Պոլսահայ ընկերական կեանքի աւանդութիւններէն մէկն է դպրոց ունեցող եկեղեցիներու ի նպաստ սարքուած սիրոյ սեղանները։ Այդ հանդիպումներուն ընթացքին կատարուած նուիրատուութիւններով խնամակալութիւններ կամ թաղականութիւններ կը ջանան իրենց ելմտական պիւտճէի տարեկան բացը հաւասարակշռել։ Յառաջիկայ 30 Յունուար կիրակի օր այս տարուայ վերջինը պիտի կայանայ 2021-2022 տարեշրջանի մատաղի մէկտեղումներուն։
Սիրոյ սեղանին ընդառաջ խմբագրատուն այցելող այս դպրոցի կամաւոր բարերաներ Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլու ամոլը բացատրութիւններ տուին կրթօճախի մասին։ Իրենցմէ լսեցինք թէ տնտեսական ճգնաժամը պատճառ դարձած է որոշ խնայողութիւններու, որոնց կարգին անձնակազմի կրճատումը։ Դպրոցի տարեկան պիւտճէի բացը նախորդ տարի 800 հազար լիրա էր, իսկ այս տարի ան հասած է 1,1 միլիոն լիրայի։ Տիկին Դալար Հորոզօղլու նշեց որ դպրոցի նիւթական բեռը ամբողջութեամբ կը դիմագրաւուի նուիրատուութիւններով։
Այս դպրոցի առաքելութիւնը խիստ իւրայատուկ է, քանի որ դպրոցի բոլոր ուսանողները Հայաստանէն ժամանակաւոր եկած ընտանիքներու զաւակներ են եւ այստեղ կը ստանան ՀՀ Կրթութեան Նախարարութեան ծրագրի համապատասխան ուսում։ Արդարեւ դպրոցի շրջանաւարտները իրենց ուսումը կը շարունակեն Հայաստանի մէջ։ Անոնք նախքան Հայաստանեան կրթական հաստատութիւններ մուտք գործել, կ՚ենթարկուին յատուկ քննութեան եւ յաջողութեամբ կը յանձնեն այդ քննութիւնը։ Այս տարուայ շրջանաւարտներէն Ալվարդ Աւագեան քննութեան ընթացքին արտակարգ յաջողութիւն արձանագրելով արժանացաւ Կարմիր վկայականի։
Սիրոյ սեղանին այս տարի դարձեալ պիտի նախագահէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեան։