«Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահուան 15 ամեակն է։ Այսօր 15-րդ անգամ կայացաւ Հրանդի սպանութեան դէմ զանգուածային բողոքի ցոյցը։ Միայն նախորդ տարի՝ 2021-ին էր որ, այդ միջոցառումը կայացած էր առցանց դրութեամբ։
19 Յունուար 2007 խորհրդանշական թուական մը ըլլալով իր տեղը առաւ Թուրքիոյ մօտ անցեալի պատմութեան մէջ։ Այդ թուականէն սկսեալ Թուրքիոյ պաշտօնական պատմութեան տեսութիւնը լրջօրէն ցնցուեցաւ եւ զինաթափ եղաւ։ Զանգուածներ ոճիրի գործուած պահուն իսկ գիտակցած էին թէ այդ մարդասպանութեան ետին գործողը հայատեացութիւնն էր։ Հրանդ շանթարգելի մը նման հայատեացութեան բոլոր նետերը յաջողած էր իր վրայ կեդրոնացնել։ Այլ խօսքով թուրք ազգայանամոլութիւնը հաշիւ պիտի տեսնէր հայու համարձակութեան հետ։ Իսկապէս ալ Հրանդի համարձակութիւնը, քաջութիւնը, խիզախութիւնը արդէն իսկ կ՚ազդարարէին այս հետեւանքը։ Համազգային հայութիւնը հեռուստաէգրանի դիմաց իր ելոյթները լսելով, թէ մեծ գոհացում կ՚ապրէր իրողութեան այսքան յստակ արտայայտուելուն, եւ թէ կը մատնուէր խոր մտահոգութեան նոյնինքն Հրանդի անվտանգութեան համար։
Ինչպէս բոլորս, նոյնիսկ բոլորէս աւելի Հրանդ ինք ալ շատ լաւ գիտէր ապրած երկրի տրամադրութիւնները։ Գիտէր թէ արդարութիւն պահանջելուն, մեծ ոճիրի ամօթը ոճրագործին երեսին զարնելուն հետեւանքները ինչ կրնան ըլլալ։ Ահա հոս է որ հերոսը կը ձեւաւորուի հաւաքականութեան մէջ։ Երբ հասարակ մարդը այս բոլորին դիմաց գիտէ լռելը, գիտէ զգուշանալը, գիտէ խորամանկութեամբ վտանգներէ սպրդիլը եւ այդ բոլորը կ՚արդարացնէ «շրջահայեաց» եզրով, հերոսը բոլոր հաւանականութիւնները դատելով հանդերձ անվարան, աննկուն եւ անզիջող կը շարունակէ իր ուղին։
Այսօր երբ 15-րդ անգամ կը մէկտեղուինք իր ինկած մայթին վրայ «Ակօս»ի նախկին խմբագրութեան շէնքին առջեւ, պիտի յիշենք նաեւ բոլոր այն ազնիւ հոգիները,որոնք ի գին բոլոր դժուարութեան յամառօրէն հոն կ՚ըլլային եւ այսօր այլեւս բացակայ են։
Այս պահուն յատկապէս կը յիշեմ վիպագիր Վետաթ Թիւրքալին, որ այդ զանգուածի առաջնագծին կը գտնուէր 90-ը անց տարիքով՞ անիւաւոր աթոռին վրայ։ Երբ կու գար յոտնկայս լռութեան պահը, շուրջիններու ջանքերը ի զուր կը մնային եւ ան ոտքի կը կանգնէր ձախ բռունցքը վեր բարձրացնելով։ Այդպէս կ՚ողջունէր Հրանդին հերոսական վարքը։ Այսօր ան ալ դարձած է յաւերժութեան ճամբորդ եւ կը բացակայի այս հաւաքէն։
Իսկ անդին դարձեալ հազարաւորներ ենք, որ երկրի այս սեւ ամպերով ծածկուած օրերուն մէկտեղուած ենք յանուն Հրանդին ալ հաւատացած վսեմ գաղափարներուն։
Մենք ենք որ պիտի կերտենք ապագան։ Պիտի կերտենք, քանի որ պարտական ենք յաջորդ սերունդներուն դիմաց։ Պիտի արդարացնենք մեր այսօրուայ գոյութիւնը։ Պիտի դատապարտենք չարը եւ բարձրացնենք ազնիւի, բարիի, լուսաւորի յոյսն ու հաւատքը խորհրդանշող դրօշակը։
Յանուն մարդկութեան, յանուն արդարութեան եւ յանուն հայ ինքնութեան, հայ պատկանելութեան պարտական ենք Հրանդին եւ 19 Յունուարին «Ակօս»ի խմբագրատան առջեւ ներկայ գտնուիլը, այդ պարտքի հատուցման թերեւս ամենաչնչին, բայց իմաստալից միջոցն է։
pakrates@yahoo.com