Գրողներու «Փեն» համաշխարհային միութիւնը նախորդ տարի նշեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Միութեան 68-րդ համագումարին կայացած որոշումով մը 14 Փետրուարը նշուած է իբրեւ Պատմուածքի Միջազգային Օր։ Այս տարի սոյն օրուայ յայտարարգիրը գրելու հրաւիրուած էր թերթիս հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։ Էսդուգեանի խմբագրած յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով։
Բացի այդ, նոյն շրջագծի ծիրէն ներս 19-րդ Անգարայի Միջազգային Պատմուածքի օրերը պիտի կայանան 20-28 Մայիս 2022 թուականին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Բագրատ Էսդուգեանի խմբագրած յայտարարագրին հայերէն տարբերակը։
Պապը կամ տատը այլ տեղ, հայրը կամ մայրը ուրիշ տեղ հողին յանձնուած, ինք տարբեր եւ հաւանաբար զաւակները բոլորովին տարբեր վայրեր թաղուելիք մարդիկ ճանչցայ։ Դրամի իշխանութեան տակ մարդիկ կը հարկադրուին իրենց ծնած, աճած հողերը լքելով օտար երկիրներ թափարելու։ Գաղթը եւ գաղթականութիւնը օտարութեան մէջ նոր զրկանքներ, ուծացում եւ այլասերում կը պարտադրէ անհատին։ Անձը գաղթի ճամբուն վրայ կը կորսնցնէ զինք շրջապատող մշակութային ենթահողը ու ի ծնէ ծանօթ կենցաղը։ Պատմելը արգելք է մոռացութեան, կամ յիշելու երաշխիքը։ Պատմուածքը բեռնէ բերան, գրչէ գրիչ շրջելով հին ապրումներու, պատմութեան, նախնիներու, կարճ խօսքիով արմատներու կը կապէ մեզ։
Հինգ դար առաջ Իպերեան թերակղզիէն վտարուածներու, հարիւր յիսուն տարի առաջ Կովկասեան լեռներէն պոկուելով Սեւ Ծովու ալիքներուն կեանքեր զոհաբերողներուն, Պալքանեան ապաստանեալներուն թոռները այսօր նողկանքով կը նային Սուրիայէն, Աֆղանստանէն, Իրաքէն փախչելով եկած գաղթականներուն։ Միջերկրականի ծովափին խեղդամահ եղած գաղթականի մը մարմինը ծածկած են քուրչերով ու կը սպասեն դատախազի քննութեան, մինջ անմիջապէս կողքին զբօսաշրջիկներ կը շարունակեն վայելել արեւի ջերմութիւնը կամ ծովու հմայքը։ Պոտրումի ծովեզրին չորսամեայ երախայի մը անշումչ մարմինը գրկած զինուորի արցունքը սառած է այտերուն։ Իսկ այդ ոճիռի հեղինակ քաղաքական գործիչներ նոյն նկարին նայելով կոկորդիլոսի արցունքներ կը հոսեցնեն։
Համաշխարհային քաղաքականոթեան ստեղծած այս խաւարին մէջ արուեստն է որ կը ձգտի հոգիները սփոփելու։ Գրականութիւնն է որ պիտի դպչի մարդկային զգացումներու, խղճի եւ ի վերջոյյ մտքին։ Արգելք պիտի ըլլայ սրտերու սառուցման, չարիքի հետ հաշտուելու։
Անգարա Պատմուածքի Օրերու այս տարուայ գլխաւոր նիւթին գաղթն ու գաղթականութիւնը ըլլալով ճշդուիլը, մերօրեայ իրողութիւնը մատնանշելու առումով խիստ իմաստալից է։ Մարդուն մարդը հասկնալուն, խիղճերուն չժանգոտելուն ու չարիքին վերացման յոյսով...
Պատմուածքը արձակ գրականութեան իրատես եղանակն է։ Ան հայելի մըն է մեր դիմաց։ Խօսքը կ՛ուղղէ ընթերցողին եւ զայն ալ կը ներքաշէ երկը խոսութեան։ Միջոց կը դառնայ «այլէ համարուածը ընկալելու։ Գրական այս ոճը ուշադրութեան կիզակէտին բերելու եւ ողջունելու համար առիթ մըն է 14 Փետրուար թուականը, որ ձօնուած է Պատմուածքի Համաշխարհային Օրուան։