Էսաեան Սանուց Միութիւնը կը պատրաստուի հիմնադրութեան 75-ամեակը նշելու։
Էսաեան Վարժարանի շրջանաւարտներու նախաձեռնութեամբ հիմնուած սանուց միութիւնը անցնող 75 տարիներու ընթացքին բազմաթիւ գրական ու գեղարուեստական միջոցառումներու գործադրման վայր հանդիսացած էր։
75-ամեակի ձօնուած միջոցառումներու առաջինը տեղի պիտի ունենայ 12 Մարտ շաբաթ երեկոյ Ֆերիգիւղի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ Նազար Շրինօղլու սրահին մէջ։ Մարիամ Տրամերեանի հանդիսավարութեամբ ելոյթ պիտի ունենայ վարժարանի նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտներէն Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան։ Գեղարուեստական բաժնի մէջ պիտի ասմունքէ Սիլվա Կոմիկեան։ Թէնոր Սերճան Կազերօղլու, Մելինա Սեչիքեանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ պիտի մեներգէ։ Իսկ դաշնակահար Լեւոն Էրոյեան դաշնամուրի մենահամերգով մը աւարտին պիտի հասցնէ միջոցառումը։
Նախատեսուած է 10 Ապրիլ Կիրակի եւ 28 Ապրիլ հինգշաբթի օրերուն Պէշիքթաշի Սիւլէյման Սէպայի անուան մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոնին մէջ Մարալ Երգ ու Պարի Միութեան ներկայացումները։ Այդ ներկայացումներուն պիտի մեներգէ նաեւ Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքչու։
Այս առթիւ «Ակօս» այցելեցին Էսաեան Սանուց Միութեան պատուոյ նախագահ Մարիամ Տրամերեան, միութեան այժմու նախագահ Վարդուհի Մըսըրլըեան եւ Մարալ Երգու ու Պարի Միութեան գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան։
Այս առթիւ միութեան երկարամեայ նախագահ Մարիամ Տրամերեան տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնները. «Մենք որպէս էսաեանցիներ վարժարանի անունը վեր պահելու պաշտօնը ստանձնած ենք։ Միութեան համար նշանակալից տարեդարձ մըն է այս։ Ինչպէս բոլորին ծանօթ է, վերջին երկու տարիներու ընթացքին համավարակի պատճառաւ խզուած էինք էսաեանցիներէ եւ առ հասարակ համայնքէն։ Ուրեմն այս հանդիպումները այդ կարօտը յագեցնելու միջոց մըն է նաեւ»։
Տարակարծութիւնները
կը շարունակուին
թաղականութեան հետ
Ինչպէս անդրադարձած էինք «Ակօս»ի նախորդ թիւերուն մէջ, Էսաեանի Սանուց Միութեան եւ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան միջեւ տարակարծութիւնները կը շարունակուին։ Միութիւը միջոցառումներու նախօրեակին իր փորձերը կը կատարէ Քուրթուլուշի Մարմնամարցական Ակումբի եւ Գարակէօզեան Վարժարանի մէջ Նատիա-Տիգրան Կիւլմեզկիլի անուան աշխատանոցներէ ներս։
Մարիամ Տրամերեան այս նիւթին շուրջ ալ իր ցասումը յայտնեց նշելով որ թաղական խորհուրդը չգիտակցիր միութեան առաքելութեան եւ այդ առաքելութեան համայնքային կեանքէ ներս ունեցած նշանակութեան։ «Սանուց Միութեան շէնքը իբրեւ կալուած եկեղեցիին պատկանելով հանդերձ ազգային սեփականութիւն մըն է։ Ժամանակաւոր ծառայութեան համար ընտրուած թաղականները իրաւասու չեն կամայական որոշումներով միութեան աշխատութիւնները կացինահարելու» ըսաւ Մարիամ Տրամերեան։