Հանդիպում հայ բարեկամներու հետ

ՏՈՂԱՆ ԷՕԶԿԻՒՏԵՆ

86ամեայ կեան­­քիս ամե­­­նազ­­­գա­­­­­­­ցական մի­­­ջոցա­­­ռումնե­­­րէն մէ­­­կու աւար­­­տին, հայ աք­­­սո­­­­­­­րեալ բա­­­րեկամ­­­նե­­­­­­­րուս հետ ապ­­­րած երե­­­կոյ­­­թի յա­­­ջոր­­­դին կը գրեմ այս տո­­­ղերը։

Եւ­­­րո­­­­­­­պայի մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քին մէջ հա­­­մարեա կէս դար միատեղ պայ­­­քա­­­­­­­րած «Պել­­­ժիոյ Տե­­­մոք­­­րաթ Հա­­­յերու Միու­­­թիւն»ը որո­­­շած էր մեր աք­­­սո­­­­­­­րեալու­­­թեան յիս­­­նա­­­­­­­մեակի առ­­­թիւ յա­­­տուկ մի­­­ջոցա­­­ռում մը կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պել։ Հա­­­մավա­­­րակի ար­­­գելքնե­­­րով յե­­­տաձ­­­գո­­­­­­­ւած այդ հան­­­դի­­­­­­­պու­­­մը կա­­­յացաւ նա­­­խորդ շա­­­բաթ երե­­­կոյ։

Միու­­­թեան անու­­­նով Տոքթ. Պօ­­­ղոս Եալը­­­մի ժո­­­ղովա­­­վարու­­­թեամբ ըն­­­թա­­­­­­­ցող մի­­­ջոցառ­­­ման ըն­­­թացքին նախ ցու­­­ցադրուեցաւ լրագ­­­րող Նա­­­զըմ Ալփմա­­­նի պատ­­­րաստած «Հայ­­­րե­­­­­­­նազուրկ հայ­­­րե­­­­­­­նասէ­­­րը» վա­­­ւերագ­­­րա­­­­­­­կան ֆիլ­­­մը, ֆրան­­­սե­­­­­­­րէն ներքնագ­­­րով։ Ֆիլ­­­մը կը նկա­­­րագ­­­րէր իմ ու Ին­­­ճիի տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րու հո­­­լովոյ­­­թով ապ­­­րած զրկանքնե­­­րը։

Այդ գի­­­շեր իմ զե­­­կոյ­­­ցը իրա­­­կանու­­­թեան մէջ մտեր­­­միկ զրոյց մըն էր հայ բա­­­րեկամ­­­նե­­­­­­­րուս հետ, որոնց մատ­­­նուած ծանր տա­­­ռապան­­­քին շատ ուշ գի­­­տակ­­­ցած էի։ Իմ ծնած ու հա­­­սակ առած երկրիս մէջ, Օս­­­մա­­­­­­­նեան Կայսրու­­­թեան շրջա­­­նին գոր­­­ծադրո­­­ւած ու ապա հան­­­րա­­­­­­­պետա­­­կան տա­­­րինե­­­րուն ալ յա­­­մառօրէն ու­­­րա­­­­­­­ցուած, ժխտո­­­ւած ու մեր­­­ժո­­­­­­­ւած ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան գի­­­տակ­­­ցե­­­­­­­ցայ հա­­­զիւ Եւ­­­րո­­­­­­­պա գա­­­լէ ետք։ Իմ տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րով ծա­­­ռայած թուրք ձա­­­խակող­­­մեան շար­­­ժումն ալ իր լուրջ թե­­­րացու­­­մը ու­­­նի այս ան­­­տեսման մէջ։ Անոնք ալ մին­­­չեւ Հրանդ Տին­­­քի 2007 թո­­­ւակա­­­նի սպա­­­նու­­­թիւնը, տգի­­­տու­­­թեամբ կամ գի­­­տակ­­­ցա­­­­­­­բար լռու­­­թիւն պա­­­հած էին այս խնդրին հան­­­դէպ։ Ես այս դառն իրո­­­ղու­­­թեան հետ առե­­­րեսո­­­ւեցայ 12 Մարտ 1971-ի զի­­­նու­­­րա­­­­­­­կան յե­­­ղափո­­­խու­­­թե­­­­­­­նէ ետք եր­­­կի­­­­­­­րը լքե­­­լով Եւ­­­րո­­­­­­­պա ապաս­­­տա­­­­­­­նելէ վերջ։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ այդ օր իմ զե­­­կոյ­­­ցի առանցքն ալ այդ խոս­­­տո­­­­­­­վանու­­­թիւնը կազ­­­մեց։

