Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան փոխանորդ Անտրէաս Քացանյոթիս նախորդ շաբաթ Իսթանպուլ այցելեց եւ մասնակցեցաւ Իմրոզ կղզիի մէջ Յունաց Տիեզերական Պատրիարքի մատուցած Սուրբ Պատարագին։ Այս առթիւ «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեան գրաւոր կերպով հարցումներ ուղղեց նախարարի փոխանորդին եւ ստացաւ բովանդակալից պատասխան։
Տանձիկեան նախ կը հարցնէր Թուրքիոյ յոյն համայնքի կարեւորագոյն խնդիրները, որոնց կարգին նշելով նաեւ Հէյպելի Կղզիի Հոգեւոր Ճեմարանի հարցը։ Հիւր դիւանագէտը նախ ընդգծեց յոյն փոքրամասնութեան բազմադարեան գոյութիւնը։ Գոհունակութիւն յայտնեց որ պետութեան յարատեւ ճնշումներուն դիմաց այդ համայնքը թէեւ բնակցութեան թիւով նուազած, կը շարունակէ իր գոյութիւնը ուժգնօրէն պահելու։ Ան անդրադարձաւ 2013 թուականէն ի վեր առկախուած համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններու ընտրութեան խնդրին։ Դիտել տուաւ նաեւ թէ Թուրքիա քրիստոնեայ քաղաքացիներու դէմ անոնց կրօնական ազատութիւններու առումով եւս խնդիրներ կ՚ապրի։ Այդ խնդիրներուն կարեւորագոյնն է Յունաց Պատրիարքի Տիեզերական կոչումի մերժումը եւ իրաւական հանգամանքի զլացումը։ «Հոգեւոր Ճեմարանի վերաբացման համար որեւէ յառաջընթաց չէ արձանագրուած եւ այս երեւոյթն ալ հիասթափութիւն կը պատճառէ։ Դժբախտաբար Թուրքիա այս նիւթին մէջ անիմաստ կերպով փոխադարձութեան սկզբունքի մասին կը խօսի։ Այսպէսով ալ համաշխարհային հասարակութեան որդեգրած մարդու իրաւունքներու եւ հիմնական ազատութիւններու առումով վիճելի կը դառնայ»։
Պատասխանելով Հոգեւոր Ճեմարանի վերաբացման համար երկու երկիրներու կառավարութիւններու միջեւ բանակցութեան գործընթաց մը ըլլալու մասին հարցումին, Քացանյոթիս պարզեց թէ այս նիւթը երկու երկիրներու միջեւ խնդիր մը չէ, այլ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ Թուրքիոյ ամայնքի միջեւ։ «Նիւթը կը վերաբերի Թուրքիոյ Կառավարութեան իր քրիստոնեայ քաղաքացիներու հանդէպ պատասխանատուութիւններուն։ Այդ առումով ալ բարձրաձայնուած է զանազան երկիրներու եւ Յունաստանի կառավարութիւններու կողմէ»։
Հիւր դիւանագէտը նշած է թէ Լոզանի Դաշնագրի ստորագրութեան շրջանին Պոլսոյ յոյն համայնքի բնակչութիւնը կը հասնէր 120 հազարի։ Այսօր այդ նոյն համայնքը նուազած է մինչեւ 2 հազարի սահմաններուն, մինչդեռ արեւմտեան Թրաքիոյ թուրքերը կը պահեն Լոզանի Դաշնագրի ստորագրուած օրերու բնակչութիւնը։
Ան նաեւ անդրադարձած է Անտիոքի արաբախօս ուղղափառ համայնքի Պոլսոյ յոյներու հետ ապահոված շինիչ մերձեցումին։ «Ուրախ եմ որ անոնք կը նախընտրեն Պոլսոյ յունաց վարժարանները յաճախել եւ որոշ կենսունակութիւն փոխանցել համայնքին» նշած է Քացանյոթիս։
Վերջապէս ան զօրակցութիւն յայտնած է Իմրոզ կղզիի յոյն բնակչութեան։ Ողջունած է այնտեղ ծաւալող դպրոցաշինական աշխատութիւնները։ «Կրթութեան Նախարարութեան հետ համագործակցելով պիտի շարունակենք ուսուցչական անձնակազմը ապահովել եւ կղզիի վրայ նոր ընտանիքներու գոյացման սատարել։ Անշուշտ այդ ընթացքի մէջ պիտի շարունակենք նաեւ Թուրքիոյ ստանձնած պարտականութիւնները եւ խոստումները յիշեցնելու եւ կղզիաբնակ յոյներու ենթարկուած անարդարութիւնները մատնանշելու։ Լոզանի Դաշնագրի 14-րդ յօդուածի ապաւինելով քրիստոնեայ բնակչութեան իրենց ու ինչքերուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար Թուրքիոյ տեղւոյն տարրերէն բաղկացող յատուկ վարչութեան մըն ալ հաստատման կարեւորութիւնը»։