Պելկիոյ մայրաքաղաք Պրիւքսելի մէջ կայացած մամլոյ ժողովով մը հրապարակուեցաւ Եւրոպայի քիւրտ քաղաքական գործիչներ Ռեմզի Քարթալ եւ Զիւպէյիր Այտարի ուղղեալ մահափորձի մը նախապատրաստութեան մասին մանրամասնութիւններ։
Պրիւքսելի մամլոյ ակումբի մէջ կայացած ժողովին մասնակցեցան 2013-ին Փարիզի մէջ սպանուած երեք քիւրտ կին գործիչներու իրաւապաշտպան Անթուան Քոմթէ, Գերմանիոյ մէջ աքսորեալ լրագրողներ Հայքօ Պաղտատ եւ Էրք Աճարէր։ Վերջին երեք անունները մամլոյ ժողովին մասնակցեցան հեռակայ դրութեամբ։
Ժողովի ընթացքին մասնակից լրագրողներու բաշխուեցաւ Թուրքիոյ պետութեան Եւորպայի մէջ միջամուխ եղած մահափորձերու, մահուան սպառնալիքներու, լրտեսութեան ցանցերու վերաբերեալ ցուցակ մը։ Ցուցակը տեղեկագրի մը բնոյթը ունէր եւ կը քննարկէր նաեւ թուրք պետութեան եւորպական երկիրներու մէջ անպատժելիութենէն օգտուելով ձեռնարկած գործողութիւնները։
2017-ի Յունիսին քիւրտ քաղաքական գործիչներ Ռեմզի Քարթալ եւ Զիւպէյիր Այտարի ուղղեալ մահափորձի թղթածրարը 18 Յունիս 2021-ին վերածուեցաւ դատական հարցաքննութեան։
Թղթածրարը կը պարզէ թէ Թուրքիա Եւորպայի տարածքին մահափորձերու եւ լրտեսութեան ցանց մը ապահոված է եւ այդ ցանցի շրջագծով Փարիզի նախկին աւագ դեսպան Իսմայիլ Հաքքը Մուսա համակարգողի պարտականութիւն ստանձնած է։ Մահափորձը գործադրելինք կազմին անդամները ուղղակիօրէն շփման մէջ են Անգարայի որոշ կեդրոններու հետ։Կ՚ընդգծուի նաեւ 2013-ի Փարիզի ոճիրներէն մինչեւ 2017-ի չիրականացած մահափորձը յարատեւութիւն մը կայ մատնանշուած անձերու գործունէութեան մէջ։ Մահափորձը գործադրելու պաշտօնակոչուած կազմի անդամները կապ ունին Նախագահ Էրտողանի խորհրդականներէն եւ ՍԱՏԱԹ կազմակերպութեան հիմնադիր Ատնան Թանրըվերտիի եւ նախագահի Անվտանգութեան Քաղաքականութիւներու Խորհուրդի անդամ Փրոֆ. Սէյիտ Սերթչելիքի հետ։
Հարցաքննութեան ընթացքին յայտնի դարձած է թէ մահափորձի գործադրութեան կազմը խարսխած է Ֆրանսա եւ Ֆրանսայի իշխանութիւնները կը մերժեն Պելկիոյ Արդարադութեան հետ տուեալներու փոխանակումը։
Ժողովի բացման զեկոյցը արտասանեց Զիւպէյիր Այտար ու նշեց թէ դատական առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսելի մէջ 11 Մարտ թուականին։ Ան նաեւ ներկաներուն ցոյց տուաւ մահափորձի գործադրման կազմի պետ Եաքուբ Գոչին Փարիզի դեսպանատան եւ զանազան պետական հաստատութիւններու հետ ունեցած կապը։ Ան վերջապէս նշեց թէ մահափորձի այս կազմակերպութեան միակ թիրախը քիւրտ գործիչները չեն, այլ բոլոր ընդդիմադիրները։
