Ձիւնածածկ Պոլիսը իր հոգերով

Թուրքիա ըն­դարձակ եր­կիր է թէեւ եւ այդ աշ­խարհագ­րա­կան տա­րած­քի կա­րեւոր մէկ մա­սը ձմրան եղա­նակը կ՚անցնէ բա­ւական սաս­տիկ։ Երկրի արե­ւելեան նա­հանգնե­րու մէջ բազ­մա­թիւ ճամ­բա­ներ անան­ցա­նելի կը դառ­նան, բայց ձիւ­նը միայն Իս­թանպուլ հաս­նե­լով է որ օրա­կար­գի առա­ջին նիւ­թը կը դառ­նայ։ Սո­վորոյ­թը այս տա­րի ալ կրկնո­ւեցաւ եւ Իս­թանպուլ տե­ղացող ձիւ­նը ան­դա­մալոյծ դար­ձուց ամ­բողջ քա­ղաքը։ Ար­գի­լուե­ցաւ ինքնա­շարժնե­րու Իս­թանպուլ մուտքը։ Աւե­լի կա­րեւո­րը ան­գործա­ծելի դար­ձան այս մեծ քա­ղաքի եր­կու օդա­կայան­նե­րը։ Բազ­մա­հազար ու­ղե­ւոր­ներ բան­տարկո­ւած մնա­ցին Իս­թանպու­լի օդա­կայա­նին մէջ, քա­նի որ թէ թռիչ­նե­րը չե­ղար­կո­ւած էր եւ թէ օդա­կայա­նը քա­ղաքին կա­պող միակ ճա­նապար­հը անան­ցա­նելի դար­ձած։

Հա­կառակ որ օդե­րեւա­բանու­թեան մաս­նա­գէտ­ներ կան­խազգու­շա­ցու­ցած էին, քա­ղաքը եւ քա­ղաքա­ցինե­րը ան­պատրաս­տից մնա­ցին ձիւ­նամրրի­կին դի­մաց։ Բա­ցի օդա­կայա­նէն միջ­քա­ղաքա­յին մեծ ճա­նապարհնե­րու վրայ ալ երթե­ւեկու­թիւնը բո­լորո­վին դադ­րե­ցաւ եւ մար­դիկ մնա­ցին սա­ռելու վտան­գին հետ դէմ յան­դի­ման։

Իս­թանպու­լի քա­ղաքա­պետ Էք­րեմ Իմա­մօղ­լու, որ ամ­բողջո­վին լծո­ւած էր ար­տա­կարգ իրա­վիճա­կը հսկե­լու աշ­խա­տու­թեան, մէկ ժա­մով հե­ռացաւ այդ աշ­խա­տան­քէն եւ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Անգլիոյ Ան­գա­րայի դես­պա­նին հետ։ Այդ հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ձկնե­ղէնի ճա­շարա­նի մը մէջ եւ իշ­խա­նամէտ մա­մուլն ալ առիթ հա­մարեց քա­ղաքա­պետը հա­լածե­լու հա­մար։ «Քա­ղաքը ձիւ­նի անձնա­տուր եղած պա­հուն, քա­ղաքա­պետը քէյֆ կ՚ընէ» խո­րագի­րով։ Հա­ղոր­դո­ւած լու­րե­րու իրո­ղու­թիւնը շու­տով պար­զո­ւեցաւ նոյ­նինքն քա­ղաքա­պետի կող­մէ։ Ան մա­մու­լին պար­զեց թէ վա­ղուց պայ­մա­նաւո­րուած էին դես­պա­նին հետ եւ ան այս հան­դիպման հա­մար յա­տուկ ժա­մանած էր Իս­թանպուլ եւ ինք ալ այդ խտա­ցեալ աշ­խա­տան­քին մէջ միայն մէկ ժամ տրա­մադ­րած էր դես­պա­նի հետ ճա­շելու հա­մար։

Բե­ւեռաց­ման քա­ղաքա­կանու­թիւնը իր հետ կը բե­րէ զրպար­տութիւննե­րով յա­գեցած քա­րոզ­չութիւն մը, որ իր բո­լոր ապա­տեղե­կատո­ւական բնոյ­թով իսկ կը շա­հագոր­ծո­ւի իշ­խա­նու­թեան կող­մէ։ Թե­րեւս բա­րեբախ­տութիւն է, որ եղա­նակա­յին այս աղէ­տը տե­ղի ու­նե­ցաւ դպրոց­նե­րու ուսման տա­րեկէ­սի ար­ձա­կուրդի օրե­րուն։ Իսկ Կու­սա­կալու­թիւնը եր­կուշաբ­թի եւ երեք­շաբթի օրե­րը ոչ աշ­խա­տան­քա­յին օր հռչա­կեց պե­տական հաս­տա­տու­թիւննե­րու անձնա­կազ­մին հա­մար։ Բա­ցառո­ւած էին միայն առող­ջա­պահա­կան եւ փո­խադ­րութեան ոլորտնե­րու աշ­խա­տող­նե­րը։ Ըստ փո­խան­ցո­ւած տե­ղեկու­թեան Իս­թանպո­լի մէջ ձիւ­նի ազ­դե­ցու­թիւնը հետզհետէ պիտի նուազի շաբաթավերջի օրերուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