Հայր Լեւոն կը մնայ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր

Նախորդ ուրբաթ օր «Մարմարա» օրաթերթը արձագանգելով Փարիզի յառաջ թերթի լրատուութեան իր ընթերցողներուն կը տեղեկացնէր թէ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի վիճակաւոր Արհիապատիւ Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեան հրաժարած է իր բոլոր պաշտօններէն։ «Մարմարա» Յառաջի այլ լրատուութիւնը կը փոխանցէր նշելով թէ կարելի չէ եղած այս լրատուութիւնը հաստատել Առաջնորդարանի շրջանակներէն։

Լուրը իսկապէս ալ ցնցիչ էր մանաւանդ, երբ կը հրապարակուէր Զէքիեան Գերապայծառի իր աթոռէն բացակայած մէկ պահուն։ Ապա շուտով պարզուեցաւ թէ Զէքիեան Սրբազան հրաժարած է ոչ թէ Պոլսոյ իր աթոռէն, այլ Մխիթարեան Միաբանութեան Պապական Պատուիակի իր պաշտօնէն, իբր հետեւանք այն հիմնական փոփոխութիւններուն՝ զորս Վատիկանի պատկան իշխանութիւնը, այսինքն Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը, կատարած էր վերջերս, Դեկտեմբերի ընթացքին, նախապէս՝ 2016 թուականի  Մայիսին Գերպ․ Զէքիանին շնորհուած իրաւոսութիւններուն նկատմամբ։ Այդ յոյժ պատասխանատու պաշտօնը Զէքիեան Սրբազան ջանացած էր կատարել ըստ բազմաց վկայութեան հնարաւոր լաւագոյն ձեւերով, արդէն զգալի բարւոքումներ յառաջացնելով թէ՚ տնտեսական, թէ մշակութային եւ թէ վանական հարթակներու վրայ։ Հանրութան ծանօթ մէկ ցայտուն օրինակ կրնանք յիշել՝ Հայ մամուլի նահապետը նկատուող պատմական «Բազմավէպ» հանդէսին չորս տարիներու բացին լրացումը 2020-2021 տարիներու ընթացքին։ Անկեղծօրէն անհասկնալի կը մնայ Վատիկանի պատկան իշխանութիւններուն առած որոշումը։ Գերպ․ Զէքիեան, որուն հարցումով դիմեցինք այս մասին, նախընտրեց չմէկնաբանել, “no comment”ի ծանօթ բանաձեւով։ 

Արդարեւ Առաջնորդարանը Պոլսահայ մամուլին ղրկած յայտարարութիւնով մը հերքած է Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդի կոչումէն հրաժարելու մասին տարածուած լրատուութիւնը։  

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