«Ֆլայ Ուան Արմենիա» Օդային ընկերութիւնը նախորդ 2 Փետրուար չորեքշաբթի օր կատարեց դէպի Իսթանպուլ առաջին չուերթը։ Աւելի քան 60 ուղեւորներով Իսթանպուլի օդակայան վայրէջք կատարող ուղղաթիռը դիմաւորուեցաւ ծաղկեփունջերով եւ քաղցրաւենիի հիւրասիրութեամբ։ Ուղեւորներու մէջ էր նաեւ ընկերութեան տնօրէն Արամ Անանեան եւ իր հրաւէրին ընդառաջող խումբ մը լրագրողներ։
Արամ Անանեան յաջորդ օր Պոլսահայ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում մը ունեցաւ Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Մշտական Ներկայացուցչութեան գրասենեակին մէջ։ Տնօրէնը այդտեղ բացատրութիւններ տուաւ այս նոր ուղեգիծի ծրագրաւորան մասին։ «Ֆլայ Ուան Արմենիա» ընկերութեան միջոցաւ Երեւան ճամբորդել ցանկացողները տոմսերը պիտի հայթայթեն ընկերութեան կայքէջի միջոցաւ։
«Տոմսերու արժէքը ճշդուած է 39 Եւրոյէն սկսեալ գիներով։ Մէկ ուղղութեան համար ճշդուած այս գինը երթ ու դարձի պարագային մինչեւ 20 քկ.-ի ճամբրուկով կը հասնի 100 Եւրոյի» պարզեց Արամ Անանեան։
Հայկական ընկերութեան վայրէջք կատարած այդ նոյն օր երեկոյեան ժամերուն թրքական «Փեկասուս» ընկերութիւնն ալ Սապիհա Կէօքչեն Օդակայանէն մեկնելով կը կատարէր դէպի Երեւան իր առաջին թռիչքը։ Տեղական մամուլը փոխադարձ թռիչքներու սկսիլը վերագրեց 14 Յունուար 2022-ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բանագնացներու Մոսկովեան հանդիպումով մեկնարկող երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Նման տպաւորութիւն մը ստեղծուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ։ Մինչդեռ Իսթանպուլ-Երեւանի միջեւ թռիչքները ունին աւելի քան քառորդ դարի անցեալ մը։
Երկու քաղաքներու միջեւ կանոնաւոր երթեւեկութիւնը կանգ առած էր ոչ քաղաքական պատճառներով, այլ՝ «Ատլաս Կլոպալ» ընկերութեան սնանկացման հետեւանքով։ Այդ ընդհատումին վրայ հասաւ 2020-ի տարեսկիզբէն սկսեալ ամբողջ աշխարհը իր ճիրաններուն մէջ առած Քովիտ 19-ի համավարակը։ Որոշ ժամանակ ընդհատուեցան աշխարհի երեսին բոլոր թռիչքները, գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով։ Անշուշտ որ յատկապէս Թուրքիոյ հայութեան համար ուրախ առիթ եւ ողջունելի զարգացում մըն է Հայաստանի հետ օդային կապի վերահաստատումը։ Պարտինք նշել նաեւ թէ Երեւան-Իսթանպուլ թռիչքներէն մեծագոյնս օգտուողները Հայաստանի առեւտրական շուկայի գործիչներն էին, որոնք բաւական տուժած էին զրկուելով ճամբորդութեան այդ հեշտագոյն եղանակէն։ Իսկ բանագնացներու հերթական հանդիպումները ինչ դրական արդիւնքներ պիտի ունենան առ այժմ անյայտ է։