ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մակարդակ

Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագահ Ռե­ճեփ Թայյնպ Էր­տո­ղան կը սի­րէ հարստու­թեան ցու­ցադրու­թիւնը, իբ­րեւ փառք ու պա­տիւ։ Այս հա­մոզու­մը իր մօտ մո­լուցքի մը վե­րածո­ւած է եւ շռայլ ցու­ցա­մոլու­թեան վե­րաբե­րեալ քննա­դատու­թիւննե­րը կը մեր­ժէ «Պա­տիւէն խնա­յողու­թիւն չըլ­լար» ըսե­լով։ Հան­րա­պետա­կան շրջա­նի ոչ մէկ նա­խագահ ցան­կութիւն յայտնած էր պա­լատի մէջ ապ­րե­լու հա­մար։ Նա­խագա­հական նստա­վայ­րը սո­վորա­բար Չան­քա­յայի ապա­րանքն էր, որ յափշտա­կուած էր հայ մե­ծահա­րուստ ըն­տա­նիքէ մը։ Այդ ապա­րան­քը չէր կրցած գո­հաց­նել Էր­տո­ղանի ակնկա­լու­թիւննե­րը եւ ան մայ­րա­քաղա­քի կեդ­րո­նին սար­քեց իրեն յա­տուկ պա­լատ մը։ Այ­սօր Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեանի կամ Վճռա­բեկ Ատեանի հան­դի­սաւոր նիս­տե­րը կը կա­յանան Պեշ­թե­փէյի պա­լատին մէջ։ Նոյնպէս Նա­խարա­րաց Խոր­հուրդն ալ իր նա­խագա­հու­թեամբ կը հա­ւաքո­ւի նոյն վայ­րը։

Կայ նաեւ աւե­լին, Էր­տո­ղան բա­ցի Պեշ­թե­փէյի պա­լատէն երկրի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ ու­նի ամառ­նա­յին ու ձմեռ­նա­յին պա­լատ­ներ։

Հե­ռուստա­կայան­նե­րը կամ գրա­ւոր մա­մու­լը կը հրա­պարա­կէին անոր ոս­կե­զօծ կա­հոյ­քը եւ իբ­րեւ բաղ­դա­տու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէին, այլ եր­կիրնե­րու հա­մապա­տաս­խան կա­ռոյցնե­րու պարզ ու շքեղ, հա­մեստ բայց շատ ճա­շակա­ւոր կա­հոյ­քին հետ։

Յայտնի է որ այդ բո­լորը բա­ւարար չեն եղած նա­խագա­հին ակնկա­լած փառք ու պա­տիւը ապա­հովե­լու հա­մար։ Ընդ հա­կառակ իր բռնա­տիրա­կան վար­չա­ձեւը վար­կազրկման պատ­ճառ կը դառ­նայ ամ­բողջ աշ­խարհի ղե­կավար խա­ւերուն դի­մաց։

Երկրէ ներս ալ հա­սարա­կու­թեան հա­կումնե­րը բնո­րոշող հար­ցա­հոյզնե­րը կ՚ապա­ցու­ցեն թէ օրըս­տօ­րէ կը նո­ւազի իր եւ իր գլխա­ւորած կա­ռավա­րու­թեան հան­դէպ զօ­րակ­ցութիւ­նը։ Էր­տո­ղան այս պա­հուն փո­խանակ ժո­ղովուրդը գո­հաց­նող լու­ծումներ առա­ջար­կե­լու, կը սաստկաց­նէ իր վար­չա­մեքե­նան։ Կը դի­մէ ընդդի­մադիր­նե­րը հա­լածե­լու հա­մար անըն­դունե­լի եղա­նակ­նե­րուն։ Անոնցմէ մէկն էր որ պա­տահե­ցաւ նա­խորդ շա­բաթա­վեր­ջին, երբ Էր­տո­ղանի Տրա­պիզո­նի հան­րա­հաւա­քի ըն­թացքին տաս­նա­մեայ երա­խայ մը նա­խագա­հին եր­կա­րած բարձրա­խօսը առ­նե­լով ժո­ղովուրդին խօսք ուղղեց գլխա­ւոր ընդդի­մադիր կու­սակցու­թեան նա­խագա­հը դա­ւաճան կո­չելու հա­մար։ Այդ պա­հուն լայն ժպիտ մը յայտնո­ւած էր Էր­տո­ղանի եւ շուրջին­նե­րուն դէմ­քե­րուն։

Երկրէ ներս քա­ղաքա­կան քա­րոզ­չութիւ­նը հետզհե­տէ մա­կար­դա­կի ան­կում կ՚ապ­րի։ Այդ ան­կումի հե­ղինակն է նա­խագահ Էր­տո­ղան, քա­նի որ տի­րող սղա­ճը, գոր­ծազրկու­թիւնը եւ այդ բո­լորէն ծա­գած ըն­կե­րային դժգո­հու­թիւնը հան­դարտեց­նե­լու հա­մար ու­րիշ եղա­նակ մը չու­նի իր ձեռ­քին։ Հե­տեւա­բար իր ար­դէն նա­խապէս ալ սի­րած բե­ւեռաց­ման ռազ­մա­վարու­թիւնը ալ աւե­լի թափ ստա­ցած է յու­սա­լով իր հան­դէպ հա­ւատար­մութիւ­նը պա­հած շրջա­նակ­նե­րու են­թարկո­ւածու­թիւնը ապա­հովե­լու։

Մա­կար­դա­կի անկման կա­րեւոր հե­տեւանքնե­րէն մէկն ալ յատ­կա­պէս երի­տասարդ ու ու­սեալ զան­գո­ւածին երկրէ ներս ապա­գայ մը չտես­նե­լով ար­տա­գաղ­թե­լու երե­ւոյ­թն է։ Անոնց մէջ կա­րեւոր տեղ կը գրա­ւեն բժիշկնե­րը, որոնցմէ միայն բախ­տա­ւոր­նե­րը գաղ­թած երկրին մէջ իրենց աս­պա­րէզը կը շա­րու­նա­կեն։ Իսկ ոմանք ալ կը հար­կադրո­ւին իրենց ու­սումը մէկ կողմ դնե­լով պա­տահած աշ­խա­տան­քը ստանձնե­լու։

Բա­ւական սուղ ար­ժած է նա­խագահ Էր­տո­ղանի կրօ­նամէտ վար­չա­ձեւը եւ եր­կի­րը բո­լոր ցու­ցա­նիշ­նե­րով նա­հան­ջած է հա­մաշ­խարհա­յին քար­տէ­սին վրայ։

pakrates@yahoo.com