ՍԸՐՐԸ ՍԻՒՐԷՅՅԱ ԷՕՆՏԷՐ
Երբ սկսայ Իւմիտ Քըվանչի «Յիշողութիւնը Անբաւարար» վաւերագրական ժապաւէնը, իսկոյն մտքիս մէջ սկսաւ թեւածել Աշուղ Սէյրանիի այս տողերը։ Վարպետի ձեռքէ ելած գործ մըն է, որ կը դիտեմ։ Ինձ նման բոլոր դիտողները հետաքրքրական փորձառութեան մը տանող ֆիլմ մըն է եղածը։ Կը շնորհաւորեմ Քըվանչը։ Կեանքը սպանութեամբ աւարտած հերոսն մըն է, որ կը դիտենք պաստառին վրայ։ Իր աւարտին երկարող ճանապարհին վրայ, բերնէն ելած իւրաքանչիւր խօսք իրեն ուղղուելիք փամփուշտները մի առ մի ատրճանակի փողին շարող վտանգներ կը պարունակեն։
Եթէ փորձենք այդ կեանքը ամփոփել «Ժայռին հունտ տնկել փորձեր է» կրնանք ըսել։ Ֆիլմը դիտելու ընթացքին մեր տարուած մտածումներուն նմանները կարելի է գտնել համացանցի «Էքշի Սէօզլիւք» բառարանի վրայ Հրանդ Տինք խորագիրը բանալով։ Առաջին գրառումը 2002-ին կատարուեր է։ Աւելի վերջ այդ գրառումներու թիւը կը գերազանցեն 2 հազար 200-ը։ Մօտաւորապէս չորս էջերու վրայ 40 մուտքագրում կատարուելէն վերջ, տեղի ունեցաւ ոճիրը։ Այդ թուականէն ետք գրուածները ընդհանրապէս այս սպանութեան դէմ առարկող, ընդվզող, ցասում յայտնող շարադրութիւններ են։ Եկուր տես որ մինչեւ մահափորձ կատարուած գրառումները նաեւ կը պարզեն թէ ան ինչո՞ւ համար թիրախ դարձած էր։
Այս հարցումը անշուշտ որ բազմաթիւ պատասխաններ ունի, բայց կարծեմ ամենայստակը վրան հսկայ ծանրութիւններով ծածկել փորձած ապերախտութիւնը բացայայտել է։
Զգո՛յշ, «ցեղասպանութիւն», «անչատողականութիւն», «թրքութիւնը նախատել» կամ նման մեղադրանքներ չեն իր սպանութեան դրդապատճառները։ Հրանդ արդէն գիտէր թէ այդ կոտտացող վէրքը այս ու նման եզրերով քննարկելը անկարելի է։ Համակարգը այս բառամթերքին դէմ բաւականին զինուած էր արդէն։ Այո՛ համակարգը կը նախընտրէր բանավէճը միայն ու միայն այդ սահմանումներով խօսիլ։
Մինչդեռ ապերախտութիւնը այդ համակարգի հիմնական ուժանիւթն էր։ Եթէ այս յատկութիւնը անգամ մը հրապարակենք քայլ մը անգամ նետելու կարողութիւն պիտի չ՚ունենար։
Հրանդ այդ ծանր ժայռին տակ քօղարկուած իրողութիւնը գիտէր որ ձեռքով-ոտքով, պայթուցիկներով, դինամիտով չէր կրնար յայտնաբերել։ Անոր համար փորձեց ժայռին վրայ հունտ տնկել։ Գիտէր որ այդ հունտը իր ճեղքը գտած ջուրի նման դէպի խոր պիտի իջնէր ու հասնէր դէպի քօղարկուած տարածքին։ Թէեւ դժուար էր, բայց միակ ճարը։
Չստացուեց…։
Կը ծնինք, կ՚աճինք ու կը մահանանք։ Ծանօթ շարք մըն է այս եւ այդ շարքը իմաստաւորող միակ մէկ նպատակ կա՛յ յետին լաւ յիշատակ մը թողուլ։
Բարի մարդիկ իրենց յետին բարի յիշատակներ կը թողուն։ Այդ յիշատակները այնքան ազնիւ են, որ տիեզերքի կեղեւը կը համարուին։ Դիւրաբեկ են, նոյնիսկ կրնան փշրուիլ, երբ ողբացեալին յիշատակին կ՚ըսենք։ Զգոյշ ըլլալու ենք իրենց դիմաց։ Արդարօրէն գնահատելու ենք, վասն զի անոնք բարձրացնելով բարձրացողներ են։
