Յօդուածաշարքի այս շաբաթուայ մասնակիցն է լրագրող Թաթուլ Յակոբեան, որ ծանօթ է անգլերէնով հրատարակուած «Հայերը ու Թուրքերը» եւ «Արցախեան Օրագրութիւն, Կանանչ ու Սեւ» գիրքերու հեղինակ։
ԱՐԻՍ ՆԱԼՃԸ
Ա.Ն.- 44 օրեայ պատերազմը աւարտեցաւ Հայաստանի պարտութիւնով, որու հետեւանքով խանգարուեցան հաւասարակշռութիւնները։ Իսկ ի՞նչ փոխուած է Հայաստան- Թուրքիա յարաբերութիւններու առումով։
Նոր դրութիւն մը պարզուեցաւ, որուն հետեւանքով Թուրքիոյ յարատեւօրէն առաջադրած նախապայմաններէն առնուազն մէկը վերացաւ։ Ինչեր էին Թուրքիոյ պարտադրած այդ երեք նախապայմանները։ Առաջինը Արցախեան խնդրի մէջ իրավիճակի Ատրպէյճանին համար գոհացուցիչ կերպով փոփոխութիւնը։ Երկրորդը Թուրքիոյ սահմաններուն Հայաստանի կողմէ պաշտօնապէս ճանաչումը։ Այլ խօսքով 1921-ին Խորհրդային Միութեան հետ կնքուած Ղարսի պայմանագրին ՀՀ կողմէ վաւերացումը։ Իսկ երրորդն է Հայաստանի հայկական սփիւռքին հետ գործակցելով ծաւալած ցեղասպանութեան համաշխարհային ճանաչման ուղղեալ արշաւին կասեցումը։
Սոյն նախապայմաններէն առաջինը վերացաւ, քանի որ հայեր ծանր պարտութիւն կրեցին եւ Թուրքիա հիմա կրնայ մեկնարկել յարաբերութիւններու հաստատման կամ սահմաններու բացման գործընթացները։
Սակայն ես համոզուած եմ որ Թուրքիա պիտի շարունակէ նախապայմաններ առաջադրել։
Բանագնացներու առաջին հանդիպումը կայացաւ առանց նախապայմաններու։ Այս հանգրուանին նախապայմաններ առաջադրելով խափանած կ՚ըլլայ Հայաստանի բանակցութեան սեղան նստելուն։ Թուրքիա այս պահուն կ՚ուզէ Հայաստանը ներքաշել բանակցութեան։ Թէ ինչո՞ւ՝ այդ զատ խնդիր է։ Ես վստահ եմ որ Թուրքիա Հայաստանը գործընթացին մասնակից դարձնելով պիտի ուզէ առաւելագոյնը ձեռքբերել։
Թուրքիա տկար Հայաստան
մը կը ցանկայ
Ա.Ն.- Ինչե՞ր են Թուրքիոյ Հայաստանէն ակնկալութիւնները։ Որքանո՞վ իրաւացի է «Թուրան»ի երազանքը։
Յստակ է որ Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատել կ՚ուզէ, բայց ո՞ր Հայաստանի հետ։ Տկարացած Հայաստանի հետ, Ղարսի պայմանագիրը ընդունած Հայաստանի հետ։ Մնաց որ այդ պայմանագիրը զարտուղի եղանակներով, օրինակի համար ցուրխեան արձանագրութիւններու ժամանակ արդէն հաստատուած էր։
Թուրքիա այժմ պիտի փորձէ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդրին մէջ Հայաստանը եւ սփիւռքը հակադրել։ Կը կարծեմ թէ պահը պիտի գայ որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան համոզուին թէ Հայաստան պիտի չ՚արտօնէ Զանգեզուրի միջանցքի պահանջին։ Բայց պիտի շարունակեն այդ պահանջը օրակարգի վրայ պահելու, առաւել ձեռքբերումներ ապահովելու համար։ Թուրքիա պիտի շարունակէ իր նախապայմաններով օժտուած