ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հաւատացեալը ե՞րբ վտանգ է

Թուրքիա այն եր­կիրն է, ուր գոր­ծող բո­լոր կա­ռավա­րու­թիւննե­րը իրենց նպա­տակ դրած են մա­նուկ տա­րիք­նե­րէն սկսեալ ձե­ւաւո­րել երի­տասարդ սե­րունդ մը, որ պար­տի մտա­ծել իրենց նման։ Այս ըմբռնումն է, որ իր դրոշ­մը դրած է երկրի կրթա­կան հա­մակար­գին։ Սա­կայն մարդկա­յին միտ­քը եւ բնու­թեան կա­նոնը կը մեր­ժէր այդ պար­տադրան­քը եւ երի­տասար­դութիւ­նը կը հա­մակեր­պէր դա­րի պա­հանջ­նե­րուն։ Իշ­խա­նու­թիւննե­րու այս ռազ­մա­վարու­թիւնը որ­քան ալ յա­րատեւ բնոյթ ու­նե­նայ կայ նաեւ ոս­տումնե­րու շրջան­ներ։ Անոնցմէ կա­րեւո­րագոյ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ 12 Սեպ­տեմբեր 1980-ի զի­նու­րա­կան յե­ղափո­խու­թե­նէ ետք, երբ բա­նակա­յին­նե­րու հա­մար գլխա­ւոր վտանգ կը հա­մարո­ւէին հա­մալ­սա­րանա­կան երի­տասար­դա­կանու­թիւնը։ Այդ վտան­գը չէ­զոքաց­նե­լու մի­տու­մով զօ­րավար Էվ­րեն հիմ­նեց Բարձրա­գոյն Ուսման հիմ­նարկ մը, որ զի­նու­րա­կան կար­գա­պահու­թիւն պի­տի պար­տադրէր բո­լոր հա­մալ­սա­րան­նե­րէ ներս։ Այս ընե­լու հա­մար նախ վե­րացո­ւեցաւ ակա­դեմիայի ան­կա­խու­թիւնը։ Հա­մալ­սա­րան­նե­րը վե­րածո­ւեցան երկրոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րու շա­րու­նա­կու­թեան։ Իսկ Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թեան իշ­խա­նու­թեան շրջա­նին տե­ղի ու­նե­ցաւ շատ աւե­լի սահմռկե­ցու­ցիչ մեր­ձե­ցում մը, քա­նի որ Էր­տո­ղան ինք կը բարձրա­ձայ­նէր հա­ւատա­ցեալ եւ ոխե­րիմ սե­րունդ մը պատ­րաստե­լու հե­ռան­կա­րը։

Հա­ւատա­ցեալ սե­րունդ պատ­րաստե­լու մար­մա­ջը հա­սաւ մին­չեւ ման­կա­պար­տէ­զի հա­սակի երա­խանե­րու կրօ­նական ու­սուցման։

Մինչ այդ երկրի Կրթու­թեան Նա­խարա­րու­թեան հսկո­ղու­թեան տակ գտնո­ւող դպրոց­նե­րէ ներս հետզհե­տէ իր ազ­դե­ցու­թիւնը ծա­ւալեց Կրօ­նից Տես­չութիւ­նը եւ որոշ աղանդնե­րու կազ­մա­կեպու­թեամբ գո­յացած կարգ մը հիմ­նադրամ­ներ։ Այս բո­լորը պի­տի ու­նե­նային իրենց բնա­կան հե­տեւանքնե­րը եւ ար­դա­րեւ ու­նե­ցան։

Այ­սօր Թուրքիա թէեւ կը պար­ծե­նայ ամէն քա­ղաքէ ներս հա­մալ­սա­րան մը ու­նե­նալով, բայց խիստ վի­ճելի է այդ կա­ռոյցնե­րու հա­մալ­սա­րան կո­չու­մը։ Ար­դա­րեւ անոնցմէ ոչ մէ­կը տեղ գտած են աշ­խարհի լա­ւագոյն 500 հա­մալ­սա­րան­նե­րու ցան­կին մէջ։

Բա­ցի այդ, կի­րար­կո­ւած կրօ­նաբա­րոյա­կան ուսման ծրագ­րի հե­տեւան­քով Թուրքիոյ միջ­նա­կարգ դպրոց­նե­րու աշա­կերտնե­րը ի վի­ճակի չեն իրենց մայ­րե­նի լե­զուով իսկ ուղղո­ւած հար­ցումնե­րը ըն­կա­լելու։

Բարձրա­գոյն Ուսման Հիմ­նարկը նոր շրջա­բերա­կան մը հրա­պարա­կելով յայ­տա­րարեց թէ ալ աւե­լի պի­տի դիւ­րացնէ հա­մալ­սա­րան­նե­րու մտից քննու­թիւննե­րը։ Հա­րիւ­րա­ւոր հար­ցումնե­րէն միայն մէ­կուն ճիշդ պա­տաս­խան տա­լը ան­գամ բա­ւարար պի­տի ըլ­լայ հա­մալ­սա­րան ըն­դունո­ւելու հա­մար։

Այս որո­շու­մի իբր ար­դիւնք կրնանք կան­խա­տեսել թէ յա­ռաջի­կայ տա­րինե­րուն ալ աւե­լի պի­տի աճի հա­մալ­սա­րանա­ւարտ գոր­ծա­զուրկնե­րու թի­ւը։

Տես­նե­լով հան­դերձ քա­ղաքա­կիրթ եր­կիրնե­րու նման նիւ­թե­րու մէջ ար­ձա­նագ­րած յա­ջողու­թիւնը յա­մառիլ սխա­լին վրայ ու­րիշ ոչ մէկ նշա­նակու­թիւն ու­նի, քան սե­րունդներ զո­հել յա­նուն յե­տադի­մակա­նու­թեան։ Հա­ւատ­քը ինքնին ոչ մէկ վտանգ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ, երբ սահ­մա­նուած պի­տի ըլ­լայ իր ան­հա­տակա­նու­թեան մէջ։ Իսկ երբ պի­տի գտնո­ւին մար­դիկ որոնք իրենց վրայ իրա­ւունք պի­տի տես­նեն հա­ւատա­ցեալ սե­րունդներ պատ­րաստել, ահա այդ պա­հուն, այդ նոյն հա­ւատ­քը պի­տի դառ­նայ խիստ վտան­գա­ւոր հա­մայն մարդկու­թեան հա­մար։ Եկէք աւար­տենք հա­ւատա­ցեալ­նե­րու բա­ռամ­թերքով։ Աս­տո­ւած մի արաս­ցէ։

pakrates@yahoo.com