Տիյարպեքիրի փաստաբաններու տեղեկագիրը

Տիյարպեքի­րի Փաս­տա­բան­նե­րու Կա­ճառը հրա­պարա­կեց ման­կանց իրա­ւունքնե­րու ոտ­նա­կոխ­ման մա­սին տե­ղեկա­գիրը։

Կա­ճառը Թա­հիր Էլ­չիի անո­ւան ժո­ղովաս­րա­հին մէջ կա­տարած մամ­լոյ հա­ղոր­դագրու­թիւնով մը ծա­նօթա­ցուց զրա­հապատ ինքնա­շարժնե­րու, ական­նե­րու եւ ռազ­մա­կան սար­քե­րու պատ­ճա­ռած մա­հուան դէպ­քե­րը։

Ժո­ղովին ներ­կայ էին Տի­յար­պե­քիրի Փաս­տա­բան­նե­րու Կա­ճառի նա­խագահ Նա­հիտ Էրեն, Ման­կանց Իրա­ւունքնե­րու Յանձնա­խումբի ան­դամներ եւ Թուրքիոյ Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Հիմ­նադրա­մի ան­դամներ։

Նա­խագահ Նա­հիտ Էրեն ման­կանց ուղղեալ իրա­ւունքի բռնա­բարումնե­րը վե­րագ­րեց երկրի մէջ տի­րող անվտան­գութեան քա­ղաքա­կանու­թեան։ Պատ­րաստո­ւած տե­ղեկա­գիրը կ՚ընդգրկէ 2011- 2022 տա­րեթի­ւերու մի­ջեւ ար­ձա­նագ­րո­ւած օրի­նակ­նե­րը։ Ան նշեց որ այս տե­սակի բռնա­բարումնե­րը միայն քրտաբ­նակ տա­րածքնե­րու մէջ կ՚ար­ձա­նագ­րո­ւին եւ անոնց հե­ղինակ­ներն ալ կը պաշտպա­նուին ան­պատժե­լիու­թեան սկզբունքով։ Մա­նուկնե­րու ուղղեալ եւ մա­հով աւար­տած դէպ­քե­րու մէջ կա­րեւոր հա­մեմա­տու­թիւն ու­նին բազ­մա­մարդ փո­ղոց­նե­րու մէջ մեծ արա­գու­թեամբ սու­րա­ցող զրա­հապատ ինքնա­շարժնե­րը։ Նոյնպէս ական­նե­րը եւ տա­րած­քի վրայ թո­ղուած զին­թեխնա­կան շատ լուրջ վնաս­ներ կը սպառ­նայ խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րուն եւ մա­նաւանդ ալ ան­չա­փահաս­նե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