մօտ երկու տասնեակ կանանց հանդէպ։ Կանայք կը մեղադրուէին երաժշտական կշռոյթով ցատկռտելու միջոցաւ նախագահը անարգելով։
Այս տարի ալ ոստիկանութիւնը ցերեկուայ ժամերէն արգելափակած էր Թաքսիմի հրապարակ ելլող բոլոր փողոցները։
Փակուած էր հրապարակ ելլող մեթրոյի եւ հանրաշարժի կայարանները։ Սակայն այս բոլորը արգելք չեղան 8 Մարտը երեկոյեան երթով մը տօնելու սովորութիւնը որդեգրած կիներուն համար։
Անոնք հրապարակի յարակից զանազան վայրերու մէջ մէկտեղուեցան եւ կրկնեցին իրենց ցատկռտուկի վանկարկումը։ «Ցատկէ՛ չցատկողը Թայյիպ է»։ Այս պայմաններու մէջ ոստիկանութիւնը իր բոլոր կարողութիւնը ի գործ կը դնէր տարբեր կէտերու վրայ մէկտեղուած կիներու իրարու միանալը կանխելու համար։
«Ակօս»ի թղթակից Իշխան Էրտինչ ցոյցերուն հետեւելով հետաքրքրական դրուագներ կը փոխանցէ։ Էրտինչի վկայութեամբ ցոյց կազմակերպող կիներ իրենց դէմ պատնէշ կազմած կին ոստիկաններուն կ՚առաջարկէին ձերբազատուիլ ոստիկանական համազգեստէն եւ միանալ իրենց։
Այսպէս 8 Մարտ մը եւս անցաւ պետութեան անհանդուրժողութիւնով, կիներու վճռակամութեամբ եւ շնչուած օդը թունաւորող արցունքաբեր կազերով ու հրմշտուքով։