Թրքերէն առակին համաձայն պատահարները շատ աւելի դաստիարակիչ են, քան խրատները կամ խորհուրդները։
Անգամ մը եւս կ՚ապրինք չար պատահարներ, որոնց պարզած իրողութիւնը չէինք կրնար համոզիչ կերպով փոխանցել։ Ամէն ինչ զարգացաւ ու պատահեցաւ համայն մարդկութեան աչքերուն առջեւ։ Համարեա ժամ առ ժամ հետեւեցանք Ռուսիոյ ներխուժումով մեկնարկած պատերազմին տանող գրգռիչ յայտարարութիւններուն։ Նախագահ Փութին բազում անգամներ յայտնած էր ՆԱԹՕ-ի դէպի իր սահմանները ծաւալումին դէմ դժգոհութիւնը։
1991-ին Խորհրդային Միութեան տարանջատումէն ետք սկզբունքօրէն իմաստազրկուած էր նաեւ Հիւսիս Ատլանտեան դաշինքը։ Ան հիմնուած էր Բ. Համաշխարհային պատերազէն ետք, Խորհրդային Միութեան դէպի Եւորպայի խորքերը ծաւալումը, կանխելու համար։ Ապա քանի մը տարուայ ընթացքին գոյացած էր հակակշիռ զինեալ կազմութիւն մը, որ կոչուեցաւ Վարշաւեան Ուխտ։ Խորհրդային Միութեան փլուզման հետ ինքնաբերաբար վերացաւ նաեւ Վարշաւեալ Ուխտը։ Իսկ ՆԱԹՕ փոխանակ վերանալու նոր պետութիւններու մասնակցութեամբ ալ աւելի ընդլայնեց իր ազդեցութեան գօտին։ Այս զարգացումը բնականաբար սպառնալիք մըն էր Ռուսիոյ հաշուոյն, քանի որ տեղադրուած բոլոր հրթիռները ուղղուած էին իր տարածքին։
Ռուսիա չէր կրցած կասեցնել ՆԱԹՕ-ի Լեհաստան, Պուլկարիա կալ Պալթեան երկիրներ ներխուժելը։ Բայց Վրաստան եւ Ուքրաինա հետզհետէ կարմիր գիծ մը գոյացուցին Փութինի հանդուրժողութեան համար։
Այս պահուն ամբողջ արեւմտեան աշխարհը կ՚անտեսէ այս գրգռութիւնը եւ ծանրօրէն կը մեղադրէ Ռուսիան անկախ պետութեան մը սահմանները ոտնակոխելուն համար։
Ներկայ դրութեան մէջ պէտք է ամէն ինչ գնահատել իր իրողութեան մէջ։ Փութին բոլորովին իրաւացի է ՆԱԹՕ-ի դէպի իր սահմանները ծաւալումը կանխելու խնդրին մէջ։ Իսկ ուքրաինացիներ նոյնպէս շատ արդար ու իրաւացի են, երբ իրենց երկիրը, քաղաքը, գիւղը ու վերջապէս հարազատ տունը արշաւողներու դէմ պաշտպանելու պահուն։ Ուրեմն մենք ալ պարտինք արդար ու իրաւացի ըլլալ մեր գնահատումներուն մէջ։ Պարտինք յայտարարել թէ նախորդ չորեքշաբթի երեկոյ մեկնարկած պատերազմը ՆԱԹՕ-ի դիտումնաւոր գրգռութիւններուն մէկ հետեւանքն է։
Այս տողերը բացարձակ չեն արդարացներ Փութինի բռնատիրական արարքները։ Ան նոր ժամանակներու յատուկ ամբոխավար բռնակալ մըն է, որ նպատակադրած է երբեմնի Ռուսիոյ Կայսրութիւնը վերակերտել։ Իսկապէս համաշխարհային մարդկութեան համար ցաւալի իրողութիւն է ԺԱ. դարու մէջ տեսնել Ռուսիոյ կամ Օսմանեան Կայսրութիւնները վերակերտելու կամ ծովից ծով Հայաստանի մը տիրանալու երազանքով տարուած մտայնութիւններ, որոնց ծուռ միտքերը կ՚արժանանան նաեւ ամբոխներու յաւակնութեան։
Յստակ է թէ այդ շեղ մտքերը վերջին հաշուոյն բաւականին ծանր պիտի հատուցէ համաշխարհային մարդկութիւնը։ Ուղտին առարկեր են «Վիզդ ծուռ է» ըսելով, խեղճը ափսոսացեր է «Որտե՞ղս շիտակ է որ…»։
pakrates@yahoo.com