Իրաւապաշտպան Ժան Ֆերմոն ալ դատական թղթածրարի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելով յայտնեց թէ այս դատավարութեան շրջագծով կը մեղադրուին չորս անձեր, որոնց կը վերագրուի յանցագործ կազմակերպութեան եւ տարբեր աստիճաններու ահաբեկչական խումբերու անդամակցութիւն։ Ան եւս շեշտեց այս անձերու Փարիզի դեսպանատան եւ Անգարայի որոշ շրջանակներու հետ ունեցած կապերը։ Ներկայացուց մահափորձի խմբակի անդամներէն Իրֆան Եէշիլեուրթի ՍԱՏԱԹ-ի հիմնադիր Ատնան Թանրըվերտիի հետ լուսանկարը։
Լրագրող Էրք Աճարէր մամլոյ ժողովին Պերլինէն մասնակցեցաւ հեռակայ դրութեամբ։ Ան նկարագրեց Թուրքիոյ մէջ տիրող ընդհանուր միջավայրը եւ այդ միջավայրին ալ Եւրոպա ցոլանալու երեւոյթները։ Պատմեց Թուրքիոյ կառավարութեան նարքոթիկ մաքսանենգութեան, զէնքի առեւտուրի եւ զանազան բնոյթի անօրինութիւններու երեւոյթները։ Զուգորդեց շինարարական ոլորտի եւ նարքոպիզնսի համատեղ գործունէութիւնը։ Ինքզինք բնութագրեց իբրեւ «գլուխը փորձանքի մտած լրագրող» եւ նշեց թէ Գերմանիա մնալով ամբողջովին ապահով չի զգար։
Յաջորդ զեկուցողը եղաւ լրագրող Հայքօ Պաղտատ, որ նոյնպէս ժողովին Պերլինէն միացաւ հեռակայ դրութեամբ։ Ան ալ անդրադարձաւ բռնատիրական վարչակարգերու պարզած վտանգին։ «Էրտողանի վարչակարգն ալ բռնատիրութիւն մըն է, որ երկար տարիներէ ի վեր Եւորպայի մէջ բաւականին աշխոյժ գործողութիւններ կը ծաւալէ»։ Հայքօ Պաղտատ յատկապէս շեշտեց Եւորպայի մէջ Թուրքիոյ քաղաքացիներու միջեւ ծաւալած մատնիչութեան երեւոյթները, որոնք ընդհանրապէս կը հասնին «Օսմանէն Կերմանիա» անուն ազգայնական խմբակի կեդրոններուն։ «Թուրքիոյ մէջ տիրող բեւեռացումը փոխանցուած է նաեւ Եւրոպա ու այստեղ հասարակութեան իրարու դէմ թշնամութիւնը գետին պատրաստած է ազգայնական հրոսախումբերու»։
Ան նաեւ նշեց իր պայմանները, պատմելով թէ մահուան սպառնալիքներու բերմամբ Գերմանական ոստիկանութեան խնամքին ենթակայ է։ «Զրահով բաճկոն հագնելով բեմ ելլելու մասին կը խօսիմ։ Բ. Համաշխարհամարտէն այս կողմ Եւորպայի մէջ ոչ մէկ արուեստագէտ նման երեւոյթ մը ապրած է»։
Ժողովի վերջին զեկուցողն էր քիւրտ քաղաքական գործիչ Ռեմզի Քարթալ։ Ան ալ իր կարգին նշեց թէ Թուրքիոյ մէջ մօտաւորապէս 30 միլիոն քիւրտեր կ՚ապրին։ «Անոնք օրէնքներու առջեւ ոչ մէկ իրաւունք ունին եւ պետութիւնը քրտական խնդիրը կը դիտէ լոկ ահաբեկչական խնդիր մը ըլլալով»։ Քարթալ ապա նշեց որ թուրք պետութեան այս մերձեցումը ընդունելութիւն կը գտնէ նաեւ Եւորպայի պետութիւններու կողմէ։ Ցարդ կատարուած յանցագործութիւններուն անպատժելիութեան քօղին տակ մնալը պետութիւններու համագործակցութեան հետեւանքն է։ Ան իր խօսքերը աւարտեց յուսալով թէ դատարանը լուրջ որոշումի մը յանգելով կրնայ սանձել թուրք պետութիւնը։
(Էտիթէօր Ինֆօ)