Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, ընկերակցութեամբ փոխ ատենապետ Հերման Պալիանի, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ այցելած է նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանը։ 45 վայրկեան տեւած այս այցելութեան մասին պաշտօնական յայտարարութիւն մը չէ կատարուած։
«Ակօս»ի թղթակից Միհրան Մանուկեանի հարցումներուն պատախանելով նշած է թէ նախագահին հետ քննարկուած է համայնքային հաստատութիւններու առկախուած ընտրութիւններու խնդիրը։
Նախորդ տարուայ Նոյեմբեր ամսուն Զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի հարցումներուն պատասխանելով յայտնած էր, թէ ընտրութեան նոր կանոնագիրը պիտի յայտարարուի այս տարուայ Ապրիլ ամսուան մէջ։ Արդարեւ նախագահն ալ հաստատած է այս համոզումը։
Շիրինօղլու նշած է թէ հանդիպման ժամանակ ինք արտայայտած է իւրաքանչիւր փոքրամասնական համայնքին իր պահանջներուն համապատասխան կանոնագրի մը կարօտ ըլլալը։ Նախագահն ալ փոխադարձաբար նշած է թէ այս ուղղութեամբ աշխատութիւնները կը շարունակուին։