Հայաստանի մարմնամարզիկներ մետայլներ նուաճեցին Պալքանեան մրցումներու ընթացքին։
Հայաստանի Ղապանի շրջանէն մասնակցող Լեւոն Աղասեան երեք քայլով ոստումի մէջ արձանագրելով 16մ. 25 սմ.-ի մրցանիշով արժանացաւ ոսկեմետայլի։
Պալքանեան երկիրներու սահմանումով մեկնարկած մրցաշարքը հետզհետէ ընդլայնեցաւ այլ երկիրներէ մասնակցողներով։ Աթագիւղի մարմնամարզի դահլիճին մէջ կայացող Պալքանեան 27-րդ մրցումներուն մասնակցեցան 19 երկիրներէ ժամանած 250 մարզիկներ Գրիգոր Բարսեղեանի գլխաւորած Հայաստանի մարզիկներու խումբի մարզիչն էր Արսէն Պետրոսեան։
Հայաստանի հաւաքականին մէջ կը նշուէր Ռազմիկ Մկրտիչեան, Ռոման Ալեքսանեան, Գոռ Յարութիւնեան, Գայանէ Ճիլոյեան, Էլէնա Ալավերտեան եւ Եանա Սարգսեան։
Հայաստանի խումբէն մետայլ նուաճող երկրորդ անունը եղաւ Երունադ Մկրտիչեան, որ 1500 մ. վազքին մէջ վազքուղին 3,46 րոպէով աւարտելով արժանացաւ արծաթեայ մետայլի։