Մազլում Սերին անուն անձը 23 Մայիս 2020 թուականին պոկած էր Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մուտքի դրան վերեւ գտնուող խաչը։ Յանցագործը բերման ենթարկուած է ու ապա Գարթալ, 64-րդ Հիմնարար Պատժական Ատեանի մէջ դատուած եւ 14 Յուլիսին ալ աղօթատեղիներու եւ գերեզմաններու վնաս պատճառելու յանցանքով դատապարտուած էր մէկ տարի չորս ամիս ազատազրկման։ Այդ որոշումէն ետք նոր զարգացում մը ապրուեցաւ յանցագործի մօր դէպքի թուականին իր որդւոյն խելքի կարողութիւններուն տկար ըլլալուն մասին պնդումով։ Մայրը կը պահանջէր դատավարութեան կրկնութիւնը։ Դատարանը այս առարակութիւնը նկատի ունենալով որոշեց դատավարութեան կրկնութիւնը։
Այս մասին «Ակօս»ին բացատրութիւններ տուող փաստաբան Եասէմին Պալ յայտնեց թէ դատավարութիւնը պիտի կայանայ 8 Ապրիլ 2022 թուականին դարձեալ նոյն դատարանին մէջ։ Փաստաբան Պալ յայտնեց թէ յանցագործը նախապէս յայտնած էր թէ կը տառապի շաքարախտէ եւ սրտի անբաւարարութենէ։ «Ան չէր արտայայտուած շիզոֆրեն ըլլալու մասին։ Թէեւ շիզոֆրենները ընդհանրապէս կը մերժեն այդ ախտաճանաչումը։ Այս պահուն մեզի համար աւելի ուշագրաւ է թէ արդեօք զինք այդ արարքին մղող ուրիշներ ալ կա՞ն, թէ ոչ։ Որովհետեւ Իսթանպուլի նման քաղաքի մը մէջ շատ ալ հաւանական չէ նման ոտնձգութիւն մը»։
Փաստաբանը նաեւ պարզեց թէ յանցագործի մայրն ալ որդւոյն շիզոֆրեն ըլլալուն մասին որեւէ փաստաթուղթ չէ ներկայացուցած։ «Առանց փաստացի տուեալի մը առկայութեան դատավարութեան վերսկսիլն ալ օրինական չէ։ Այս դատը խորհրդանշական իմաստ ունի։ Ան միաժամանակ կը պարզէ երկրէ ներս տարբեր հաւատքներու ուղղեալ անարգանքի դիմաց դատական համակարգի մերձեցումը»։