Հրանդ Տինք. Արդի Թուրքիոյ Հանրապետութեան Մարթին Լութըր Քինկը

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

«Դժո­­ւար է հայ ըլ­­­լալ Թուրքիոյ մէջ, կամ՝ քիւրտ, կամ՝ ալե­­­ւի, կամ՝ միասե­­­ռական, կամ՝ զի­­­նուո­­­րական ծա­­­ռայու­­­թե­­­­­­­նէ կրօ­­­նական հա­­­մոզումնե­­­րու հա­­­մար հրա­­­ժարող, կամ՝ հրեայ, կամ՝ կին, կամ՝ մէ­­­կը, որ պար­­­զա­­­­­­­պէս հա­­­մաձայն չէ այն ամե­­­նուն հետ, ինչ տե­­­ղի կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայ երկրին մէջ։ Եթէ պա­­­տահի այնպէս, որ դուք թո­­­ւար­­­կո­­­­­­­ւած­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կէն աւե­­­լիին կը հա­­­մապա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նէք, կեանքն ա՛լ աւե­­­լի կը դժո­­­ւարա­­­նայ։ Ցան­­­կը կա­­­րելի է ան­­­վերջ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կել։ Բազ­­­մա­­­­­­­զանու­­­թիւնը խեղ­­­դո­­­­­­­ւած է, խօս­­­քի ազա­­­տու­­­թիւնը՝ վեր­­­ցո­­­­­­­ւած»։

ԷԼԻՖ ՇԱ­­­­ՖԱՔ, թուրք ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կագիր

Միացեալ Նա­­­­հանգնե­­­­րու բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­զանու­­­­թեան, բազ­­­­մամշա­­­­կու­­­­թայնու­­­­թեան, լայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­խոհու­­­­թեան եւ ազա­­­­տական-ժո­­­­ղովրդա­­­­վարա­­­­կան հա­­­­մակար­­­­գի գլխա­­­­ւոր ռահ­­­­վի­­­­­­­­­­­­­­­րանե­­­­րը եղած են անոնք, որոնք նա­­­­խորդ դա­­­­րու 60-ական թո­­­­ւական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն ան­­­­դուլ պայ­­­­քար մղած են ընդդէմ ցե­­­­ղային ու գոյ­­­­նի պատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­նելիու­­­­թեան վրայ հիմ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւած խտրա­­­­կան հա­­­­մակար­­­­գին։

Միացեալ Նա­­­­հանգնե­­­­րը՝ իբ­­­­րեւ պե­­­­տական հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նական ըմբռնողակա­­­­նու­­­­թիւն, որ ծնունդ առաւ ընդդէմ բրի­­­­տանա­­­­կան գա­­­­ղու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­տիրու­­­­թեան ծա­­­­ւալած յե­­­­ղափո­­­­խու­­­­թեան մը շնոր­­­­հիւ, կրցաւ (թէեւ՝ որոշ չա­­­­փով, որով­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տեւ ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յիս կը դի­­­­մագ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ւէ որոշ մար­­­­տահրա­­­­ւէր­­­­ներ) շրջան­­­­ցել ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րայ­­­­նօ­­­­­­­­­­­­­­­րէն հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տուած ցե­­­­ղային ու գոյ­­­­նի պատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­նելիու­­­­թեան վրայ հիմ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւած խտրա­­­­կան օրէնքնե­­­­րը՝ սկսե­­­­լով ստրկու­­­­թեան ջնջու­­­­մէն մին­­­­չեւ սե­­­­ւամորթնե­­­­րուն հա­­­­մար քո­­­­ւէար­­­­կութեան իրա­­­­ւունքի ապա­­­­հուու­­­­մը եւ կեան­­­­քի բո­­­­լոր մար­­­­զե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մէջ ամէն տե­­­­սակի հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նակա­­­­նացած խտրու­­­­թիւննե­­­­րուն ջնջու­­­­մը։

Յա­­­­ռաջի­­­­կայ տա­­­­րի (2023) 29 Հոկ­­­­տեմբե­­­­րը կը զու­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­դիպի Թուրքիոյ Հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թեան հիմ­­­­նադրու­­­­թեան 100-ամեակին։

