Երբ Ռուսիոյ Դաշնութեան Ուքրաինոյ դէմ գործադրած պատերազմը կը բոլորէ շաբաթը, այս պատերազմի տնտեսական հետեւանքներն ալ կը սկին քննարկման նիւթ դառնալ իրենց տարբեր բնոյթի երեւոյթներով։ Այս մասին «Ակօս»ի աշխատակից Իշխան Էրտինչ, տետեսագէտ Կիւլտեմ Աթապայի հետ զրուցելով, փորձած է զարգացումներուն Թուրքիոյ տնտեսութեան հաւանական ազդեցութիւնները լուսաբանել։
Իշխան Էրտինչ իբրեւ առաջին հարցում կ՚ուզէ իմանալ թէ արեւմտեան ընկերութիւններու եւ երկիրներու գործադրած պատժամիջոցները ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան Ռուսիոյ տնտեսութեան վրայ։
Կիւլտեմ Աթապայ այս հարցումին կը պատասխանէ հետեւեալ կերպով. «Պատժամիջոցները աստիճանաբար բարձրացան։ Այս պատժամիջոցները անշուշտ որ պիտի ազդեն Ռուսիոյ տնտեսութեան։ Եւորպացիներու ձեռքը մնացած միակ ու վերջնական պատժամիջոցն է բնական կազի ներածումը կասեցնել։ Սակայն նման որոշում Եւորպայի մէջ ալ ուժանիւթի սակերու անհամեմատօրէն բարձրացման պատճառ պիտի դառնայ։ Այդ պատճառաւ ալ կը խուսափին կազի մատակարարումը կասեցնելէ։
Իսկ Ռուսաստան ռուպլիի արժեզրկումով սղաճի պիտի մատնուի։ Չինաստան արեւմուտքի շուկային փոխարինելու կարողութիւն չունի։ Եւ աւելին՝ Փութին այս պատժամիջոցներուն պատճառաւ ետքայլ ընելու մտադիր չ՚երեւիր»։
Յայտնի է թէ պատերազմը իր ցոլացումը պիտի ունենայ նաեւ ցորենի ու ընդեղէնի գիներուն վրայ։ Այս հաւանականութիւնը դիտելով Իշխան Էրտինչ կը հարցնէ թէ ընդեղէնի սղութիւնը սովի պատճառ կրնա՞յ դառնալ։ «Թուրքիա տարիներու հոլովոյթով աճող ներածում կ՚ընէ այս ոլորտի մէջ։ Թուրքիա ինք եւս ընդեղէն կամ ցորեն արտադրող երկիր է։ Թէեւ իր արտադրութիւնը տարիներու ընթացքին նուազած է, բայց ունի այլընտրանքներ։ Նշենք որ ներածուած ցորենի կարեւոր մէկ մասը ալիւրի վերածուելով կամ մաքարոնի արտադրութեամբ կրկին արտածման նիւթ կը դառնայ։ Զբօսաշրջութեան ոլորտը դարձեալ կորուստներ պիտի ապրի։ Պատերազմի ուղղակի ազդեցութիւններու կողքին ռուպլիի արժեզրկումը եւ մանաւանդ ալ դրամի փոխանակման ընթացքին մէջ գոյացած դժուարութիւնները կարեւոր ազդակներ պիտի ըլլան ռուս զբօսաշրջիկի բացակայութեան համար։ Պատերազմի մթնոլորտը ոչ միայն պատերազմող երկիրներու, այլ հարեւան երկիրներու զբօսաշրջիկներու վրայ ալ որոշ ազդեցութիւն կ՚ունենայ։ Հետեւաբար Ռուսիոյ կամ Ուքրաինոյ նման երկիրներէ եկողներու կողքին Եւորպացի զբօսաշրջինկներու թիւին մէջ ալ որոշ նուազում պիտի ապրինք»։
Տնտեսագէտ Կիւնտեմ Աթալայ տարադրամի սակը հակակշռելու համար Թուրքիոյ գործադրած կանխամիջոցներուն ալ անդարդարձաւ եւ նշեց թէ սակարանէն պաշտպանուած խնայողութիւնները յաւելեալ բեռ պիտի բերեն երկրի պիւտճէին վրայ։ «Պատերազմ ծագեցաւ, քարիւղի գինը 100 տոլարը գերազանցեց եւ այս բոլորը իրենց անդրադարձը պիտի ունենան սղաճի վրայ» ըսաւ Աթալայ։ Ան նաեւ աւելցուց թէ եթէ քարիւղի գիները բարձրանան 130-150 ԱՄՆ տոլարի սահմաններուն, թրքական լիրայի արժեզրկումը ալ աւելի զգալի պիտի դառնայ եւ էնֆլասյոնը պիտի հասնի երեք միաւորանի արժէքներու։ «Կայ այսպիսի հաւանականութիւն մը, քանի որ անորոշութիւններու շրջանի մը մէջ ենք»։