30տարուայ պատմութեան մէջ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները նոր փուլի մը շեմին են։
Բնականոնացման գործընթացը մեկնարկեց 14 Յունուարին երկու բանագնացներու, Թուրքիոյ կողմէ նախկին աւագ դեսպան Սերտար Քըլըչի եւ Հայաստանի անունով ալ Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան հանդիպումով։
Այս զարգացումը անակնկալի մը տպաւորութիւնը կը թողու, թէ Հայաստանի հասարակութեան եւ թէ հայկական սփիւռքի քաղաքական շրջանակներէ ներս։ Մտահոգութիւններ կը ծաւալին «Կարելի՞ է թուրքին վստահիլ» կամ «Թուրքերը անկե՞ղծ եմ, առանց նախապայմանի բանակցելու» հարցումներու շուրջ։ Ապա կը յաջորդեն այս բանակցութիւններու հետեւանքով Արեւմտեան Հայաստանէ հրաժարելու կամ ցեղասպանութիւնը ժխտելու ազդանշաններ որոնելու ջանքերը։
Դիւրաւ կարելի է տեսնել թէ այս առարկութիւնները իրաւացի հիմքերէ զուրկ են եւ օրակարգի կու գան իշխող կուսակցութիւնը հալածելու նպատակաւ։ Պարտինք նշել թէ Արեւմտեան Հայաստանը պատմութեան շատ երկար դարերու ընթացքին արդէն խլուած էր մեզմէ եւ մենք դարձեալ զայն կը կոչէինք հայրենիք, քանի որ տիրող թագաւորէն անկախ մենք կը գոյատեւէինք մերը համարած երկրին վրայ։ Ապա թէ ոչ նախ հռովմէացիք, յետոյ Սելչուկեան եւ Օսմանեան թուրքեր արդէն նուաճած էին Հայաստանը եւ մեր ժողովուրդն ալ վերածած ճորտի։ Հայը իբրեւ շինարար ժողովուրդ ստրկութեան պայմաններուն իսկ կը յաջողէր զարգացնել իր բնօրրանը։ Մշակոյթով ու արուեստով կը զօրանար իր հարազատ գետնի վրայ, ընդմիշտ զուրկ մնալով պետականութենէ։ Հետեւաբար Արեւմտեան Հայաստանէն հրաժարելու նիւթը աւելի քան 1500 տարիներու պատմութիւն մըն է, որուն հաշիւը կը պահանջեն Հայաստանի այժմու իշխանութենէն։
Այս պահուն մեզի համար աւելի մեծ նշանակութիւն ունի իմանալ ու հասկնալ թէ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ բաց սահմաններու առկայութիւնը ի՞նչ հետեւանք պիտի ունենայ Հայաստանի սահմանափակ տնտեսական կարողութիւններուն վրայ։ Այսօր տիրող վախը թրքական արտադրութեան Հայաստանի շուկան նուաճելու մասին է։ Անշուշտ որ կայ նման հաւանականութիւն, որը կանխելու եղանակը ոչ թէ փակ սահմաններու ետին պահուըտիլն է, այլ ներկայ համակարգի պահանջած մրցունակութեան համարձակիլը։ Հայաստանի համար էական նշանակութիւն ունի ճարտարագիտական արդիւնաբերութիւնը։ Պէտք է իմանանք որ ներդրում կոչուածը որքան ատեն որ կը սահմանափակուի նոր ճաշարան, հարսանիքի սրահ կամ սգասրահ բանալով դոյզն իսկ չի կրնար նպաստել երկրի զարգացման։ Այս պահուն աւելի էական նշանակութիւն ունի արտադրութեան աճը եւ այդ արտադրանքի մրցակցական կարողութիւնը։ Սա երկու սկցբունքներէ կախեալ է, առաջինը բիզնըս կոչուած խաբեբայութեան փոխարէն նախապատուել արտադրութիւնը եւ երկրորդը այդ բոլորը կեանքի կոչել պետականութեան գիտակցութեամբ։ Ներդրումները եւ արտադրական շուկայի աճը նախ կը կարօտի օրինականութեան։
Հայաստանի արդարադատական համակարգը եթէ զուրկ մնայ վստահութիւն ներշնչելէ, իզուր կը մնայ ներդրումներու յոյսը։ Հայաստան իբրեւ երկիր ունի լուրջ կարելիութիւններ ու կարողութիւններ։ Անոնց շահագործման պիտի կարօտինք պետական մտածելակերպի եւ անոր համապատասխան լուծումներու։ Այդ բոլորի ապահովուած գետնի վրայ բաց սահմանները եւ ազատ առեւտուրը ո՛չ թէ սպառնալիք, այլ նոր առիթներ պիտի նշանակեն։
pakrates@yahoo.com