Ար­­­­դեօք Թուրքիոյ Հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թիւնը պի­­­­տի կա­­­­րենա՞յ (ինչպէս Միացեալ Նա­­­­հանգնե­­­­րը կրցան) վերջ տալ տա­­­­րինե­­­­րու ըն­­­­թացքին (այ­­­­սինքն՝ հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թեան կերտման օրէն ի վեր) Հա­­­­յոց Ցե­­­­ղաս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թեան ժխտման եւ այդ հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թեան հպա­­­­տակ բնիկ (հայ) ժո­­­­ղովուրդին նկատ­­­­մամբ ցե­­­­ղապաշտ ու խտրա­­­­կան քա­­­­ղաքա­­­­կանու­­­­թիւննե­­­­րուն, որոնց պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռով ալ այդ ժո­­­­ղովուրդը են­­­­թարկո­­­­ւեցաւ ցե­­­­ղաս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թեան, կա­­­­լուած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու բռնագ­­­­րաւման, բռնի տե­­­­ղահա­­­­նու­­­­մի եւ թրքաց­­­­ման։

Պե­­­­տու­­­­թիւննե­­­­րու հիմ­­­­նադրու­­­­թեան 100-ամեակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ընդհան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պէս ան­­­­կիւնա­­­­դար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­յին կ՚ըլ­­­­լան անոնց հա­­­­մար։ Ան­­­­կիւնա­­­­դար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­յին կ՚ըլ­­­­լան, որով­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տեւ այդ յո­­­­բելեան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը առիթ կ՚ըն­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­յեն քննար­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­լու պատ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կան սխալ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը եւ փորձ կա­­­­տարե­­­­լու սրբագ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­լու զա­­­­նոնք։

Ար­­­­դեօք թրքա­­­­կան ղե­­­­կավա­­­­րու­­­­թիւնը պի­­­­տի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նա՞յ բա­­­­րոյա­­­­կան յանձնա­­­­ռու­­­­թիւնը, որ ու­­­­նէր Ապ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­համ Լին­­­­քը­­­­­­­­­­­­­­­նը, որ ջնջեց ստրկու­­­­թիւնը 1865-ին, եւ իր կար­­­­գին ճանչնայ Հա­­­­յոց Ցե­­­­ղաս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թիւնը, նե­­­­րում հայ­­­­ցէ թէ՚ Օս­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նեան կայսրու­­­­թեան եւ թէ՚ ալ ներ­­­­կայ հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թեան հա­­­­րիւր տա­­­­րինե­­­­րու ըն­­­­թացքին հե­­­­տեւո­­­­ղակա­­­­նօրէն կի­­­­րար­­­­կո­­­­­­­­­­­­­­­ւող ժխտո­­­­ղական եւ ցե­­­­ղապաշտ քա­­­­ղաքա­­­­կանու­­­­թիւննե­­­­րուն հա­­­­մար։

Ար­­­­դեօք Թուրքիան պի­­­­տի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նա՞յ Լին­­­­տըն Ճոն­­­­սը­­­­­­­­­­­­­­­նի նման պե­­­­տական ղե­­­­կավար, որ 1964-ին ստո­­­­րագ­­­­րեց քա­­­­ղաքա­­­­ցիական իրա­­­­ւունքնե­­­­րու որո­­­­շու­­­­մը, իսկ 1965-ին՝ քո­­­­ւէար­­­­կութեան իրա­­­­ւունքնե­­­­րու որո­­­­շու­­­­մը։ Որո­­­­շումներ, որոնք ազա­­­­տագ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­ցին սե­­­­ւամորթնե­­­­րը աւե­­­­լի քան հա­­­­րիւր տա­­­­րի տե­­­­ւած ցե­­­­ղային զրկանքնե­­­­րէ ու խտրա­­­­կանու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէ։ Պի­­­­տի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նա՞յ ղե­­­­կավար մը, որ իր կար­­­­գին վերջ դնէ հա­­­­յերուն եւ բո­­­­լոր փոք­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մաս­­­­նութիւննե­­­­րուն նկատ­­­­մամբ ատե­­­­լու­­­­թեան ու ամէն տե­­­­սակի ցե­­­­ղապաշտ դրսե­­­­ւորումնե­­­­րուն։

Ար­­­­դեօք Թուրքիան պի­­­­տի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նա՞յ այնպի­­­­սի քա­­­­ղաքա­­­­կան գոր­­­­ծիչներ, ինչպէս՝ Ապ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­համ Լին­­­­քըն, Ճոն Քե­­­­նետի, Լին­­­­տըն Ճոն­­­­սըն եւ Ռո­­­­պըրթ Քե­­­­նետի, որոնք ճիգ թա­­­­փեցին պե­­­­տական հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւննե­­­­րու մի­­­­ջոցով հա­­­­ւասա­­­­րու­­­­թիւն հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տող ու խտրա­­­­կանու­­­­թեան յաղ­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­հար­­­­ման օրէնքներ որ­­­­դեգրե­­­­լու։ Ար­­­­դեօք պի­­­­տի ըլ­­­­լա՞ն թուրք քա­­­­ղաքա­­­­կան գոր­­­­ծիչներ, որոնք իրենց կար­­­­գին որ­­­­դեգրեն Հա­­­­յոց Ցե­­­­ղաս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թիւնը ճանչցող, բռնագ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­ւուած կա­­­­լուած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու հա­­­­տուցման եւ ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին ու կրօ­­­­նական իրա­­­­ւունքնե­­­­րու եւ ազա­­­­տու­­­­թիւննե­­­­րու ապա­­­­հով­­­­ման օրէնքներ։

