Մամլոյ Ծանուցումներու Խորհուրդը այս տարի դարձեալ որոշած է աջակցիլ Թուրքիոյ փոքրաասնութիւններու մամուլին։ 22 Փետրուար թուակիր ընդհանուր ժողովի ընթացքին որոշուած է 300 հազար ԹԼ յատկացնել փոքրամասնութիւններու ինը պարբերական մամուլին։ Խորհրդի այս մասին ըրած յայտարարութեան մէջ կը նշուի որ Լոզանի Դաշնագրի համաձայն պաշտօնապէս փոքրամասնութիւն համարուած պարբերական մամուլին 300 հազար ԹԶ յատկացուած է։ Այստեղ կը նշուի թէ սոյն սահմանումը կ՚ընդգրկէ հայ, յոյն հրեայ համայնքներու պարբերական մամուլները։