դիւանագիտութեան։ Պիտի փորձէ վերադառնալ 1991-ի պայմաններուն։ Այդ ժամանակ Արցախեան խնդիր մը գոյութիւն չ՚ունէր։ Պատերազմը չէր ծագած։ Հայաստանի զինուորները Արցախի Ինքնավար Մարզի սահմաններուն էին, այլ ոչ թէ սահմաններէն ներս։ Այսօր նոր նախապայմաններ պիտի առաջադրէ։ Այդ պատճառաւ է որ Հայաստան բանակցութիւնները կ՚ուզէ պահել Հայաստան- Թուրքիա ձեւաչափի մէջ, փոխարէն հայ- թրքականի։ Կը խուսափի համայն հայութեան անունով բանակցելէ։ Չ՚ուզէր ցեղասպանութեան նիւթը Թուրքիոյ հետ բանակցիլ։ Կը նախընտրէ ապագայի ծրագիրներու մասին խօսիլ։
Հայաստան կը խուսափի պատմական տարակարծութիւններուն այս գործընթացի մէջ քննարկումէն
Ա.Ն.- Հայաստան ինչո՞ւ կը դժկամի ներկայ սահմանները վերահաստատելու։
Հայաստան իբրեւ պետութիւն առաջին անգամ 1918 թուին պաշտօնական յարաբերութիւն ունեցաւ Թուրքիոյ հետ։ Այդ շրջանին Երեւան սահմանամերձ քաղաք էր, սահմանագծին 7 քմ. Հեռաւորութեամբ։ 1920-ին Հայաստան Թուրքիոյ հետ այս անգամ Ալեքսանտրապոլի, այժմու Կիւմրիի մէջ պայմանագիր մը եւս կնքեց, ուր գոյացաւ ներկայ սահմանագիծը։ 1921-ին Ղարսի մէջ կնքուած համաձայնութեան ստորագրող կողմերն են Թուրքիա եւ Թրանսկովկասեան դաշինքը։ Սահմանները գերզգայուն նիւթ մըն է Հայաստանի համար։ Իշխանութիւնը դաւաճանութեան մեղադրանքով կրնայ հալածուիլ սփիւռքին կողմէ։ Մինչ այդ նշեմ թէ այս սահմաններո ճանաչումը մերժող քաղաքական ուժը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է, որ անցեալին ինք ստորագրած էր այդ պայմանագիրը։
Ա.Ն.- Թուրքիա այս իրավիճակը տեսնելով արդեօք աւելի ծանր գործընթա՞ց մը պիտի պարտադրէ Հայաստանին։
Պէտք է տեսնել թէ այս գործընթացին Ռուսիա որքանով միջամուխ պիտի ըլլայ։ Որովհետեւ Հայաստան ինք պահանջած էր Ռուսիոյ Դաշնութեան միջնորդութիւնը։ Կան այլ գործօններ ես։ Արդեօք Էրտողան արեւմուտքի դէմ հայ- թրքական յարաբերութիւնները շահագործե՞լ կ՚ուզէ։
Պէտք չէ խրտչիլ բաց սահմաններէն
Ա.Ն.- Թէ Թուրքիայէն եւ թէ սփիւռքի ժողովրդավարական շրջանակներէն ու Կարօ Փայլանէն լսած ենք աւելի պարզամիտ ըլլալու թելադրանքները։ Երկու պետութիւններն ալ կրնան շահագործել գործընթացը։ Հայաստան ինչպէ՞ս կրնայ օգտուիլ այս ընթացքէն։
Պէտք չէ խրտչիլ բաց սահմաններէն։ Բայց ապագայի համար կարգ մը անպատեհութիւններ ալ կը տեսնեմ։ Հայաստանի պետականութիւնը կրնայ դիմագրաւել այդ անպատեհութիւնները։
Ճիշդ է որ Թուրքիա հզօր երկիր է։ Սահմանները փակ ըլլալով հանդերձ իր ապրանքներով կրնայ ողողել Հայաստանի շուկան։ Բայց այս իրողութիւնը պէտք չէ մեզ յուսալքէ։ Անուռանալի իրողութիւն է նաեւ թէ Թուրքիա հարեւան երկիր է եւ այդպէս ալ կը մնայ։
