21 Ապրիլ երկուշաբթի օր Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վիլատմիր Փութին իր ժողովուրդին դիմեց ուղերձով մը եւ յայտարարեց թէ պաշտօնապէս պիտի ճանչնայ Ուքրաինոյ մէջ որոշ ինքնավարութիւն վայելող Տոնեցկի եւ Լուգանսկի ժողովրդական հանրապետութիւններու անկախութիւնը։
Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, ամբողջ աշխարհ վերջին շաբաթներու ընթացքին ուշադրութիւնը սեւեռած էր Ուքրաինոյ եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան հակադրութեան վրայ։ Միջազգային գետնի վրայ ԱՄՆ եւ Մեծ Բրիտանիա գրգռիչ յայտարարութիւններով եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան ուղղեալ սպառնալիքներով կը հրահրէին տարակարծութիւնը։ Եւրոմիութեան անդամ երկիրները գլխաւորութեամբ Դաշնակցական Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի, միանալով հանդերձ սպառնալիքներու շարանին միշտ, մատնացոյց կ՚ընէին խնդրի բանակցութիւններու միջոցաւ լուծումը։
ԱՄՆ Նախագահ Ճօ Պայտըն բաւականին յստակ պնդումներ ունէր Ռուսիոյ Դաշնութեան զօրքերուն Ուքրաինա խուժելուն մասին։ Փութին այս թոհուբոհի մէջ ճատրակի տախտակին վրայ առած քայլերով յաջողեցաւ անսպասելի պահուն եւ անսպասելի եղանակով կացութիւնը փոխել ի շահ իրեն։ Արդարեւ երկու ժողովրդական հանրապետութիւններու անկախութիւնը ճանչնալով կրկնեց անցեալին Վրաստանի դէմ գործադրած ռազմավարութիւնը։ Պիտի յիշենք որ Աբղազիա եւ Հարաւային Օսեթիա անջատուեցան Վրաստանէն եւ մաս կազմեցին Ռուսիոյ Դաշնութեան։ Այս քայլով Վլատիմիր Փութին Վրաստանէ ետք յաջողեցաւ Ուքրաինայի ալ Հիւսիս Ատլանտեան Դաշինքի անդամակցութիւնը կանխել։
Այս պահուն պիտի տենենք թէ արեւմտեան կողմի սպառնալիքները ի՞նչ հետեւանքներ պիտի կարենան ունենալ։ Բայց Փութին արդէն ունէր համապատասխան լծակներ եւ առանց վարանելու յայտարարեց թէ Եւրոպան պատրաստ պէտք է ըլլայ բնական կազի սակին կրկնապատկուելով 2000 Եւրոյի հասնելուն։
Թուրքիա կը մերժէ
անկախութիւնը ճանչնալ
Այս մասին Նախագահ Էրտողան յայտնած է թէ Թուրքիա թէ Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ թէ Ուքրաինոյ հետ ունի քաղաքական, զինուորական եւ տնտեսական յարաբերութիւններ։ «Ուրեմն մենք չենք կրնար հրաժարիլ այդ երկու երկիրներէն ալ, քանի որ երկու պետութիւններու հետ ալ բաւական զարգացած յարաբերութիւն ունինք։ Պիտի սպասենք ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովը եւ վերադարձին մեր ընկերներու հետ պիտի որոշենք մեր ուղղութիւնը» ըսաւ Նախագահ Էրտողան։
Հայաստան ալ իր կարգին յայտնեց թէ Տոնեցկ եւ Լուգանսկը իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչնալու վերաբերեալ օրակարգ մը չունի։ Այս մասին «Արմենպրես»էն կ՚արտատպենք հետեւեալ լրատուութիւնը։
«Տոնեցկի եւ Լուգանսկի
անկախութիւնը ճանչնալու
հարց չկայ»
Երեւան, 23 Փետրուարի, «Արմենպրես»- «Հայաստանի օրակարգին Տոնեցկի եւ Լուգանսկի ժողովրդական հանրապետութիւնները ճանչնալու հարց չկայ»։ «Արմենպրես»-ի հարցին ի պատասխան այս մասին ըսաւ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Վահան Յունանեանը։
Ինչպիսի՞ դիրքորոշում ունի Հայաստանը ռուս-ուքրաինական յարաբերություններուն տեղի ունեցող զարգացումներու վերաբերեալ։
Վ.Յ.- Մենք, բնականաբար, կը ցանկանանք, որ երկու բարեկամ պետութիւններու միջեւ առկայ խնդիրները լուծուին դիւանագիտական երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու միջոցներով. միջազգային իրաւունքի նորմերու ու սկզբունքներու, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիման վրայ։ Եւ յոյսով ենք, որ անհրաժեշտ քայլեր կը ձեռնարկուին՝ լարուածութեան նուազեցման եւ իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման համար։
Արդեօք հաւանական կը համարէ՞ք Տոնեցկի եւ Լուգանսկի ժողովրդական հանրապետութիւններու ճանաչումը Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։
Վ.Յ.- Նման հարց օրակարգին չկայ։
Անցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Դիմատետրի գրառումով մը յայտնեց թէ գոհունակութեամբ կը դիմաւորեն Ռուսիոյ Նախագահի երկու ժողովրդական հանրապետութիւններու անկախութիւնը ճանչնալու որոշումը։ «Ազգերուն իր ապագան որոշելու եւ պետականացման իրաւունքը ամփոխարինելի է բոլոր ժողովուրդներու համար եւ միջազգային իրաւաբանութեան հիմնական մէկ սկզբունքը» ըսած է Արայիկ Յարութիւնեան։