ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
ishanerdinc@gmail.com
Պարսպապատուած է Սեբաստիոյ Կամարակ գաւառի հայկական գերեզմանը։ Կամարակի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ նախորդ ամիս մեկնարկած պարսպապատման աշխատանքները աւարտին հասած է։ Գերեզմանատան պարսպապատումը գոհունակութիւն պատճառած է նաեւ գաւառի բնակչութեան։ «Ակօս»ին բացատրութիւններ տուող Կամարակի քաղաքապետ Ռեմզի Քըլըչտաղը նշած է, որ պարսպապատումէն ետք յաջորդ աշխատանքը պիտի ըլլայ ծառատունկը։ Մօտաւորապէս 5 արտավար տարածք զբաղեցնող գերեզմանը նախորդ քաղաքապետներու շրջանին անտեսուած էր։ «Կամարակի նախկին հայ բնակիչներու այս մասին պահանջները նկատի առնելով ձեռնարկած ենք այս աշխատանքին։ Հիմա կը պատրաստուինք գերեզմանատան մուտքի դարպասի շինութեան։ Կ՚ակնկալեմ որ նախկին կամարակցի հայերն ալ աւելի մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերեն իրենց անցեալը խորհրդանշող այս տարածքին հանդէպ» ըսած է քաղաքապետ Ռեմզի Քըլըչտաղը։