Ոչ ոք կրնայ ժխտել ըն­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­րային այն պայ­­­­թումը, որ տե­­­­ղի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ Միացեալ Նա­­­­հանգնե­­­­րու մէջ Մար­­­­թին Լու­­­­թըր Քին­­­­կի սպա­­­­նու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն ետք (1968)։ Պայ­­­­թում մը, որ ոտ­­­­քի հա­­­­նեց սպի­­­­տակա­­­­մորթն ու սե­­­­ւամոր­­­­թը հա­­­­ւասա­­­­րապէս՝ յա­­­­նուն հա­­­­ւասա­­­­րու­­­­թեան եւ լայ­­­­նամտու­­­­թեան։

Եւ այ­­­­սօր, Հրանդ Տին­­­­քի սպա­­­­նու­­­­թեան 15-ամեակին, ամէն տա­­­­րի անոր յի­­­­շատա­­­­կին առի­­­­թով տե­­­­ղի ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող քայ­­­­լարշաւ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը եւ ոգե­­­­կոչ­­­­ման ձեռ­­­­նարկնե­­­­րը վկայ են, որ ան թրքա­­­­կան հա­­­­սարա­­­­կական կեան­­­­քին մէջ գրա­­­­ւեց այն տե­­­­ղը, որ ամե­­­­րիկեան հա­­­­սարա­­­­կու­­­­թեան մէջ գրա­­­­ւած էր Մար­­­­թին Լու­­­­թըր Քին­­­­կը։ Տին­­­­քի շու­­­­քին ներ­­­­քեւ կողք-կող­­­­քի քա­­­­լեցին ու կը շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կեն քա­­­­լել հա­­­­յը, թուրքը, քիւրտը եւ ալե­­­­ւին. անոր շու­­­­քին ներ­­­­քեւ ազ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­յին ու կրօ­­­­նական փոք­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մաս­­­­նութիւննե­­­­րը բո­­­­ղոքե­­­­ցին ու կը շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կեն բո­­­­ղոքել՝ յա­­­­նուն հա­­­­ւասա­­­­րու­­­­թեան եւ լայ­­­­նամտու­­­­թեան. անոր ժա­­­­ռան­­­­գութիւ­­­­նը առ­­­­կայ է Թուրքիոյ մէջ զա­­­­նազան առիթ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ըն­­­­թացքին՝ յա­­­­նուն խօս­­­­քի ազա­­­­տու­­­­թեան, ժո­­­­ղովրդա­­­­վարու­­­­թեան, այ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­խոհու­­­­թեան եւ բազ­­­­մամշա­­­­կու­­­­թայնու­­­­թեան կազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­կեր­­­­պո­­­­­­­­­­­­­­­ւած նա­­­­խաձեռ­­­­նութիւննե­­­­րու ըն­­­­թացքին։

Մենք՝ իբ­­­­րեւ Հա­­­­յոց Ցե­­­­ղաս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թեան ըն­­­­թացքին ջար­­­­դո­­­­­­­­­­­­­­­ւած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու եւ տե­­­­ղահա­­­­նուած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ժա­­­­ռան­­­­գորդներ, որոնց մեծ հայ­­­­րերն ու մեծ մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րը ծնունդ առին, ջու­­­­րը խմե­­­­ցին, ցա­­­­նեցին ու հնձե­­­­ցին, իրենց հա­­­­րազատ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը թա­­­­ղեցին ու իրենց արիւ­­­­նը թա­­­­փեցին այդ հո­­­­ղերուն վրայ, թող Հրանդ Տին­­­­քի սպա­­­­նու­­­­թեան 15-ամեակը առիթ ըլ­­­­լայ վե­­­­րահաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տելու սուրբ պայ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նագի­­­­րը մեր մայ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­կան ու պա­­­­պենա­­­­կան հո­­­­ղին հետ՝ Պոլ­­­­սոյ Մար­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­րայի ափե­­­­րէն մին­­­­չեւ Մու­­­­սա Լե­­­­րան Վա­­­­քըֆ գիւ­­­­ղի Մի­­­­ջերկրա­­­­կանի ափե­­­­րը, թի­­­­կունք կանգնե­­­­լու այդ հո­­­­ղերուն վրայ տա­­­­կաւին ապ­­­­րող եւ հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան ար­­­­մատներ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցող մար­­­­դոց մշա­­­­կու­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­յին, կրօ­­­­նական եւ քա­­­­ղաքա­­­­կան պայ­­­­քարնե­­­­րուն։

