Երիտասարդ լրագրող, Սարիկ Սեւադան աշխատած է սփիւռքի նախարարութիւնը։ Նախարարութեան մէջ, նաեւ «Հայերն այսօր» պարբերականին աշխատած ժամանակ շփուած է բազմաթիւ սփիւռքահայերու հետ։ Անոր յօդուածներու հերոսները պարզ ու շիտակ, յաճախ կեանքի դժուարին դպրոց անցած սփիւռքահայեր են, որոնցմէ շատերու հետ Սարիկը ձեւաւորած է մտերմիկ յարաբերութիւններ, ուսումնասիրած ու գրի է առած անոնց՝ յաճախ դժուարին կեանքէն վերցուած դրուագները։ Անոնք այսօր արժեքաւոր յուշագրութիւն դարձած են։ «Նիդերլանդական օրագիր»ի թղթակիցը Նիդերլանդներու մէջ հանդիպած է Սարիկ Սեւադային եւ զրուցած անոր հետ։
Սարիկ, բարով եկած էք Նիդերլանդներ։ Ընթերցողի սեղանին է «Հայի հետքը սփիւռքում» նոր լոյս տեսած գիրքը։ Ինչպէ՞ս ծնաւ գրքի գաղափարը։
Գրքի գաղափարը, եթէ անկեղծ ըսեմ, միանգամից ծնաւ։ Ես միշտ հետաքրքրուած եմ սփիւռքով, սփիւռքաբնակ հայրենակիցներով, անոնց գործունէութեամբ եւ հայապահպանութեան համար կատարած գործով։ Այս ամէնը առիթ հանդիսացան, որ սկսիմ նոր նախաձեռնութեան՝ հայրենանուէր հայերուն համախմբել գրքի մը մէջ՝ «Հայի հետքը սփիւռքում»։
Հետք, որը պատմութեան դառն էջերէն յառաջացած է, բայց այսօր, այդ հետքը շատ փոփոխութիւններու ենթարկուած։ Ան ապրեցնող, շունչ տուող հետք է այսօր, կռիւ տուող, պայքարող հետք է...
Ի՞նչ չափանիշներով ընտրած էք հերոսներուն։
Յատուկ չափանիշներ չկան։ Սփիւռքի նախարարութան աշխատանքային տարիներուն սփիւռքաբնակ հայրենակիցներու հետ ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւնները թոյլ տուին ճանաչելու այն հայրենանուէր հայերուն, որոնք իրենց գործով հայու հետք կը թողուն, օտար շրջանակի մէջ ճանաչելի կը դարձնեն հայու լաւագոյն տեսակը։
Որո՞նք են ձեր հերոսները։
Իմ հերոսները սփիւռքի մէջ հայապահպան մարտիկներն են, որւնք ամենօրեայ պայքարի մէջ են՝ հայ մնալու համար։ Ես, Հայաստանցի ըլլալով չեմ զգացած մի շարք նրբութիւններ սփիւռքաբնակ հայերու կենցաղավարման վերաբերեալ։ Պէտք է տեսնես այն, որոշ ժամանակ բնակուիս որեւէ օտար պետութեան մէջ, նոր ինքդ քո մէջ վերլուծես այն դժուարութիւնները, որոնք առկայ են այսօր։
Եթէ անդրադառնամ հերոսներուն, ապա շատ բազմերես պատկեր կ՚ունենանք, հիմնականին համայնքային, միութենական մարդիկ են, գործարարներ, մշակութային գործիչներ, որոնք իրենց գործով եւ հայու տեսակով հետք թողած են սփիւռքահայ իրականութեան մէջ։
Ձեր առաջին գրքի՝ «Հայրենադարձի աչքերով» ժողովածուի շնորհանդէսը կայացած է դեռ 2020 թուականին։ Այն դրական արձագանգ ունեցաւ ոչ միայն Հայաստանէ ներս՝ նաեւ սփիւռքի հայութեան շրջաններուն։ «Հայի հետքը սփիւռքում» գիրքը՝ երկրորդն է, որու շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ այստեղ՝ Նիդերլանդներուն մէջ։ Ինչու՞ մեզ մօտ, կիսուէք խնդրեմ տպաւորութիւններով։
Այո, գրքիս շնորհանդէսը կայացաւ Նիդերլանդներու ամենահայաշատ՝ Ալմելօ քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպենկեան» սրահը։ Հրաւէրը եւ կազմակերպչական աշխատանքները իրականացած են Դեն Բոսի «Կոմիտաս» միութեան կողմէ՝ ի դէմս միութեան նախագահ տիկին Մարօ Քառեանի, որ նաեւ գրքիս հերոսներէն մէկն է։ Կ՚ուզեմ առիթէն օգտուիլ եւ իմ խորին շնորհակալութիւնը յայտնել իրեն, «Կոմիտաս» միութեան անդամներուն՝ «Սփիւռքը Հայաստանին լաւագոյնս ճանաչելի դարձնելու գործին ունեցած աւանդի համար» շնորհակալագրին արժանի տեսնելուն համար։ Ան ինծի համար շատ պարտաւորեցնող է, եւ միաժամանակ քաջալերող, քանի որ գնահատուած կը զգաս, քո աշխատանքը ստացուած կը համարես, եւ այդ կ՚ըլլայ ոչ թէ այս կամ այն գրասենեակի կամ նախարարութեան կողմէ, որոնց անդաւաճան աշխատելաոճը միշտ կը մնայ նոյնը՝ ուղղորդուած, միջնորդաւորուած, այլ կ՚ըլլայ 100% արդար ու անկողմնակալ սկզբունքով, գործելաոճով եւ ամենակարեւորը՝ սփիւռքի կողմէ։
«Հայի հետքը սփիւռքում» գիրքը ի՞նչ տուաւ ձեզի։
Տուած է աւելի ինքնավստահութիւն, համարձակութիւն, ներքին կարողութիւն, որ կրնաս քեզ թոյլ տալ մտնելու վտանգաւոր դաշտ մը, ուր կայ շատ ընելիքներ, շատ զգոյշ գործելաոճով առաջնորդուելու հմտութիւն։ Ամէն մի նոր աշխատանք ընելուս՝ ես ունիմ մի սկզբունք, որը նաեւ կը համարեմ իմ կեանքի կարգախօսը՝ միշտ պէտք է գերազանցես ինքդ քեզ... Երբեք պէտք չէ այնպէս ըլլայ, որ նոր աշխատանքդ որեւէ իմաստով զիջի նախապէս ըրածիդ... սա հեշտ գործ չէ...
Մօտակայ ի՞նչ ծրագիրներ կը նախատեսէք։
Մարտի 13-ին՝ կիրակի օրը, տեղի կ՚ունենայ նոյն գրքիս յաջորդ շնորհանդէսը այս անգամ Պելկիա՝ Պրիւքսելի «Հայ Տուն»ը։ Ապրիլին շնորհանդէսներ նախատեսուած են Ֆրանսա, Իսպանիա եւ Գերմանիա, որոնք տակաւին մշակման փուլին են։ Նաեւ ունիմ սփիւռքի հետ կապուած երկու նոր նախագիծ՝ բայց հիմա փակագիծը չբանամ, քանի որ աշխատանքային ընթացքին մէջ են. ժամանակը ամէն բան տեսանելի կը դարձնէ...
Ձեզ յաջողութիւն եւ ստեղծագործական վերելք կը մաղթեմ՝ յետագայ ձեր գործունէութեան ընթացքին։
Անչափ շնորհակալ եմ։