Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի Ուքրաինոյ Տոնեցկի եւ Լուգանցկի ժողովրդական հանրապատութիւններու անկախութիւնը ճանչնալէ ետք, նախորդ չորեքշաբթի գիշեր մեկնարկեց վերջին տարիներու կարեւորագոյն զինեալ գործողութիւններէն մէկը։ Քաղաքական ու դիւանագիտական վերապահութիւններու հետեւանքով նախընտրուած «Զինեալ գործողութիւն» եզրը իրականութեան մէջ կը բացատրէ պատերազմի կատարեալ երեւոյթ մը։ Արդարեւ շաբաթէ մը ի վեր շարունակուող ռուսական արշաւը եւ ուքրաինական դիմադրութիւնը կ՚ապացուցեն թէ դէմ առ դէմ կը գտնուինք կործանիչ պատերազմի մը հետ։ Ուքրաինոյ զանազան շրջաններ ենթարկուած են ռուս բանակի ներխուժման։ Ուքրաինա երկրէ ներս զօրակոչ հռչակած է եւ սկսած է բոլոր չափահաս քաղաքացիներուն ինքնացիք հրացաններ բաշխելու։
Քաղաքներու մէջ կը տիրէ այնպիսի պատկերներ, որոնք վերջին անգամ ապրուած էին մօտ 80 տարի առաջ, Բ. Համաշխարհային պատերազմի օրերուն։
Բազմաթիւ քաղաքացիներ, յատկապէս կանայք եւ երախաներ կը փորձեն երկիրը լքել արեւմտեան սահմաններէն։
Ուքրաինոյ օդային տարածքը ամբողջովին փակ է քաղաքացիական թռիչքներու համար։ Ժողովուրդը ռմբակոծումներու ընթացքին կ՚ապաստանի շէնքերու նկուղները եւ մեթրօ կայաններ։
Մայրաքաղաք Քիեւի եւ այլ մեծ քաղաքներու մէջ փողոց ելլելու արգելք կը հռչակուի իրիկուայ ժամերուն։
Թուրքիոյ արտաքին Գործոց Նախարարութեան տուեալներով աւելի շատ 20 հազար թուրքիացի ուսանողներ կը փորձեն երկրէն հեռանալ։ Բաւականին դժուար է այդ երկրէն հեռանալու գործընթացը, քանի որ համալսարանները աւելի շատ խտացած են երկրի արեւելեան նահանգները եւ ելքի ճանապարհը արեւմտեան սահմաններ են։
Թուրքիոյ դեսպանութիւնը կը փորձէ ուսանողները հանրաշարժներով փոխադրել Լեհաստանի, Մոլտաւիոյ կամ Ռումինիոյ սահմանները։ Միւս կողմէ Քիեւի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Նորիկ Գէորգեան «Ակօս»ին տուած բացատրութեան մէջ նշեց թէ մայրաքաղաքին մէջ կ՚ապրին 100 հազար, իսկ բովանդակ Ուքրաինոյ տարածքին ալ 500 հազար հայեր։ «Երկրէ հեռանալ ցանկացողներուն մէջ հայեր ալ կան։ Մենք չենք քաջալերեր այս փախուստը, քանի որ ճամբաները ապահով չեն։ Պատերազմի սարսափը կ՚ապրինք ամբողջ ուժգնութեամբ։ Այս պահուն (1 Մարտի դրութեամբ) Քիեւի փողոցներուն մէջ ռուսական զինուորներու չենք հանդիպիր։ Սնունդի եւ այլ կենսական նիւթերու հասանելութեան առումով դժուարութիւն չ՚ունինք։ Համայնքի մարմինները, եկեղեցին եւ ՀՀ դեսպանատունը համագործակցութեան մէջ կ՚աշխատին։ Հաղորդակցութեան մէջ ենք մեր հայրենակիցներուն հետ» ըսաւ Նորիկ Գէորգեան։
Ռուսիոյ Դաշնութեան Ուքրաինոյ դէմ գործադրած միջամտութիւնը շատ լուրջ հակազդեցութիւն ստեղծեց արեւմտեան առշարհի մէջ։ ԱՄՆ եւ ԵՄ շատ ծանր տնտեսական պատժամիջոցներ կը գործադրեն Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ։ Ամերիկեան եւ Եւորպական երկիրները եւ միջազգային կազմակերպութիւններ խափանած են Ռուսաստանի հետ ամէն տեսակի դրամական փոխանակումը։ Բացի այդ մարզական եւ գեղարուեստական բնոյթի միջոցառումներէն զերծ պահուած է ռուսական մարզակումբները եւ արուեստի խումբերը։ Նոյնիսկ թշնամութիւնը հասած է ռուս ուսանողները արեւմտեան քաղաքներու մէջ իրենց ուսանած համալսարաններէն վտարելու աստիճանին։
Ռուսիոյ Դաշնութիւնը պատերազմի առաջին օրերուն իսկ յայտարարած էր թէ աւելի քան 650 միլիառ տոլարով ամրապնդած է իր տենտեսութիւնը, հետեւաբար նման պատժամիջոցները ակնկալուած վտանգը գոյացնելէ հեռու պիտի մնան։
Մինչ այդ կը շարունակուի նաեւ դիւանագիտական շփումներով զինադադար մը ապահովել։ Սակայն այս փուլին նման զինադադարը ձեռնտու է ոչ Ռուսիոյ Դաշնութեան, եւ ոչ ալ ամբողջ ուժովը Ուքրաինոյ զօրակցող ԱՄՆ-ի, ԵՄ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի շրջանակներուն։ Բոլոր կողմերն ալ իրենց ակնկալութիւններուն առանց հասնելու կնքուելիք զինադադարէ մը անհանգիստ պիտի ըլլան։ Այսպէսով կը տեսնենք պատերազմի ամենատգեղ երեսը, որն է պետութիւններու շահին համար հասարակ մարդկանց ապրած տառապանքը։