Ռուսիոյ Դաշնութեան Ուքրաինոյ ուղղուած յարձակումով մեկնարկած պատերազմը արդէն լրացուց երկու շաբաթը։ Երկու կողմերու հաշուոյն ալ բաւականին սուղ կը թուի պատերազմի պատճառած աւերը։ Իրենց հայրենի երկիրը լքելով հարեւան երկիրներ ապաստանած ուքրաինացիներու թիւը ՄԱԿ-ի տուեալներով արդէն հասած է երկու միլիոնի։ Նշենք որ այդ թիւին մէջ են նաեւ Ուքրաինա բնակող հայերը, որոնցմէ քաղաքացիութիւն ունեցողները ուղղուած են դէպի Լեհաստանի սահմանը, իսկ Հայաստանի քաղաքացիութիւնը պահպանողները կ՚ուզեն վերադառնալ Հայաստան։
Զոհուած զինուորներու մասին տուեալները բաւականին հակասական են, քանի որ կողմերը կը փորձեն կարելի եղածին չափ չափազանցել հակառակորդի կորուստները եւ փոխարէնը նուազեցնել իր զոհերը։
Այսպէս ուքրաինական շրջանակներ կը պնդեն թէ Ռուս բանակի զոհերը հասած են 10 հազարի։ Թիւ մը որ՝ Ռուսիոյ պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն կը հաշուըուի 500։ Ի զուր չէ այն հաստատումը, ըստ որու պատերազմի ընթացքին նախ ճշմարտութիւնն է որ կ՚անհետանայ։ Սակայն անդին կայ ակներեւ իրողութիւն մը, ուր կը տեսնենք կործանած շէնքեր ու քաղաքներ։
Որոշ է որ ներկայ ժամանակներուն նման պատերազմները սահմանուած պիտի չըլլան միայն պատերազմող երկիրներով։ Անդին պատերազմի ազդեցութիւնը զգալի պիտի ըլլայ աշխարհի բոլոր երկիրներուն համար։ Թուրքիա ալ ծանրօրէն կ՚ազդուի հարեւան երկրի մէջ բռնկած պատերազմէն, երբ այդ երկրի հետ ունէր բազմաթիւ կենսական նիւթերու առեւտուր մը։ Արդէն ներքին շուկան ողողուած է տարրական բազում նիւթերու բացակայութեամբ կամ սղաճով։ Այս պայմաններու տակ կը գումարուի նաեւ Անթալիոյ Դիւանագիտական Համագումարը, որ եթէ ոչ ուղղակի, գոնէ անուղղակի երկխօսութեան գետին մը կրնայ դառնալ։