ՀանրապետականԹուրքիոյ կուսակցութիւններու պատմութեան մէջ յատուկ նշանակութիւն ունեցող թուական մըն է 13 Փետրուար 1961-ը։ Այդ օր առաջին անգամ քաղաքական կուսակցութիւններու գոյնապնակին վրայ աւելցաւ համայնավար սկզբունքներով նոր օրինակ մը, որ կոչուեցաւ Թուրքիոյ Բանուորական Կուսակցութիւն։ Միայն կուսակցութիւններու պատմութիւնով զբաղող մասնագէտներ պիտի կարենան ճշդել թէ այդ անունով հիմնուած քանի կուսակցութիւններ արգիլուեցան, փակուեցան, իրենց կալուածները ու ինչքերը գրաւուեցան եւ ապա կրկին ու կրկին կեանքի կոչուեցան։
Ահա 13 Փետրուար 2022 թուականը դարձեալ յատկանշական էր, քանի որ նորաստեղծ Թուրքիոյ Բանուորական Կուսակցութիւնը կու գար տօնելու հիմնադրութեան 61 ամեակը։
Այդ օր Հալիչի համագումարներու դահլիճը ապրեցաւ եզակի օր մը, շնորհիւ մեծ ոգեւորութեամբ մէկտեղուած երիտասարդ կուսակցականներու եւ համակիրներու։
Առաջին կուսակցութիւնը իր հիմնադրութեան հետ միասին ստեղծած էր արտակարգ հետաքրքրութիւն մը։ Աննախադէպ երեւոյթ մըն էր Թուրքիոյ քաղաքական դաշտին վրայ համայնավար կուսակցութեան մը օրինական գետնի վրայ աշխատանք ծաւալելը։ Անցեալին Մարքսական գաղափարախօսութենէ ներշնչուած քաղաքական շարժումները հարկադրուած էին ընդյատակեայ գործունէութեան։ Իսկ հիմա քիչ մըն ալ նոր սահմանադրութեան ընդձեռած առիթներէն օգտուելով համայնավարները կը մասնակցէին ընտրութիւններու եւ շօշափելի արդիւնքներ կը ձեռքբերէին։ Այսպէս Թուրքիոյ բանուրական կուսակցութիւնը 1965-ի ընտրութիւններէն ետք յաջողեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայանալ 15 պատգամաւորներով։ Այդ տարիներու չափանիշներով 450 պատգամաւորներէ բաղկացող խորհրդարանին մէջ 15 պատգամաւորները թէեւ լուրջ համեմատութիւն մը չէին կազմեր, բայց անոնց դրսեւորած աշխոյժ ընդդիմութիւնը ամբողջովին կը զբաղեցնէր խորհրդարանի օրակարգը։ Այնքան որ իշխող Արդարութիւն Կուսակցութիւնը ճարահատ կը մնար անոնց դիմաց եւ յաճախ կը ստիպուէր բռնութեան դիմելու։ Այսօր ալ նոյն անունը կրող կուսակցութիւնը միայն չորս պատգամաւորներով կը ներկայանայ 600 պատգամաւորներէ բաղկացող խորհրդարանի մէջ եւ դարձեալ իշխանութեան շրջանակները կը պարտադրէ իրենց ընդդիմութեան դէմ բռնութեան դիմելու։
Հիմնադրութեան 61-րդ տարեդարձին ձօնուած միջոցառման ընթացքին ելոյթ ունեցաւ երեսփոխան Սերրա Քատըկիլ, որ խոստովանեցաւ իր մատնուած յուզումը, տեսնելով դահլիճի բազմութիւնը եւ տիրող մեծ ոգեւորութիւնը։ Յաճախ վանկարկումներով ընդհատուած իր ելոյթի աւարտին շեշտեց հետքրքրական համեմատութիւն մը. «Այս երկրի իշխանաւորները յաճախ կը շեշտեն երկրի 99 տոկոսին մահմետական ըլլալու պարագան։ Մենք մարդկանց հաւատքներուն հետ գործ չունինք, բայց մենք ալ ունինք նման սահմանում մը։ Մենք աշխատողներս, արտադրողներս 99 տոկոսն ենք, իսկ դուք յափշտակողներդ, լափողներդ 1 տոկոս միայն»։
Այս մէկտեղման ընթացքին երկու երաժշտական խումբեր ալ ելոյթ ունեցան։ Անոնցմէ առաջինն էր «Մողոլլար», որ ինք եւս բազում տասնամեակներու անցեալ ունի։ Բայց միշտ կը յաջողի նոր շունչով ներկայանալ հանդիսատեսին։ «Մողոլլար» անցեալին զանազան ալպոմներու ձայնագրութեան կամ համերգներու ընթացքին ընկերակցած էր ռաք երաժշտութեան անուանի երգիչ Ճեմ Քարաճային։ Իսկ այսօր կ՚ընկերակցէր որդւոյն՝ Էմրէ Քարաճային։
Օրուան երկրորդ երաժշտական խումբն էր «Պաժար»ը, որ ծանօթ է քրտերէն ռաք երաժշտութիւն կատարելով։
Միջոցառման վերջին ատենախօսն էր կուսակցութեան նախագահ Էրքան Պաշ, որ խիստ իմաստալից ելոյթով մը խօսք ուղղեց հանդիսատեսին, յատկապէս ընդգծելով կուսակցութեան հիմնադրութեան յաջորդող կարճ ժամանակի ընթացքին վայելած մեծ ժողովրդականութիւնը։ Անդրադարձաւ նաեւ ընդդիմադիր վեց կուսակցութիւններու նախագահներուն մէկ օր առաջ կայացած կլոր սեղանի հաւաքոյթին։ Քննադատեց այդ հաւաքոյթը կազմակերպողներու Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը անտեսելու կամ շրջանցելու ջանքերը։ Նշեց որ իր կուսակցութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան հետ երրորդ դաշինք մը ձեւաւորելու համար, որուն պիտի մասնակցին նաեւ ձախակողմեան այլ կուսակցութիւններ կամ շարժումներ։ Թուրքիոյ Բանունորական Կուսակցութիւնը իր նոր կազմով յոյսեր կը ներշնչէ հետզհետէ յետադիմականներու ծանրակշիռ դարձած Թուրքիոյ քաղաքական դաշտին վրայ։