Տնտեսական ճգնաժամը վերջերս սկսած է աշխատողներու աշխատավարձի յաւելումի պահանջներուն իրարու ետեւէ յայտնութեան։ ԱՔՓ-ի իշխանութեան տակ անցած վերջին 20 տարիներու ընթացքին զգալիօրէն սահմանափակուած էին աշխատողներու արհմիութիւններու անդամակցութիւնը։ Աշխատանքային իրաւունքներու պահանջով կատարուած իւրաքանչիւր բողոք կը բախէր ոստիկանական բռնութեան։ Բայց սղաճի վերջին երեւոյթները, յատկապէս ելեկտրական հոսանքի եւ բնական կազի սակերուն անհամեմատ սղաճը տեղի տուած է աշխատողներու բողոքին։ Նուազագոյն աշխատավարձի 50 տոկոսով բարձրացումը հալած է սպառման նիւթերու գիներու շատ աւելի բարձր սղաճին դիմաց։ Այսպէս Թուրքիոյ բազմաթիւ հանրածանօթ ընկերութիւններէ ներս աշխատողներ կը դիմեն գործադուլի։ Աշխատավարձի բարձրացման պահանջով կատարուած այդ գործադուլերը երբ կը հասնին ակնկալուած արդիւնքին, խրախուսիչ կը դառնան ուրիշ օրինակներու համար ալ։ Ի վերջոյ ոստիկանական բռնութիւնն ալ սկսած է անբաւարար մնալ այդ պոռթկումներուն դիմաց։
Բացի աշխատողներէ, մանր առեւտուրով զբաղուող խանութպաններն ալ բողոքի արշաւ մը կը գործադրեն մանաւանդ ելեկտրական հոսանքի սակերուն հանդէպ։ Այս բոլորին մէջ դարձեալ օրակարգի եկած է ալեւիներու աղօթատեղիները, որոնք չեն վայելեր աղօթատեղիներուն, այսինքն մզկիթներուն եւ եկեղեցիներուն շնորհուած ձրի հոսանքի իրաւունքէն։ Իշխանութիւնը կը մերժէ ալեւիներու տաճարները աղօթատեղի համարել, քանի որ այդ մասին անցեալին մերժողական գտնուած էր Կրօնից Տեսչութիւնը։ Կառավարութիւնը այդ հաստատութեան հարցուցած էր թէ ալեւիներու տաճարը արդեօք կարելի՞ է աղօթատեղի համարել։ Իսկ տեսչութիւնը պատասխանած էր ըսելով թէ մահմետականներու աղօթատեղին մզկիթներն են։ Այժմ ալեւի կազմակերպութիւնները կոչ կ՚ընեն ելեկտրական հոսանքի վարձքերը չվճարելու համար։ «Այստեղ գործատեղի չէ, այլ աղօթատեղի։ Պիտի չվճարենք հոսանքի փոխարժէքը, եթէ կ՚ուզեն թող գան ու անջատեն» ըսուած է անհնազանդութեան կոչին մէջ։