Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի բանագնացներու երկրորդ հանդիպումով։ Կ՚ակնկալուի թէ Քըլըճ ու Ռուբինեան 24 Փետրուարի մէկտեղման ընթացքին քննարկեն դիւանագիտական շփումներու եւ սահմանը բանալու վերաբերեալ խնդիրները։ Աւելի քան երեսուն տարիներու յետաձգումը ինքնաբերաբար պիտի բերէ նաեւ որոշ դժուարութիւններ։ Խոչընդոտները հեշտ լուծումներով յաղթահարելը կախեալ է կողմերու վճռակամութենէն։ Այս հանգրուանին աւելի տրամաբանական պիտի ըլլայ լուծման քայլերը ակնկալել թրքական կողմէ, քանի որ ինք էր դիւանագիտական կապ հաստատելէ խուսափողը եւ սահմանները փակողը։ Մէկ կողմի գործած սխալը անիմաստ է երկկողմանի քննարկումով սրբագրել։ Մանաւանդ խնդրի լուծման համար սակարկութեան նստիլ։
Խնդրի այս երեսակը ունի դիւանագիտական բնոյթ։ Որքան ալ անհամեմատելի ըլլան երկու երկիրներու աշխարհագրական, բնակչական կամ տնտեսական կարողութիւններու տուեալները, վերջապէս կողմերը կը ներկայացնեն անկախ պետութիւններ եւ այս հանգամանքն ալ բանակցութեան սեղանին վրայ զիրենք կը բերէ որոշ հաւասարութեան մը եզրին։
Դիւանագիտական դաշտի կողքին կայ նաեւ խնդրին ընկերային երեսակը, որ դարձեալ շատ կարեւոր է իր պարունակած հաւանական բարիքներով ու չարիքներով։ Բարիքները յստակ են։ Պարզ մարդկանց իրարու հետ շփումը միշտ բարիք կը բերէ։ Ակադէմականներու, արուեստագէտներու, ուսանողներու, մտաւորականներու եւ բոլոր ասպարէզներէ հասարակ մարդկանց, կեանքը աշխատանքով վաստակողներու շփումներէն միայն բարիք կը ծնի։
Դիտելով Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան օրինակը, կը գոյանայ նաեւ մտահոգութիւններու հսկայ ծաւալ մը։ Յոռետեսութիւն կամ չարագուշակութիւն չէ, եթէ ըսենք թէ Հայաստան, Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումը առաջին արժեւորողները պիտի ըլլան յանցագործ աշխարհի դերակատարները։ Գործատէրի պատմուճանով նոր շուկային ընդձեռած առիթներէն օգտուելու համար առաջին այցելողները պիտի ըլլան նարքօպիզնըսի պարոնները, գաւաթները, փող լուացողները եւ խաղասրահներու վարիչները։ Այդ շրջանակները մեծ ախորժակով պիտի փորձեն իրենց Հիւսիսայն Կիպրոսի կամ Պաթումիի նախաձեռնութիւններու նմանները ունենալ Հայաստանի մէջ։ Կասկած չկայ որ այդ ոլորտի մէջ հայազգի գործընկերներ գտնելու մէջ ալ դժուարութիւն պիտի չ՚ապրին։ Յիշենք թէ չիրականացաւ «Պրոլետառներ բոլոր երկրների՝ միացէք» կոչը, բայց առանց նման կոչի, ամենայն հեշտութեամբ իրականացաւ բոլոր երկրներու օլիկարխներու համագործակցութիւնը։
Եթէ կառավարութիւններ, անոնք ներկայացնող բանագնացներ, արտաքին գործոց նախարարութիւններու անձնակազմերը ունին իրենց գործերը, Հայաստանի հաշուոյն կարեւոր գործ կը վիճակի նաեւ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան աշխատակազմին։
Որեմն վերյիշենք ու կրկնենք խորագրի պատգամը՝ զգուշացէք, դռները բացւում են, յաջորդ կայարան ԱԱԾ։