Թուրքիոյ աքսորեալ մտաւորականութեան նախաձեռնութեամբ, 6-7 Մարտ թուականներուն Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ կայացաւ «Ժողովրդավարութեան եւ Ազատութեան Համագումար» անուն ժողովը։
Նոյն խորագրով աւելի քան 2,5 տարի առաջ ալ կայացած էր նման մէկտեղու մը, այդ իսկ պատճառաւ ալ այս վերջինը կոչուեցաւ երկրորդ հանդիպում։
Փրոֆ. Նեշէ Էօզկենի եւ պոլսահայ լրագրող Հայքօ Պաղտատի արտասանած բացման ճառերէ ետք մեկնարկեց երկօրեայ համագումարը, որ ի մի կը բերէր Եւորպայի զանազան երկիրներէն եւ Թուրքիայէն բազմաթիւ ընդդիմադիր ակադեմականներ, լրագրողներ ու մտաւորականներ։
Համագումարի առաջին նիստը կը կրէր «Վնասի ստուգում» խորագիրը եւ ժողովավարն էր Տոքթ. Լաթիֆէ Աքեիւզ։ Այս նիստին իրենց զեկոյցները ներկայացուցին «Ակօս»ի սիւնակագիր Պասքըն Օրան, Ճենկիզ Աքթար, Եւորպայի Ալեւիներու եւ Պեքթաշիներու Խորհուրդի պատուոյ նախագահ Թուրկութ Էօքէր, ՀՏՓ-ի պատուոյ նախագահ Էրթուղրուլ Քիւրքչիւ, Ազատ Իրաւաբաններու Միութեան համանախագահ Պիւնյամին Շեքեր, Իսթանպուլի Համաձայնութեան Արշաւի ներկայացուցիչ Քիւպրա Տերին եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Եիղիթ Աքսաքօղլու։
Այս նիստի ատենախօսները ընդգծեցին մենատիրական վարչակարգի պետական համակարգի վրայ գոյացուցած ժխտական ազդակները։
Առաջին օրուայ երկրորդ նիստին խորագիրն էր «Ելքի միջոց»։ Այս խորագրի ներքեւ կարգաւ խօսք առին Հանրապետական Կուսակցութեան պատգամաւոր Սեզկին Թանրըքուլու, Մայր Հայրենիք կուսակցութեան նախկին նախագահ Նեսրին Նաս, Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան պատգամաւոր Մեհմետ Ռիւշտու Թիրյաքի, հակաքափիթալիստ մահմետականներու ներկայացուցիչ Իհսան Էլիաչըք (Էլիաչըք երկրէ հեռանալուն արգելք ունենալուն, իր զեկոյցը ներկայացուց առցանց դրութեամբ), լրագրող Եաւուզ Պայտար, Կանանչներ Ձախ Կուսակցութեան համանախագահ Այշէ Էրտեմ։
Նիստի Ժողովավարն էր Թուրքիա-Գերմանիա Մշակութային Ֆորումի բանբեր եւ վաւերագրական ֆիլմերու նկարահան Օսման Օքքան։
Այդ նիստին ատենախօսները անդրադարձան Թուրքիոյ ներկայ պայմաններուն, ընդգծելով դատական համակարգի քաղաքականացման, մամուլի իշխանութեան քարոզչամեքենայի վերածման, խորհրդարանի լիազօրութիւններու սահմանափակման, ակադեմական անկախութեան վերացման, հասարակութեան բեւեռացման, ընդդիմադիր կուսակցութիւններու կազմած դաշինքներուն եւ գործող կառավարութեան պատճառած ընկերային, տնտեսական ու բնապահպանման աւերները յաղթահարելու միջոցներուն։
Շաբաթ օր յետմիջօրէին կայացաւ երրորդ նիստը, որուն խորագիրն էր «Ապագան կերտել»։ Ժողովավար Ճան Տիւնտար «Ինչպէ՞ս պիտի ապահովենք հասարակական համերաշխութիւնը։ Պիտի կրնա՞նք ներել զիրար» հարցումները ուղղելով նշեց պետական կառոյցներու ենթարկուած իմաստազրկութիւնը։ Ան նշեց թէ ոստիկանութիւնը բռնատիրութեան գործիքը վերածուած է, ապա զեկուցելու կոչ ըրաւ ատենախօսներուն։
Այս նիստին զեկուցողներն էին դիւանագէտ Ռըզա Թիւրմեն, Փրոֆ. Նորա Շենի, գրող Ասլը Էրտողան, ՀՏՓ-ի պատգամաւոր Թիւլայ Հաթիմօղլուլլարը, քաղաքագէտ Հաթիփ Տիճլէ, ՀՏՓ-ի պատգամաւոր եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Էօմեր Ֆարուք Կերկերլիօղլու ու Պողազիչի Համալսարանէն կառավարութեան նշանակած տեղապահ տեսուչի կողմէ պաշտօնազրկուած ակադեմական Ճան Ճանտան։
Շաբաթօրեայ այս երեք նիստերէն ետք համագումարը շարունակուեցաւ նաեւ 6 Մարտ կիրակի օր կայացած նիստերով, որոնք միասնաբար կը պարզէին Թուրքիոյ այժմու համայնապատկերը եւ կը փորձէին հաւանական իշխանափոխութենէ մը ետք վերակերտման միջոցները որոնելու։
Համագումարի մասին տեղեկութիւնները պիտի շարունակենք թերթիս յաջորդ թիւով եւս։