Թրքերէն լեզուի մեծագոյն բանաստեղծ Նազըմ Հիքմեթ կը յիշատակուի ծննդեան 120 ամեակին առթիւ։ Շիշլիի քաղաքապետարանը մեծ բանաստեղծի յիշատակը պանծացնելու համար Նազըմ Հիքմեթ Մշակոյթի եւ Արուեստի Հտմնադրամին հետ համագործակցելով ձեռնարկած է երկօրեայ միջոցառումներ։ Այսպէս 15 Յունուար շաբաթ օր ժամը 20.00-ին, Շիշլիի Ճեմիլ Ճանտաշ Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ կը բեմադրուի Հիքմեթի «Երկրէս Մարդու Կերպարներ» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը։ Յաջորդ 16 Յունուար կիրակի օր ալ ժամը 19.00-ին նախ կը ցուցադրուի Նազըմ Հիքմեթ Հիմնադրամի 30-ամեայ գործունէութիւնը նիւթ ունեցող վաւերագրական ժապաւէնը։
Ֆիլմի ցուցադրութեան կը յաջորդէ հանրածանօթ երգչուհի Սերենատ Պաղճանի համերգը։