Գրետիթ Սուիսս» խորագրեալ թղթածրարը յայտնի է թէ նոր գլխացաւի մը պատճառ պիտի դառնայ աշխարհի վրայ զանազան ապօրէն միջոցներով հարստութիւն կուտակած մարդկանց հաշոււոյն։ «Կազմակերպեալ Յանցագործութիւն եւ Զեղծարարութիւններու Գրանցման Նախագիծը» եւ Գերմանական «Սիւտտոյչէ Զայթունկ» թերթերու համաշխարհային գետնի վրայ 48 լրատու գործակալութիւններու հետ կատարած աշխատութիւններով Զուիցերիոյ երկրորդ կարեւորագոյն դրամատան 18 հազար հաշիւները լուսարձակի տակ առնուեցան։
Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի քաղաքական գործիչներու կողքին Յորդանանի թագաւոր Ապտուլլահ, Վենեզուելլացի քարիւղի վարիչներ եւ Վատիկանէն բարձրաստիճան հոգեւորականներու անուններ ալ կը նշուին լուսարձակի տակ առնուած հաշիւներու շրջանակով։ Նշուած անուններու մէջ է Նախիջեւանի Խորհրդարանի Նախագահ Վասիֆ Թալիպով, որդիները Սէյմուր եւ Ռըզա, որոնք 2007-2012 թուականներու միջեւ աւելի քան 20 միլիոն տոլար փոխանցած են Զուիցերական դրամատուներուն իրենց հաշիւներուն։
23 Յունուար 2022-ին լիազօրութիւններու սահմանափակութիւնը պատճառաբանելով հրաժարած ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգիսեան ալ «Գրետիթ Սուիսս» հաշիւներուն մէջ ունի 11 միլիոն ԱՄՆ տոլարի հասնող հարստութիւն ։
Այս հրապարակումներու ընթացքին հաշիւները յայտնաբերուած հայերու թիւը կը հասնի 500-ի։