Նախորդ շաբաթ օր երեկոյեան ժամերուն ընդդիմադիր վեց կուսակցութիւններու նախագահներ մէկտեղուեցան կլոր սեղանի շուրջ, քննարկելու համար իշխանափոխութեան ուղղեալ իրենց ռազմավարութիւնները։ Ժողովի կոչը եկած էր Ազգային Դաշինք անուան տակ համատեղ աշխատութիւն ծաւալող Հանրապետական, Լաւ եւ Երջանկութիւն կուսակցութիւններու հրաւէրով։ Հրաւիրեալներն էին Դեմոկրատ կուսակցութեան նախագահը Կիւլթեքին Ույսալ, նախապէս Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան շարքերուն Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կամ վարչապետի պաշտօններ զբաղեցուցած Ահմետ Տաւութօղլու եւ դարձեալ անցեալին Նախագահ Էրտողանի գլխաւորած կառավարութեան մէջ Ելմտական Նախարարութիւն վարած Ալի Պապաճան։
Վեց դերակատարներու այս մէկտեղումը տարաբնոյթ արձագանգներու տեղի տուաւ գրաւոր ու տեսլական մետիայի վրայ։ Իշխանամէտ շրջանակներ չգոհացան կատարուած յայտարարութիւններով եւ անվերջանալի կերպով ենթադրութիւններ արտադրեցին թէ սեղանակիցներու եւ թէ անոնց արծարծած նիւթերու մասին։
Իշխանամէտ շրջանակներ կը պնդէին թէ թէեւ սեղանի վրայ չէր, բայց այս մէկտեղման բուն պատուիրատուն եղած է Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութիւնը։ Քայլ մը առաջ երթալով կը պնդէին նաեւ թէ օրակարգը ճշդողն ալ ՀՏՓ-ն է։ Միւս կողմէ ընդդիմադիր մամուլի մէջ ալ վեցեակի ուղղեալ գլխաւոր քննադատութիւնն է ՀՏՓ-ի բացակայութիւնը։ «Առանց ՀՏՓ-ի ներկայութեան կարելի չէ Հանրապետական Դաշինքի դիմաց համոզիչ ընդդիմութիւն մը ապահովել» կարծիքը հետզհետէ աւելի լայն ընդունելութիւն կը գտնէ ըննդիմադիր շրջանակներէ ներս։
ՀՏՓ ալ իր կարգին Ժողովրդավարական Դաշինք անուան տակ կը պատրաստուի երրորդ միաւորում մը հաստատելու, որուն բաղադրիչները պիտի ըլլան երկրի գլխաւոր ձախակողմեան կուսակցութիւնները։ Նշենք որ այս կուսակցութիւնները ընտրութիւններու պահուն մեծ յաւակնութիւն մը չ՚ունենալով հանդերձ կրնան կարեւոր դերակատար դառնալ յատկապէս նախագահի ընտրութեան փուլին։
Պաշտօնապէս յայտարարուած չըլլալով հանդերձ Նախագահ Էրտողան նախագահական ընտրութեան գլխաւոր թեկնածուն կը հանդիսանայ։ Միւս կողմէ ընդդիմդիրները ցարդ չեն հրապարակած իրենց թեկնածուն։ Միակ յայտնի հրապարակումը եկած է Լաւ Կուսակցութեան Նախագահ Մերալ Աքշեներէ, որ յայտնած է թէ ինք նախագահութեան թեկնածու չէ, քանի որ պիտի նախընտրէ Խորհրդարանական դրութեան անցնելով ստանձնել վարչապետի պաշտօնը։
Ճշդուած թուականին կամ կանխահաս Թուրքիա արդէն մտած է ընտրութեան հոգեբանութեան եւ պարզ դարձած, որ այս մէկը ամենադժուարը պիտի ըլլայ Նախագահ Էրտողանին համար։ Ան բոլորած ըլլալով իշխանութեան 20 տարիները յաջողած էր մասնակցած բոլոր ընտրութիւններէն յաղթանակով դուրս գալ։ Այս ընթացքը խափանողը եղաւ շրջանային վերջին ընտրութիւնները, ուր Էրտողանի կուսակցութիւնը պարտութիւն կրեց Իսթանպուլի եւ Անգարայի նման խորհրդանշական իմաստ ներկայացնող մեծ քաղաքներու մէջ։ Դէտեր հոս եւս իմաստներ կը որոնեն նշելով թէ Իսթանպուլը նուաճողը կը նուաճէ նաեւ ամբողջ Թուրքիան։