Առորջապահութեան Նախարար Ֆահրետտին Քոճա 2 Մարտ չորեքշաբթի օր կազմակերպած մամլոյ յայտարարութիւնով յայտարարեց թէ պսակաձեւ ժահրի դէմ պայքարի մէջ Թուրքիա կը թեւակոխէ նոր փուլի մը։ Յետ այսու բաց տարածքներու մէջ դիմակ կրելու պարտադրանքը վերացած է։ Փակ տարածքներու մէջ ալ եթէ ապահովուած է օդափոխութիւնը եւ ընկերային հեռաւորոթեան պայմանները, դարձեալ դիմակ կրելու պարտադրանք ի զօրու պիտի չըլլայ։ Վերացած է ոեւէ հասարակական շէնք մտնելէ առաջ պատուաստման երաշխիք բնութագրող գաղտնագրի գործադրութիւնը։ Սոյն տարուայ ուսման տարեշրջանին ընդունուած սկզբունքի համաձայն դպրոցներէ ներս եթէ մէկէ աւելի վարակման դէպք նկատուէր ամբողջ դասարանը կը փակուէր։ Նոր դրութիւնով այս սկզբունքն ալ զանց առնուած է եւ ասկէ ետք պիտի բաւարարուի միայն վարակուած աշակերտին մեկուսացումով։
Նախարարը նշեց թէ այս մասին եզրակացութեան հասած են ոչ թէ գիտական խորհուրդի ամբողջական համոզումով, այլ ձայներու մեծամասնութեամբ։ «Ունէինք կանխամիջոցները շարունակել ցանկացող ընկերներ ալ, բայց վերջապէս նախընտրեցինք ընկերային կեանքը աւելի բնականոնացնող եղանակներու գործադրութիւնը»։ Նախարարը այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բուժաշխատողներուն, որոնք մեծ նուիրումով կատարեցին իրենց վիճակած ծանր պարտականութիւնը։ Քոճա վերջապէս յայտարարեց թէ իւրաքանչիւր անձ իր գիտակցութեան սահմաններով պիտի շարունակէ առողջութեան պահպանման միջոցները։ Նախարարը անգամ մը եւս կարեւորեց պատուաստի դերակատարութիւնը եւ խորհուրդ տուաւ անպայման հնազանդիլ պատուաստման կանոններուն։