Նախորդ շաբաթ Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ զբաղեցուց նախագահ Էրտողանի երգչուհի Սեզեն Աքսուի ուղղեալ սպառնական ելոյթը։
Էրտողան պաշտպանելով Ադամ եւ Եւայի սրբութիւնները, առանց անուն նշելու ըսաւ որ իրենց պարտականութիւն կը վիճակի այդ սրբութիւններու ուղղեալ նախատինք արտասանող լեզուները պոկել։ Այս ցնցիչ սպառնալիքէն վերջ ընկերային ցանցերու վրայ բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ յայտնուեցան, որոնք կը զօրակցէին երգչուհի Սեզեն Աքսուի։ Իսկ Աքսու այդ նոյն ուրբաթ գիշեր «Որսորդ» խորագիրով բանաստեղծութիւն մը հիւսեց եւ հրապարակեց։
«Արաս» հրատարակչատան գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշ իսկոյն հայերէնի թարգմանեց այդ բանաստեղծութիւնը եւ «Թուիթըր»եան գրառումով մը հրապարակեց իբրեւ ներքնատող նշելով թէ ինչ լաւ կրնար ըլլալ, եթէ այդ բանաստեղծութիւնը թարգմանուէր նաեւ Թուրքիոյ մէջ խօսուած բոլոր լեզուներուն։ «Այս մէկը կոչ մը չէր, այլ երազանք միայն։ Այդ պահուն ես ալ չէի կրնար ենթադրել թէ այդ ցանկութիւնը այսքան լայն արձագանգի կ՚արժանանայ» կ՚ըսէ Ռոպէր Քոփթաշ «Սերպեստիյեթ» եւ «t24» կայքերուն տուած հարցազրոյցի ընթացքին։ «Մեծ բան մը չէինք ըրած, բայց լաւ բան մը ըրինք»։ Քոփթաշ համեստօրէն այսպէս կը բացատրէ իրմով մեկնարկած արշաւը։ Իսկ եթէ նկատի ունենանք թէ հայերէն թարգմանութիւնը այդ նոյն գիշեր արժանացաւ 28 նոր թարգմանութիւններու։ Կիրակի առաւօտուայ ժամերուն թարգմանուած լեզուներու թիւը հասած էր 35-ի։ Նոյն օրուայ աւարտին թարգմանուած լեզուներու թիւը հասած էր 51-ի եւ երկուշաբթի առաւօտ ալ 56-ի։ Կը տեսնենք թէ եղածը բաւականին մեծ բան մըն է նաեւ։ «Ամէն ինչ այնքան պարզունակ ու բնական ընթացաւ որ, տեղի տուաւ ուրախ տրամադրութեան եւ յայտնուեցան օրինակի համար մորսի այբուբենով, էսփերանթոյով եւ էլֆերու լեզուով թարգմանութիւններ ալ։ Հայերէնի յաջորդող առաջին թարգմանութիւնը Զմիւռնիոյ մէջ խօսուող յունարէնի տարբերակ մը եղող սմիրնէիքային յաջորդեցին քրտերէն, արաբերէն, յունարէն, անգլերէն թարգմանութիւնները։ Կայ նաեւ «հակառակերէն» թարգմանութիւնը, որ կազմուած է բառերու տառաշարութեան հակառակ ընթերցումով։ «Ակօս»ի անձնակազմէն Զաքարիա Միլտանօղլու ալ ներկայացուց, այլ տարբերակ մը, որն է հայատառ թրքերէնը»։
Ռոպէր Քոփթաշի հետ զրոյցի ժամանակ կ՚իմանանք որ իր «Թուիթըր»եան գրառումին արձագանգած են աւելի քան չորս միլիոն օգտատէրեր։
Շուտով պարզուեցաւ որ Էրտողան ինք ալ ուրախ է իր այդ ելոյթին այսքան լայն հակազդեցութեան արժանանալէն, քանի որ կուսակցութենէ ներս կը տիրէ օրակարգ ձեւաւորելու կարողութեան վերահաստատման մասին համոզում։ Բայց անստոյգ է, որ օրակարգին բռնութեան սպառնալիքներով ձեւաւորումը ի՞նչ նպաստ պիտի բերէ Էրտողանի իշխանութեան։