Թրքերէնի մեծագոյն բանաստեղծ Նազըմ Հիքմեթ Ա. Աշխարհամարտի տարիներէն նկարագրած կերպարներով հիւսած էր իր ծաւալուն բանաստեղծական հատորը «Երկրէս Մարդու Կերպարներ» խորագրով։ «Ակօս»ի աշխատակիցներէն Հերքիւլ Միլաս նոյն խորագրով Թուրքիոյ այժմու ապրումներէն կը ներկայացնէ կերպարներ, որոնք «Ահուալ» կայքէջէն թարգմանելով կը բաժնենք հայերէն էջերու ընթերցողներուն հետ։
ՀԵՐՔԻՒԼ ՄԻԼԱՍ
Ձիւնոտ առաւօտ մը, աժան հաց գնելու համար հերթ սպասող տարեց հօբար մը։
Շուկայէն երկու գետնախնձոր գնելով տուն վերադարձող տատիկ մը։
Ժպտացող քաղաքական գործիչներու առջեւ «դաւաճան» գոռացող երախայ մը։
Սպաննուելէ ետք ինքնաշարժի մը կապուելով փողոցները շրջող դիակ մը։
Գետին ինկած հանքագործի մը աքացիով հարուածող պետական պաշտօնեայ մը։
Կօշիկները ծակծկած, գլխուն ստացած փամփուշտով մայթին վրայ փռուած մտաւորական մը։
Տարիներէ ի վեր ճաղերու ետեւէն արդեօք իրաւ դատախազ մը, կամ դատաւոր մը կա՞յ ըսելով նայող ուրիշ մտաւորական մը։
Գաղտնապահութեան մէջ արտասահմանէն բերման ենթարկուած մէկը։
Եկեղեցին հրկիզուած, խանութը թալանուած գլխիկոր քաղաքացի մը։ Ամուսնալուծուիլ ուզելուն համար սպաննուած կին մը։
Հաւատքին պատճառաւ գործազուրկ մնացած պաշտօնեայ մը։
Դէպք մը լուրի վերածելուն համար ձերբակալուած թղթակից մը։
Ընկերոջը զանգահարած ըլլալուն համար զղջման մատնուած մէկը։
Դրամատան դրամ դնելուն համար մեղադրուող մէկը։
Ձեխերու մէջ սողալով երկրէն փախչել ջանացող մայր մը եւ զաւակները։
Լաչակին համար արհամարհուած երիտասարդուհի մը։
Հագած կարճ փէշին համար վախ ու դողի մէջ քալող երիտասարդուհի մը։
Ուրիշ երկրի մը մէջ գործ փնտռող երիտասարդ մը։
Դրօշակի փաթաթուած դագաղին վրայ հեծկլտացող մայր մը։
Որդւոյն գերեզմանը փնտռող ուրիշ մայր մը։
Ոստիկանական տանջանքի իրողութիւնը անձամբ փորձած մէկը։
Այս բոլորին չհանդուրժելով ուրիշ երկրի մը մէջ ապրիլ երազող երիտասարդ մը։
Աչքին արցունք, սրտին յոյս սնուցող մէկը։
Եւ միւս կողմէ։
Ամէն ինչ վարդագոյն տեսնելը ապահովող ակնոցներ դրած մէկը։
Հացին տեղ թխուածեղէն նախընտրող տիկինը։
Քաղաքական գործիչ մը, որ կ՚ըսէ թէ առար աշխարհ մեզ կը նախանձի։
Ապրուածներու եւ իր քաղաքական նախընտրութիւններու յարաբերութիւնը տեսնելէ անկարող մէկը։
Պատմուճանին կոճակ կարած դատաւոր մը։
Իր կենցաղը ընդհանուրի կենցաղը կարծող հաւատացեալ մը։
Երեկ թշնամի ճանչցածին, այսօր բարեկամ ըսող եւ երեկ բարեկամ ըսողին, այսօր թշնամի ըսող մէկը։
Թշնամի համարածին դէմ անօրինութիւնը արդար դատող մէկը։
Շուրջբոլորը բարեկամ ու թշնամիներով տեսնող քաղաքական գործիչ մը։ Ներկային անվերջանալի ըլլալը յուսացող աչքը վախ, սիրտը ոխ կապած մէկը։