Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի դէպի Թուրքիա պաշտօնական այցը աննախադէպ երեւոյթ է։ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յատկապէս ալ արարողակարգի բաժինը լուրջ աշխատութիւն կը տանէր՞ որեւէ թերացումի մը առիթ չտալու համար։ Բանակցութիւններ կը տանէին հայկական կողմի հետ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի այցելութիւնը ծրագրելու համար։ Վերջապէս Հայաստանի աւիաուղիներու ինքնաթիռը վայրէջք կատարեց եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին ժամանող բարձրաստիճան հիւրը եւ ինքնաշարժերու շարասիւնը բռնեց բոլորովին անսովոր ուղղութիւն մը եւ ուղուեցաւ Պաղլարպաշըի Հայոց Գերեզմանատունը։ Նախագահ Տէր Պետրոսեան դէպի Իսթանպուլ կատարած իր առաջին այցելութեան որոշած էր այցելել արեւմտահայ բանաստեղծութեան մեծագոյն ներկայացուցիչ Պետրոս Դուրեանի շիրիմի այցելութեամբ։ Անզիւ այդ ուխտը կատարելէ ետք է որ մեկնարկեց պաշտօնական այցելութիւնը եւ կատարուեցաւ Թուրքիոյ արտ. Գործ Նախարարութեան պատրաստած ծրագիրը։
Առաջին անգամ այսպէսով մեծանուն բանաստեղծը թերեւոս ալ պիտի հաշտուէր տրտունջքին պատճառ դարձած դաժան ճակատագիրով։ Այսօր այդ հոգեբանութիւնը անգամ մը եւս մեզի փոխանցողը եղաւ Մարալ Այվազ իր նոր լոյս տեսած «Տրտունջք» տեսահոլովակով։
Այս աշխատութիւնը պարտքի մը հատուցումն է նաեւ մեծանուն բանաստեղծին հանդէպ, որ հազիւ 21 տարեկան հասակին թողեց իր բոլորով երազանքը եւ գրկեց ցուրտ շիրիմը։ Մինչդեռ ան կեանք լեցուն էր եւ պատրաստ էր գրկելու կեանքի բոլոր գեղեցկութիւնները։
«Տրտունջք»ը իբրեւ Նորայր Տեմիրճիի յօրինում նկարահանուեցաւ Սերման Պոզքըրի կողմէ եւ այդ ծրագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին պոլսահայ թատրոնի նորափայլ արժէքներէն Եղիա Աքկիւն եւ երիտասարդ դերասան Անդրանիկ Պաքըրճըօղլու, որ իր կարճ բաժնին մէջ յաջողաբար մարմնաւորեց երիտասարդ բանաստեղծի կերպարը։
Այս պահուն ստեղծուած գործին երաժշտական յատկանիշները քննարկելէ հեռու մնալով կ՚ողջունենք կատարուած գործը, մտայղացումը եւ գոյացած արդիւնքը շնորհաւորելով նախ Նորայր Տեմիրճին եւ Մարալ այվազը ու ապա անոնց կցելով նաեւ ծրագրին մասնակցող եւ սատարող բոլորը։