Ւնչպէս նախորդ թիւով ալ անդրադարձած էինք «Ակօս»ի Հիմնադիր Հրանդ Տինք մահուան 15 ամեակին առթիւ 19 Յունուար չորեքշաբթի օր ժամը 15.00-ին կը յիշատակուի իր ինկած վայրը՝ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան առջեւ։
Նախորդ բոլոր տարիներու նման այս տարի ալ յիշատակումը պիտի սկսի ժամը 15.00-ին Հրանդին ինկած մայթին վրայ։ Այս մասին կոչ հրապարակած է Հրանդի Ընկերները Հարթակը, ուր յատուկ կը զգուշացուի դիմակի անհրաժեշտութիւնը եւ հեռաւորութեան ուշադրութիւնը։
Բացի պաշտօնական յիշատակումէն, զանազան նախաձեռնութիւններ տարբեր բնոյթի յիշատակումներով կը մասնակցին այս ոգեկոչումին։ Անոնցմէ մէկն է «ՏուրՏէ» հարթակը, որ 15 Յունուար շաբաթ օր ժամը 16.00-ին կը կազմակերպէ ասուլիս մը, որուն մասնակիցներն են Էլիֆ Աքկիւլ, էմինէ Ուչաք Էրտողան, Կարօ Փայլան, Հետայեթ Շեֆքաթլի Թուրքսալ, Հիւլեա Տեւեճի, Օզան Թեքին եւ Թաներ Աքչամ։
«Նոր Զարթօնք» հարթակն ալ 23 Յունուար կիրակի ժամը 21.00-ին կը կազմակերպէ վիտէօ քոնֆերանս մը, որուն ատենախօսներն են Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճը եւ Ճանան Ճոշկուն։
Նոյնպէս Գերմանիա Պերլինի մէջ ալ «Աքապէ» միութիւնը յիշատակման առթիւ պիտի ցուցադրէ Իւմիթ Քըվանչի «Յիշողութիւնը Անբաւարար» անուն ֆիլմը, որու աւարտին ելոյթ պիտի ունենայ «Ակօս»ի աշխատակից Բագրատ Էսդուգեան։