Տարեսկիզբին մեծագոյն անակնկալը եղաւ բնական կազի եւ մանաւանդ ալ ելեկտրական հոսանքի սակերուն եկած անհամեմատ գնաճը Սակայն կատարուածի շատ աւեի յստակ ցոլացումը պարզուեցաւ Փետրուար ամսուայ առաջին շաբթուն, երբ մարդիկ զարմանքով իրարու ցոյց կու տային իրենց վիճակած ահռելի պարտքը։ Հոսանքի սակը մէկ ամսուայ տարբերութիւնով եռապատկուած էր, շատ մը օրինակներու մէջ գերազանցելով նոյնիսկ բնակարանի, կամ գործատեղիի վարձքերը։
Այս իրողութեան դէմ ժողովուրդը ստեղծեց առարկելու, դիմադրելու կամ բողոքելու զանազան միջոցներ։ Բազմաթիւ քաղաքներու մէջ թէեւ սահմանափակ մասնակցութեամբ կատարուեցան հանրահաւաքներ, ուր ցուցարարները հրապարակաւ այրեցին իրենց եկած պարտացուցակները։ Ուրիշներ այդ պատրացուցակները կպցուցին իրենց խանութներու ցուցափեղկերուն։ Շատեր իբրեւ բաղդատութիւն ցուցադրեցին նաեւ նախորդ ամսուայ պարտացուցակները, որոնց շնորհիւ շատ աւելի յստակ կը դառնար կատարուած յաւելումը։
Հանրապետական Կուսակցութեան Նախագահ Քեմալ Քըլըչթարօղլու հրապարակաւ յայտարարեց թէ պիտի չմուծէ պահանջուած այդ գումարը, մինչեւ որ կառավարութիւնը ետքայլ ընէ եւ ջնջէ ելեկտրական հոսանքի այս անհամեմատ գինը։
Նման յայտարարութիւններ ըրին նաեւ ալեւիներու աղօթատեղիները, ժողովարանները։ Իրականութեան մէջ Թուրքիայ կանոնադրութիւնով մը երկրի բոլոր մզկիթները, եկեղեցիները եւ սինակոկները զերծ կը պահէ ելակտրական հոսանքի համար վճարումներէ։ Բայց պետութիւնը կը յամառի ալեւիներու ժողովարանները այդ ցանկէն դուրս թողելու։ Արդարեւ ալեւիներն ալ որոշած են չմուծել իրենցմէ պահանջուած այդ գումարները եւ ասպարէզ կարդալ ըսելով թէ. «Եկէք անջատեցէք հոսանքը»։
Այս ընթացքին միացող վերջինը եղաւ «Մօտայի Բեմը» անուն թատերասրահը, որ նոյնպէս յայտարարեց թէ կը մերժէ կատարուած յաւելումը եւ իբրեւ անհնազանդութիւն կը յայտարարէ որ պիտի չվճարէ իրեն եկած պարտատոմսը։