Թուրքիա- Հայաստան յարաբերութիւններու առումով յոգնելու, փախչելու կամ յուսահատուելու իրաւունք չ՚ունինք։ Ըստ ինձ յետ պատերազմեան տրամադրութիւնը վերացուց նաեւ խաղաղ կեանքի մը հաւատքը։ Մինչդեռ այդ ծանր կորուստներէ ետք պարտաւոր ենք խաղաղ ապրելու։ Մենք յաղթանակի տրամադրութիւնով 30 տարի դիմադրեցինք շրջափակման։ Այժմ պատերազմի սպառնալիքի ներքոյ դարձեալ 30 տարի կը շարունակենք շրջափակման դիմադրել, բայց այս անգամ պարտուածութեան հոգեբանութիւնով, ինչ որ շատ ծանր է։
Չեմ գիտեր թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ի՞նչ կը մտածէ, բայց կը փորձեմ իրավիճակը վերլուծելով հասկնալ, թէ ինչու կը դիմէ այս քայլերուն։ Ըստ իս Հայաստան սպառած է փակ սահմաններով ապրելու լծակները։ Այդ պատճառաւ ալ իշխանութիւնը կը դիմէ խաղաղութեան պայմաններ ստեղծելու քայլերուն։ Ի վերջոյ Հայաստան չի կրնար ընդմիշտ պատերազմի սպառնալիքով ապրիլ։ Մանաւանդ երբ հարեւան երկիրը Թուրքիան է։ Եթէ խնդիրը միայն Ատրպէյճան ըլլար, թերեւս։ Բայց 10 միլիոնանոց Ատրպէյճանի կողքին 80 միլիոնանոց Թուրքիոյ սպառնալիքով յարատեւելը անկարելի է։
Պէտք է զանազանել հայ- թրքական եւ Հայաստան- Թուրքիա յարաբերութիւնները
Ա.Ն.- Իսկ Թուրքիա ի՞նչ ակնկալութիւն ունի ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ջանքերը կասեցնելու համար։
Հայաստանի ոչ մէկ իշխանութիւն կրնայ ժխտել կամ ուռանալ հայոց ցեղասպանութիւնը։ Այդ պատճառաւ ալ գործող կառավարութիւնը խնդիրը կը զանազանէ հայ- թրքական եւ Հայաստան- Թուրքիա ձեւաչափերով։ Այսպէսով կը կանխէ ցեղասպանութեան մասին բանավէճի առիթ ընծայելէ։ Այս մասին բաւական գործնական է Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մերձեցումը։
Ա.Ն.- Ի՞նչ էր այդ
Հայաստան 1915-ի եւ յաջորդող տարիներու դէպքերը կը բնութագրէ ցեղասպանութիւն եզրով։ Կը մերժէ այս մասին բանավէճի մը մասնակցիլ։ Այսինքն Հայաստան եւ Թուրքիա 1915-ի վերաբերեալ հակադրուած կարծիքներ ունին, սակայն այս արգելք մը չէ երկու երկիրներու միջեւ բաց սահմաններ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու համար։
Փորձով գիտենք թէ հայ-թուրք պատմաբաններու բանակցութիւնը հասարակաց եզր մը գտնելու պիտի չծառայէ։ Այդ պատճառաւ ալ պէտք է զանազանել հայ-թուրք յարաբերութիւնները Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններէն։
Ա.Ն.- Կարծես թէ բաւական դժուար գործընթացք մը կայ մեր դիմաց։ Վերջերս թռիչքներու վերսկսիլը օրակարգի նիւթ է, բայց գիտենք որ այդ թռիչքները այս գործընթացէն անկախ էին։ Արդեօք գործընթացքը կը շահարկուի՞։ Ատրպէյճան ի՞նչ դիրք կը բռնէ այս բոլորին դիմաց։