Թուրքիոյ Հան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թիւնը, որ իր հիմ­­­­նադրու­­­­թեան 100-ամեակի սե­­­­մին է, կը գտնո­­­­ւի ազ­­­­գայնա­­­­մոլա­­­­կան եւ կրօ­­­­նամո­­­­լական աւե­­­­լի ահագ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­ցող շար­­­­ժումնե­­­­րու յոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­տին մէջ՝ Ռե­­­­ճեփ Թա­­­­յիփ Էր­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ղանի գլխա­­­­ւորած Ար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թիւն եւ բար­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ւաճում ու Ազ­­­­գայնա­­­­կան շար­­­­ժում կու­­­­սակցու­­­­թիւննե­­­­րու դա­­­շին­­­քին պատ­­­ճա­­­­­­­ռով, որ եր­­­բեք ջանք չի խնա­­­յեր որ­­­դեգրե­­­լու ցե­­­ղապաշտ, այ­­­լա­­­­­­­մերժ, ծա­­­ւալա­­­պաշտ, շրջա­­­նին մէջ ռազ­­­մա­­­­­­­կան մի­­­ջամ­­­տութեան եւ ծայ­­­րա­­­­­­­յեղա­­­կան խմբա­­ւորումնե­­րու քա­­ջալե­­րու­­մով նա­­խապա­­շար­­ման վրայ հիմ­­նո­­­ւած քա­­ղաքա­­կանու­­թիւններ։ Այ­­սօր այդ եր­­կի­­­րը, որ կլա­­նուած է ցե­­ղապաշ­­տութեամբ, ծա­­ւալա­­պաշ­­տութեամբ եւ ծայ­­րա­­­յեղու­­թեամբ, կա­­րօտ է Հրանդ Տին­­քի լայ­­նա­­­խոհու­­թեան։

Պէտք չէ մոռ­­նալ, որ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու մէջ սե­­ւամորթնե­­րը պի­­տի չշա­­հէին իրենց պայ­­քա­­­րը ու պի­­տի չար­­ձա­­­նագ­­րէին նո­­ւաճումներ, եթէ Մար­­թին Լու­­թըր Քին­­կի սպա­­նու­­թե­­­նէն ետք չշա­­րու­­նա­­­կէին իրենց պայ­­քա­­­րը՝ ցոյ­­ցե­­­րով, դա­­սադուլնե­­րով եւ գոր­­ծա­­­դուլնե­­րով։

Որ­­պէսզի Թուրքիոյ Հան­­րա­­­պետու­­թեան 100-ամեակին այդ երկրին նկատ­­մամբ վե­­րականգնենք մեր ազ­­գա­­­յին պա­­հան­­ջա­­­տիրու­­թիւնը, պէտք է ազ­­գո­­­վին այ­­սօ­­­րուը­­նէ սկսեալ դնենք յի­­շեալ պայ­­քա­­­րի հիմ­­քերն ու ռազ­­մա­­­վարու­­թիւննե­­րը, որ­­պէսզի կա­­րենանք մեր հա­­մեստ մի­­ջոց­­նե­­­րով դառ­­նալ այն ու­­ժը (ինչ որ դար­­ձան Մար­­թին Լու­­թըր Քին­­կը, Ռո­­զա Փարքսը եւ Ճոն Լո­­ւիսը Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու մէջ՝ ստի­­պելով Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու օրէնսդիր մար­­միննե­­րուն որ­­դեգրել սե­­ւամորթնե­­րու իրա­­ւունքնե­­րու ընդլայ­­նումին վե­­րաբե­­րող օրէնսդրու­­թիւններ), որ կրնայ դե­­րակա­­տարու­­թիւն ու­­նե­­­նալ թրքա­­կան ժխտո­­ղակա­­նու­­թեան եւ ցե­­ղապաշտ քա­­ղաքա­­կանու­­թիւննե­­րու խզման եւ շրջանցման աշ­­խա­­­տան­­քին մէջ։

(Աս­պա­րէզ)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