Քանի կը բարձրանան իրենց ձայները, ականջներնէս սիրտերնուս կը թափանցէ։ Մեր զգացումները, խորհուրդները այդ ձայնին հետ կը ձուլուին եւ սրտի տրոփիւնով ձեւ կը ստանան։
Հրանդին սրտէն եկող ձայնին մէջ կար այս բոլորը։ Հիմա մեզ մէկտեղողը Հրանդին ձայնն է։ Այդ ձայնի իւրաքանչիւր ելեւէջ խիղճը, արդարութիւնը եւ հաւասարութիւնը կը պատմէ։ Կարծես սա անկիւնէն պիտի վերադառնայ եւ ականջներնուս փսփսայ. «Երբ ես երթամ իմ չգոյութեան կսկիծով պիտի տառապիք»։
Մեծագոյն վիշտն է մէկու մը բացակայութեան ցաւիլը։ Կը քալենք, կը խօսինք, կը խնդանք, բայց կարծես թէ քալելու պահուն ոտքերնիս մարմիններնուս կը մխրճուի, կը խօսինք բայց բառերը պակաս են։ Կը խնդանք, բայց կարծես կոտրած ատամ մը ունինք բերնին մէջ։ Թերի ենք։
Մինչ այդ պէտք է բնութագրեմ նաեւ «մենք»ը։ Մենք այս հողերու վրայ կորցրածներնուս մնացորդացն ենք։ Կ՚ուզէք «փառաւոր» որակացէք, կ՚ուզէք «ցամքած»։ Պատմութեան ընթացքին ուժը ուժով, շահը շահով գոյութիւն ունեցած է։ Անոնք երկու բառեր տուած են մեզի՝ վրէժ եւ ազատութիւն։ Որմէ՞, վրէժ լուծեցինք։ Ազատութիւնը ո՞վ շնորհեց։ Երբ կը խորհինք ծանր լռութեան մէջ, պատասխանը սարսափելի է։ Ցամքած ենք, գացողներուն, մնացածներուն պատճառած մեծ բացակայութեան հետեւանքով։
Գիրքը կ՚անհետանայ։ Խորհրդանշանները, տեսլականը նոյնպէս։ Միայն ձայնը կը մնայ։ Հրանդին ձայնը 15 տարի է, որ կը հնչէ մեր ականջներուն մէջ։ Եւս 15 տարի պիտի շարունակէ հնչել։ Այդ ձայնի ուժգնութիւնը պիտի չպակսի, քանի որ ան կը հնչէ մարդուն գտնուած ամէն տեղ։
Հրանդի ձայնը կշռոյթ մը ունէր, համերաշխ կշռոյթ մը բնութեան նման։ Բնութեան մէջ ոչ մէկ բան զինք կը պարտադրէ։ Ամէն ինչ սրտի աչքին տեսլադաշտին է։ Ոչ մէկուն վերէն կը նայի, ոչ մէկուն խօսքը չի կշռեր։ Չ՚արհամարհեր, չի յաւակնիր։ Անբարտաւանութեան թեւերով չի բարձրանար կամ ցած չի սուզուիր։
Ոչ ոք չ՚ուզէր այս կշռոյթը։ Ոչ ոք չ՚առերեսուիր «այլ»ի հետ։
Այդ պատճառաւ մարդիկ քանակով գծուած ուղիղներու կը նմանին։ Թեւերնին զուրկ է աշխարհը գրկելէ, մարմիննին ծանրացած հագածներնէն, խիղճը անգամ բարիք մը ըլլալով կը մատուցեն։
Ինքզինք բարձունքները կը տեսնայ, բայց ձորի եզրի գլխապտոյտը չի գիտեր։ Ձորի մէջ ծաղկած ծաղիկէն անտեղեակ է, բուրմունքը չի լսեր։
Խորհուրդը բնոյթեան պարգեւն է։ Մտածող մարդը իր եսէն դուրս կու գայ եւ ուրիշին մէջ կը մտնէ, զայն կը զգայ, զայն կ՚ապրի կը կիսէ անոր կսկիծը եւ այս ալ յանցանք կը համարուի, պատժի արժանի յանցանք։
Հրանդ իր կեանքի օրով ընդմիշտ այդ կշռոյթին հրաւիրեց։ Այդ կշռոյթը որոնողները աւելի մեծ սիրտ ունին եւ արդարութիւնը այդ սրտին դիմաց մեր փորձած ամօթն է պարզապէս։