Ճիշդ է յարաբերութիւններու բնականոնացման մէջ շահարկուած նիւթ մըն է այս։ Երկկողմ թռիչքները 1996-ին ալ գոյութիւն ունէին։ Անշուշտ որ դրական զարգացում մըն է, բայց պէտք չէ այդ զարգացումը ներկայ գործընթացին վերագրել։
Գալով Ատրպէյճանի մերձեցումին, եթէ Թուրքիա Ատրպէյճանի այս գործընթացի հանդէպ դժկամութիւնը պատրուակելով խափանել փորձէ, այդ կը նշանակէ որ դժկամողը Թուրքիան է, այլ ոչ թէ Ատրպէյճան։
Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու մէջ քաղաքական խաղաքարտները նշանակութիւն չունին, որովհետեւ այդ քարտերը արդէն բաց են երկու կողմերու ձեռքերուն մէջ։ Հայաստան գիտէ թէ Թուրքիան ինչ կ՚ուզէ եւ Թուրքիա ալ շատ լաւ գիտէ թէ Հայաստանի ակնկալութիւնները ինչեր են։ Եթէ այս պայմաններու տակ ալ սահմանը պիտի շարաունաէ փակ մնալ եւ պիտի գերակշռէ թշնամութեան քարոզչութիւնը, սա միայն մէկ նշանակութիւն ունի՝ Թուրքիա չ՚ուզէր Հայաստանի հետ յարաբերութիւն ունենալ։
Ա.Ն.- Իսկ արդեօք հաւանակա՞ն է որ Ատրպէյճան ու Հայաստան աւելի շուտ կառուցեն իրենց միջեւ անգոյ յարաբերութիւնները։
Այս ալ այնընտրանք մըն է։ Հայաստանի մէջ կը չափազանցուի Թուրքիոյ Կովկասներու մէջ ստանձնած դերակատարութիւնը։ Ճիշդ է որ պատերազմէն ետք Թուրքիա Կովկասներու մէջ եւ յատկապէս ալ Ատրպէյճանէ ներս ծաւալած է իր գոյութիւնը։ Սակայն չենք կրնար անտեսել, այն իրողութիւնը թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու տիրականը Ռուսիոյ Դաշնութիւնն է։ Ահագին նիւթեր իրմէ կախեալ է։ Սա ալ հաւանական է, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանգիտական յարաբերութիւններ հաստատուելով հանդերձ սահմանը կը շարունակէ փակ մնալ։
Ներկայ բոլոր սպառնալիքներով հանդերձ ես համոզուած եմ որ բաց սահմանները աւելի նպաստաւոր են Հայաստանի համար։ Սահմանները միայն տնտեսական կամ դիւանագիտական յարաբերութիւն չեն նշանակեր։ Անոնք նաեւ երաշխիքն են ազգային անվտանգութեան։
Հայաստան կրնայ չգոհացնել Թուրքիոյ պարտադրած պայմանները եւ սահմանը կը շարունակէ փակ մնալ։ Բայց անոր փոխարէն կրնայ զարգանալ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները։ Կրնայ գործել Երեւան-Պաքու ճանապարհը։ Այսպէսով Հայաստան բացի Վրաստանէն Ատրպէյճանի ճանապարհով ալ կրնայ հասնիլ Ռուսիոյ։ Այս հանգրուանին ռուսական քաղաքականութիւնն ալ իր նախապատուութիւնները ունի։ Ան կ՚ուզէ Հայաստանին Վրաստանին ենթարկուածութիւնը նուազեցնել։ Այսօր Հայաստանի արտածման կարեւոր մէկ մասը Պաթումի նաւահանգիստէն կը կայանայ։ Ատրպէյճանի հետ հաստատուելիք յարաբերութիւնը այդ ճամբուն համար ալ նոր մտահոգութիւններու տեղի կու տայ։ Վրաստան արդէն այս մասին իր մտահոգութիւնները պարզող յայտարարութիւններ կ՚ըն