Վանի Արտամէտ գաւառի մէջ անուանի հայ գեղանկարիչ Արշիլ Կորքիի յիշատակին կառուցուած աղբիւրը օրըստօրէ կը մաշի անխնամութեան պատճառաւ։ Ընտրուած քաղաքապետի պաշտօնանկութենէ ետք նշանակուած տեղապահի օրով նախ քանդուեցան աղբիւրի չորս ծորակները, ապա վերացան նկարիչ Արշի Կորքիի կենսագրութիւնը թրքերէն, հայերէն, քրտերէն եւ անգլերէն ըլլալով ներկայացնող յուշաքարը։
Նոյնպէս վնասուած է «Կորքիի Աղբիւրը» գրութիւնը։ Պատգամաւոր Կարօ Փայլան վերջերս կրկին անգամ այցելած է աղբիւրը եւ անոր տխուր վիճակը տեսնելով յայտնած է թէ այս անարգանքը պիտի փոխանցէ Խորհրդարանի օրակարգին եւ բացատրութիւն պիտի պահանջէ պատասխանատուներէն։