Համավարակի զրկանքներով այս երրորդ տարին է որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետաքրքրական դրուագներէն մէկը կ՚անցնի բաւականին անշուք, բաղդատմամբ նախորդ տարիներու։
Մերօրեայ սերունդը մեծ երանութամբ կը լսէր երբենի Բարեկենդանի խրախճանքներու մասին։ Տարիներու հոլովոյթով, երբ պոլսահայութիւնը կորսնցուց ժողովուրդ կոչուելու յատկութիւնները եւ հետզհետէ վերածուեցաւ կրօնական համայնքի մը ճղճիմ տարազին, բազմաթիւ բարք ու սովորութիւններու կարգին կորսնցուց նաեւ Բարեկենդանի աշխարհիկ տօնակատարութիւններու աւանդութիւնը։
Հազիւ վերջին տասնեամեակներն էր որ, եթէ ոչ փողոցներու վրայ, բայց գոնէ սրահներէ ներս կը փորձուէր այդ աւանդութեան վերադառնալու ջանքեր։ Դիմակներով ծպտուելով մարդիկ կը մէկտեղուէին այս կամ այն միութեան երդիկին տակ, Մեծ Պահքի զրկանքի օրերու ընդառաջ ուրախութեան վերջին հաւաքական ապրումները վայելելու համար։
2020 թուականէն սկսեալ պսակաձեւ ժահրի համավարակը եկաւ նոր արգելք մը հանդիսանալու եւ խափանելու այդ ճղճիմ փորձերը իսկ։ Այս տարի ալ Վարդանանցի յիշատակման զուգահեռ դպրոցներէ ներս ընդմիշտ կանխարգիլման կանոնները յարգելով կը փորձուի Բարեկենդանի աւանդութիւնը կիրարկել։
Վերեւի նկարները խմբագրատունս հասած են Պաքըրգիւղի Տատեան Վարժարանէն, ուր աշակերտներ հոգ չէ թէ ոչ լիաթոք, բայց որոշ մասամբ կ՚ուրախանան Բարեկենդանի խաղերով։
Ինչպէս անցնող բոլոր տարիներուն այս տարի ալ քաղաքիս Ֆերիգիւղ թաղի Վարդանանց Երգչախումբը կը նշէ իր անուան տօնակատարութիւնը պատշաճ կերպով։