Քաղաքական գործիչները իբրեւ կերպար շատ լուրջ փոփոխութիւն մը ապրեցան 20-րդ դարէն 21-րդ դար անցնելու ընթացքին։
Նախորդ դարու վերջերուն իրենց միտքը ու գործը որքան ալ կեղտոտ ըլլայ, իրենք որպէս կերպար պատուաւոր տպաւորութիւն կը թողէին ընկերութեան մէջ։ Կրթուած էր իրենց լեզուն ու վարքը։ Հասարակութիւնը «իմաստուն» բառի մարմնացումը կը տեսնէր իրենց մօտ։ Բայց ինչպէս նշուած է խորագրին մէջն ալ, կեղտը կպչուն է։
Այս բոլորը կը մտաբերեմ Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան Կիրնէ քաղաքին մէջ անուանի գործարար Հալիլ Ֆալյալըի սպանութիւնը լսելով։ Այդ անունը Թուրքիոյ մէջ վերջերս աւելի հանրածանօթ դարձած էր մի ուրիշ անուանի գործատէրի Սետաթ Փեքերի հրապարակումներու, աւելի ճիշդը խոստովանութիւններու հետեւանքով։ Սետաթ Փեքեր մինչեւ մօտ անցեալ Էրտողանի կառավարութեան գործակցող առաջատարր դէմքերու շարքին էր։ Հանրահաւաքներու ընթացքին գովասանքներ կը տեղացնէր նախագահի հասցէին եւ կոպիտ սպառնալիքներ կը տեղացնէր ընդդիմադիրներուն։ Եւ սակայն Ալլաատտին Չաքըճըի ազատ արձակուելով, հաւասարակշռութիւնները զգալիօրէն խանգարուեցան ի վնաս Սետաթ Փեքերին։
Այդ հանգրուանէն ետք ալ սկսաւ Սետաթ Փեքերի կառավարութեան կեղտոտ գործերուն մասին հրապարակումները։ Այդ զգայացունց հրապարակումներուն մէջ կը յիշուէր նաեւ Հալիլ Ֆալյալըի անունը։
Ահա մեր օրերու իրողութիւնը։ Յանցագործ աշխարհի երեւելիները թեւանցուկ կը քալեն պետական, դատական, անվտանգութեան համակարգներու բարձրաստիճան գործիչներուն հետ։
Ճիշդ է որ կեղտը կպչուն է եւ ձեռքերը թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան, մարմնավաճառքի, կողոպուտի, մարդասպանութեան, աւազակութեան կեղտերուն թաթախուածները դժուար թէ ճակատաբաց ըլլան ու պատիւով ներկայանան հասարակութեան։ Ձեռքերուն թաթախուած այդ կեղտը կը դրոշմուի նաեւ իրենց ճակատներուն եւ լուալով կարելի չէ ազատուիլ անկէ։
1974-ի Յուլիս ամսուն էր որ Թուրքիոյ բանակը յոյն ազգայնամոլ Նիկոս Սամսոնի ձեռնարկած իշխանափոխութիւնը պատրուակելով գրաւեց Կիպրոսի Հանրապետութեան թրքաբնակ հիւսիսային հատուածը։ Այսքանը բաւարար էր որ Արք. Եպիսկոպոս Մաքարիոսի նախագահութեան տակ ցուրտ պատերազմի բեւեռացումէն զերծ մնացած Կիպրոսի Հանրապետութիւնը կորսնցնէր իր այդ յատկութիւնը եւ պառակտուէր տեղի տալով կղզիի հիւսիսային տարածքին մէջ նոր պետութեան մը յայտնութեան։ Թուրքիա ողջունեց այդ պառակտումը նոր պետութիւնը իր ձագը համարելով։ Այդ պահուն բնաւ նկատի չունեցաւ ձագ կոչած երկրի ժողովուրդին արժանապատուութիւնը։ Ընդհակառակը իր երկրի բոլոր կեղտոտ գործերը իսկոյն փոխադրեց հոն եւ խրախուսած գաղթի միջոցաւ ալ խանգարեց երկրի բնակչութեան հաւասարակշռութիւնները։ Այսօր կղզիի հիւսիսային հատուածին մէջ բնիկ տեղացի թուրքերը փոքրամասնութիւն դարձած են նոր գաղթածներու դիմաց։ Իսկ այդ վերջինները ամբողջովին ենթակայ են Թուրքիոյ քաղաքական իշխանութիւններու թելադրանքներուն։
Ֆալյալըի սպանութիւնը նոր ապացոյց մըն է խաղաղ երկիր մը յանցագործութեան կիզակէտին բերելու առումով։
pakrates@yahoo.com