Հայրս եր­­­կաթգծի աշ­­­խա­­­­­­­տող էր եւ իր պաշ­­­տօ­­­­­­­նին բեր­­­մամբ մեր ըն­­­տա­­­­­­­նիքը յա­­­ճախ բնա­­­կեցաւ զա­­­նազան վայ­­­րեր։ Իմ նա­­­խակրթա­­­րանի ուսման տա­­­րինե­­­րուն ալ որոշ ժա­­­մանակ ապ­­­րե­­­­­­­ցանք Կե­­­սարիոյ Մունճո­­­սուն գիւ­­­ղը։ Ես շատ ուշ, հա­­­զիւ Եւ­­­րո­­­­­­­պա գա­­­լէ ետք իմա­­­ցայ թէ գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րով բնա­­­կեցուած Մունճու­­­սունը ան­­­ցեալին հա­­­յաբ­­­նակ գիւղ մը եղած է։ Հա­­­զիւ ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թե­­­­­­­նէ ետք է որ այդ գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րը բնա­­­կեցո­­­ւած են հոն։ Պե­­­տու­­­թեան քա­­­րոզ­­­չա­­­­­­­մեքե­­­նան յա­­­ջողած է թրքաբ­­­նակ վայ­­­րե­­­­­­­րէ ներս ան­­­ցեալի բո­­­լոր յու­­­շե­­­­­­­րը մո­­­ռացու­­­թեան տալ։

Զե­­­կոյ­­­ցի աւար­­­տին, հար­­­ցում- պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նի հանգրո­­­ւանէ ետք Պել­­­ժիոյ Հայոց Տե­­­մոք­­­րա­­­­­­­թական Միու­­­թիւնը իմ ու Ին­­­ճիին հա­­­մար պատ­­­րաստած էին իմաս­­­տա­­­­­­­լից նո­­­ւէր մը։ Ծա­­­նօթ մտա­­­ւորա­­­կան Յով­­­սէփ Հայ­­­րե­­­­­­­նի զա­­­նազան լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րէ փո­­­խառո­­­ւաղ բա­­­ռերով որ­­­մազդ մը պատ­­­րաստած էր, ուր կ՚ող­­­ջունո­­­ւէր մեր բո­­­լոր տա­­­ռապող­­­նե­­­­­­­րու հան­­­դէպ ցու­­­ցա­­­­­­­բերած հա­­­մակ­­­րանքը եւ զօ­­­րակ­­­ցութիւ­­­նը։

Երախ­­­տա­­­­­­­պարտ ենք մեր հայ բա­­­րեկամ­­­նե­­­­­­­րուն։ Նման մի­­­ջոցա­­­ռում մը կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պե­­­­­­­լով եւ այս իմաս­­­տա­­­­­­­լից նո­­­ւէրով գօ­­­տեպնդե­­­ցին ու խթա­­­նեցին նոյ­­­նիսկ յա­­­ռաջա­­­ցած տա­­­րիքի մէջ ալ ըլ­­­լայ, մեր տա­­­րած հա­­­մամարդկա­­­յին պայ­­­քա­­­­­­­րը։

(Ար­­­թը Կեր­­­չէք, 7 Մարտ 2022)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